Ռուսիոյ դէմ Եւրոմիութեան պատժամիջոցներու սեւ ցուցակին մէջ ընդգրկուած է 2500-էն աւելի իրաւաբանական եւ ֆիզիքական անձ

Ռուսիոյ դէմ Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցները դարձած են մրցանիշային միաւորման պատմութեան մէջ։ Ռուսիոյ առնչուող սեւ ցուցակին մէջ արդէն ընդգրկուած է 2500-էն աւելի իրաւաբանական եւ ֆիզիքական անձ։ Պատժամիջոցներու ցանկին մէջ են ինչպէս Ռուսիոյ, այնպէս ալ Պելառուսիոյ, Չինաստանի, Հիւսիսային Քորէայի, Հնդկաստանի, Իրանի, Ատրպէյճանի, արաբական, ասիական ու ափրիկեան շարք մը երկիրներու քաղաքացիներ եւ ընկերութիւններ։

Արդէն ուժի մէջ մտած է նաեւ Ռուսիոյ դէմ ԵՄ պատժամիջոցներու 18-րդ փաթեթը,  որուն թիրախն է Ռուսիոյ նաւթային եւ ուժանիւթային արդիւնաբերութիւնը եւ ֆինանսական ոլորտը։

Սահմանափակումներու նոր փաթեթի համաձայն՝ ռուսական նաւթի գինի վերին շեմը կ՚որոշէ Եւրոպական յանձնաժողովը։ Այն կախեալ պիտի ըլլայ Ռուսիոյ նաւթի միջին շուկայական արժէքէն, որմէ պիտի հանուի 15 տոկոս։ Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ նոր պատժամիջոցներու ծիրէն ներս Պրիւքսել որոշած է ռուսական նաւթի գինի վերին շեմը մէկ տակառի դիմաց 60 տոլարէն նուազեցնել մինչեւ 47,6 տոլար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ