Դիմադրութեան միջոց որպէս Նախայուլիսեան փառատօնը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Թեր­թիս նա­խորդ թի­ւով հա­մառօտ անդրա­դար­ձած էինք Ան­տիոքի Սիւ­վէյտիէ գա­ւառի աւան­դա­կան Նա­խայու­լիս փա­ռատօ­նին։ Իրա­կանու­թեան մէջ պատ­մա­կան շրջան­նե­րէն շա­րու­նա­կուող աւան­դութեան հա­մաձայն Յու­լիս ամ­սո­ւայ առա­ջին օրը յա­տուկ նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցած է տե­ղացի ժո­ղովուրդին հա­մար։ Այժմ գոր­ծա­ծուած տո­մարով Յու­լի­սի 14-րդ օրը, հին տո­մարի հա­մաձայն կը թո­ւար­կո­ւէր իբ­րեւ 1 Յու­լիս։

Այս տօ­նակա­տարու­թեան նշա­նակու­թիւնը ըն­կա­լելու հա­մար պայ­ման է որոշ չա­փով թա­փան­ցել Ան­տիոքի եւ շրջա­կայ­քի ազ­գագրա­կան ան­ցեալին։ Այ­սօ­րուայ ներ­կայ ճղճիմ ըն­կա­լումներ հա­զիւ թէ կը նշմա­րեն այս տա­րածաշրջա­նի բազ­մազգի եւ բազ­մակրօն յատ­կութիւ­նը։ Հետզհե­տէ եզա­կի դար­ձած յատ­կութիւն մըն է այս, որ յա­ճախ կը ներ­կա­յացուի բազ­մա­զանու­թեան հա­մերաշխ կեն­ցա­ղի օրի­նակ։

Միւս կող­մէ այս օրի­նակը բա­ցասա­կան պատ­կեր մըն է ազ­գա­յին պե­տու­թեան ջա­տագով­նե­րուն հա­մար։ Անոնք միշտ գե­րադա­սած են միատարր հա­սարա­կու­թիւն մը, թուրք պի­տակին ներ­քեւ։ Որ­քան ալ փա­ռաբա­նեն բազ­մա­զանու­թիւն, յա­ճախ կը տա­րուին երե­ւոյ­թը թուրքի հան­դուրժո­ղակա­նու­թիւնով բա­ցատ­րե­լու։ Այս հա­մոզու­մի հա­մաձայն բազ­մա­զանու­թիւնը ոչ թէ պատ­մա­կան իրա­կանու­թիւն, այլ շնոր­հո­ւած բա­րիք մըն է կար­ծես։ Տե­ղացի ժո­ղովուրդը ի սկզբա­նէ չէ հաշ­տո­ւած այս խօ­սոյ­թին եւ իր բո­լոր մի­ջոց­նե­րով կը փոր­ձէ դի­մադ­րել պե­տու­թեան էթ­նի­կական ճար­տա­րագի­տու­թեան փորձերուն։

Նիւ­թը այս ան­գամ ալ հրա­տապ էր՝ քա­նի որ երկրա­շար­ժի աղէ­տէն ետք օրա­կար­գի եկած քա­ղաքա­շինու­թեան ծրա­գիրե­րը կը սպառ­նան տար­բեր բնա­կավայ­րե­րու դի­մագի­ծը փո­խելու։ Բազ­մա­թիւ գիւ­ղեր եւ անոնց կար­գին հա­յաբ­նակ Վաքթֆգիւ­ղը կորսնցու­ցած են իրենց գիւղ կո­չու­մը եւ վե­րածո­ւած են թա­ղի։ Այս դրու­թեան մէջ այդ վայ­րե­րէ ներս կա­ռու­ցո­ւելիք շի­նու­թիւննե­րու որո­շումնե­րը եւ ար­տօ­նու­թիւննե­րը փո­խան­ցո­ւած են մեծ քա­ղաքի քա­ղաքա­պետա­րանին։ Այսպէս կա­րելի է յա­ճախ հան­դի­պիլ բազ­մա­յարկ շէն­քե­րու, որոնք եկած են գիւ­ղի աւան­դա­կան կա­ռոյ­ցը եւ ազ­գաբնակ­չութիւ­նը այ­լա­սերե­լու։

Կազ­մա­կեր­պիչնե­րը ծրագ­րած էին մի­ջոցա­ռումնե­րու տաս­նօ­րեայ ծրա­գիր մը, որ կ՚եր­կա­րէր 4-14 Յու­լիս թո­ւական­նե­րու մի­ջեւ Այսքան մեծ բո­վան­դա­կու­թիւնը իր կար­գին ու­նէր նաեւ որոշ դժո­ւարու­թիւններ։ Այդ դժո­ւարու­թիւննե­րու պատ­ճա­ռած խո­չըն­դոտնե­րէն մէ­կը եղաւ 10,11,12 Յու­լի­սի օրե­րուն հա­մար ծրագ­րո­ւած ասու­լիսնե­րու խան­գա­րու­մը։ ՏԵՄ կու­սակցու­թեան բազ­մա­թիւ գոր­ծիչներ ստի­պուե­ցան բա­ցակա­յելու, քա­նի որ 11 Յու­լի­սին Սու­լէյմա­նիյէի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ՓՔՔ-ի զի­նաթափ­ման խորհրդան­շա­կան արա­րողու­թիւնը։ Այդ արա­րողու­թեան մաս­նակցե­լու հա­մար շա­տեր հրա­ժարե­ցան Ան­թա­քիա ժա­մանե­լէ։ Բայց ինչ թե­րացում ալ ըլ­լայ, կա­յացող բո­լոր մի­ջոցա­ռումնե­րը վա­յելե­ցին բա­ւակա­նին մեծ ժո­ղովրդա­կանու­թիւն։ Այս բո­լորէն բա­ժին ին­կաւ նաեւ հա­յաբ­նակ Վա­քըֆ­գիւղին։ Այս ծի­րէն ներս 8 Յու­լի­սին գիւ­ղի սրճա­րանին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Կո­միտաս վար­դա­պետի եր­գե­րուն ձօ­նուած հա­մերգ մը։ Հա­մեր­գի ծրա­գիրը պատ­րաստած էր հան­րա­ծանօթ դու­դուկա­հար Էր­թան Թե­քին։ Ան իր շուրջ հա­ւաքած էր զա­նազան երա­ժիշտներ, որոնք ներ­կա­յացու­ցին Կո­միտա­սի եր­գա­ցան­կէն նմոյշներ։ Ծրա­գիրը մշա­կող Էր­թան Թե­քին մէջ­բե­րումնե­րով հա­մեր­գը վե­րածեց նաեւ դա­սախօ­սու­թեան։ Աւար­տին այս ան­գամ զուռնայ փչե­լով բո­լոր ներ­կա­ները շուրջ 200 անձ դուրս բե­րաւ սրճա­րանէն եւ մէկ­տե­ղեց գիւ­ղի հրա­պարա­կին վրայ շուրջպար կազ­մե­լով։ 11 Յու­լի­սին այս ան­գամ դար­ձեալ գիւ­ղի սրճա­րանին մէջ Բագ­րատ Էս­դուգեան եւ Մահ­մուտ Աղ­պահտ զրու­ցե­ցին մայ­րե­նի լե­զուի մա­սին։ «Մայ­րե­նին իբ­րեւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռանգ» խո­րագ­րի ներ­քեւ ակա­դեմա­կան Շու­լէ Ճա­նի ժո­ղովա­վարու­թեամբ ատե­նախօս­նե­րը քննար­կե­ցին փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու պատ­կա­նող մայ­րե­նի լե­զու­նե­րու գոր­ծա­ծու­թե­նէ դադ­րե­լու պատ­ճառնե­րը։ Մահ­մուտ Աղ­պահտ նկա­րագ­րեց արա­բերէ­նի երեք հիմ­նա­կան ոճա­յին խմբա­ւորումնե­րը եւ անոնց դի­մագ­րա­ւած դժո­ւարու­թիւննե­րը։

Բագ­րատ Էս­դուգեան ընդհա­նուր ակ­նարկ մը սե­ւեռեց Թուրքիոյ մէջ խօ­սուող լե­զու­նե­րու մա­սին։ Ընդգծեց անոնց գո­յու­թիւնը վտան­գո­ւած, կո­րուստի դա­տապար­տո­ւած եւ նոյ­նիսկ մօտ ան­ցեալին առ­յա­ւէտ կոր­սո­ւած օրի­նակ­նե­րը։ Ապա ծան­րա­ցաւ նախ ընդհա­նուր առ­մամբ արեւմտա­հայե­րէնի եւ ապա Կի­լիկիոյ ու Համ­շէ­նի բար­բառնե­րու այժմու վի­ճակին։ Էս­դուգեան դի­տել տո­ւաւ թէ բար­բառնե­րը որ­քան կա­րեւոր են եւ անոնց կո­րուստով կը կորսնցնենք նաեւ հա­յերէն ար­մատնե­րով հիւ­սո­ւած բազ­մա­թիւ բա­ռեր։ «Բա­ռեր կան որոնց գոր­ծա­ծու­թիւնը սահ­մա­նուած է որոշ կեն­ցա­ղի մը առ­կա­յու­թեան պայ­մաննե­րուն։ Այդ կեն­ցա­ղի վե­րացու­մով կը կորսնցնենք հսկայ բա­ռապա­շար մըն ալ» եզ­րա­կացուց Էս­դուգեան։

12 Յու­լի­սի երե­կոյեան Սու­վէյտիէի ծո­վափին կա­յացաւ Մե­թին Քահ­րա­մանի հա­մեր­գը, որ եւս ար­ժա­նացաւ բազ­մա­հազար ժո­ղովուրդի մաս­նակցու­թեան։

Ինչպէս վե­րեւ ալ նշած ենք, փա­ռատօ­նը իր ընդդի­մադիր դի­մագի­ծով եւս ու­շագրաւ էր։ Փա­ռատօ­նի օրա­կար­գին մէջ յա­տուկ բա­ժին յատ­կա­ցուած էր Ալի Իս­մա­յիլ Քորքմա­զի շի­րիմի այ­ցե­լու­թեան։ Քորքմազ «Կէ­զի» զբօ­սայ­գիի ցոյ­ցե­րու ըն­թացքին ոս­տի­կան­նե­րու եւ անոնց օգ­նութեան փու­թա­ցող ֆա­շիստնե­րու կող­մէ դա­ժան ծե­ծի են­թարկո­ւած ու մա­հացած էր։

Նա­խայու­լի­սեան փա­ռատօ­նը դի­մադ­րութեան նոր ոգի ներշնչեց երկրա­շար­ժէն ծան­րօ­րէն վնա­սուած Սու­վէյտիէի բնակ­չութեան համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ