Ինծի համար ուրիշ երկիր չկայ՝ Իմ հողս, եկեղեցիս, դպրոցս...

1999 թուականին ամուսնոյս հետ Հայաստան գացի, որպէս ուսանող։ Կ՚ուզէինք ճանչնալ հայրենի երկիրը։ Կը շրջէինք փողոցները, կ՚այցելէինք պատմական վայրեր։ Բարեկամներ խորհուրդ տուին Վերնիսաժը տեսնելու։ «Անպայման մօտէն տեսնէք հայ վարպետներու ստեղծագործական շնորհը» կ՚ըսէին։ Իսկապէս ալ հիացումով կը դիտէինք մեր շուրջբոլորը։ Վարպետներէն մէկը լսելով որ Թուրքիայէն եկած ենք, մեզ առաջնորդեց դէպի այլ վարպետ մը։ Պահը ամբողջ կենդանութեամբ դրոշմուած է յիշողութեանս մէջ։ Մենք Պոլսեցի ենք, ըսի եւ ամուսինս վրայ բերաւ «Մալաթիայցի՝ Քոփար ընտանիքէն»։ Այս պատասխանը լսելով Ստեփան ամոն ուշադիր դիտեց ամուսնոյս դէմքը եւ պարզեց իր գուշակութիւնը։ Մի առ մի նշեց ամուսնոյս հօր եւ հօրաքոյրներուն անունները։ Շատ ոգեւորուած կ՚երեւէր։ Այդպէս սկսաւ մինչեւ օրս տեւող 25 տարուայ բարեկամութեան առաջին քայլը։ Համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք վերադարձանք Թուրքիա, մեզ հետ բերելով Ստեփան ամոյի ընտանիքին դէմ սնուցած մեծ կարօտը։ Այդ ընտանիքը գրկաբաց ընդունած է մեզ իբրեւ հարազատներ։

Այս զրոյցը այդ ընտանիքը ձեզի ներկայացնելու ցանկութեանս ուշացած վերջին կանգառն է։


ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

Տիկին Օժէն երբ ու­սա­նելու հա­մար Հա­յաս­տան եկանք, ձեր դռնե­րը իս­կոյն բա­ցիք իմ ու ամուսնոյս առ­ջեւ։ Մե­զի բա­ժին ին­կաւ ձեր մայ­րա­կան գուրգու­րանքը։ Տա­րիներ շա­րու­նակ ցան­կա­ցած էի կրկին Հա­յաս­տան այ­ցե­լել եւ ձեզ տես­նել։ Այսպէ­սով ձեզ աւե­լի յստա­կօրէն պի­տի կրնա­յի ծա­նօթաց­նել պոլ­սա­հայոց։ Հի­մա կրնա՞ք պատ­մել ձեր անձնա­կան կեան­քի մա­սին։

Ես Օժէն Կալ­լո­շեան ծնած եմ Իս­թանպու­լի Պէ­շիք­թաշ թա­ղամա­սը։ Մայրս Զա­պէլ Զու­րի­կեան Պօ­ղոսեանի ըն­տա­նիքը Մա­լաթիայէն էր։ Իր ծնող­նե­րը Արաբ­կի­րէն Մա­լաթիա գաղ­թած են եւ մայրս ալ հոն ծնած։ Մօրս հայ­րը 1915 թո­ւին սպան­նո­ւած է իսկ ըն­տա­նիքը մի կերպ հա­րեւան­նե­րու օգ­նութեամբ փրկո­ւած են։ Քե­ռիս է որ ստանձնած է ըն­տա­նիքը պա­հելու հո­գը։ Աւե­լի ուշ տե­ղափո­խուած են Իս­թանպուլ ու բնա­կած Պէ­շիք­թաշ թա­ղը։ Հոն ամուսնա­ցած է Եոզ­կա­թէն եկած հօրս հետ։

Մին­չեւ վեց տա­րեկան ապ­րած եմ Պէ­շիք­թաշ, ուրկէ փո­խադ­րո­ւած ենք Գումգամ­բու։ Դպրո­ցական կեանքս սկսած է Պէզ­ճիեան Մայր Վար­ժա­րանի մէջ։ Ապա զիս ղրկե­ցին Բո­ղոքա­կանաց վար­ժա­րանը։ Այդ դպրո­ցի մէջ անգլե­րէն եւ ֆրան­սե­րէն կը դա­սաւան­դէին։ Մե­րոնք մտա­դիր էին զիս մօ­րաքո­րոջս մօտ Ամե­րիկա ղրկե­լու։ Նա­խակրթա­րանը այդտեղ աւար­տե­լէ ետք վեր­ադարձայ Պէզ­ճեան Վար­ժա­րան եւ միջ­նա­կարգն ալ հոն աւար­տե­ցի։

Կրնամ ըսել թէ ման­կութիւնս եւ երի­տասար­դութիւնս Գումգա­բու ան­ցաւ։ Այդ տա­րինե­րուն Գումգա­բուն քա­ղաքի բարձրո­րակ վայ­րե­րէն մէկն էր։ Իմ ըն­տա­նիքը եկե­ղեց­ւոյ եւ քրիս­տո­նէու­թեան հետ սերտ կա­պեր ու­նե­ցած են։ Աղօ­թելով քուն կը մտնէինք ու աղօթ­քով կ՚արթննա­յինք։

Պէզ­ճեանը աւար­տե­լէ ետք ին­ծի ղրկե­ցին «Ալ­թըն Իյ­նէ» կո­չեալ կա­րի դպրո­ցը, որուն տնօ­րէնն Ան­նիկ Կո­թիկեանը եւ ու­սա­նող­ներն ալ բազ­մա­թիւ հայ եւ յոյն աղ­ջիկներ։ Դպրո­ցը սե­փական էր՝ բայց աւար­տա­կան քննու­թիւնը պե­տական։ Այդ դպրոցը աւար­տե­ցի լա­ւագոյն աշա­կերտնե­րէն մէ­կը ըլ­լա­լով։

Տա­րիներ ետք երբ Իս­թանպուլ վե­րադար­ձայ, ափ­սո­սան­քով տե­սայ թէ այ­լեւս գո­յու­թիւն չու­նէին ոչ Բո­ղոքա­կանաց Վար­ժա­րանը, ոչ «Ալ­թըն Իղ­նէ» կա­րի դպրո­ցը։ Թա­ղի մա­կար­դա­կը բո­լորո­վին նո­ւազած էր։

Լու­սա­հոգի Ստե­փան աղ­բա­րիկի հետ ձեր ամուսնու­թիւնը ինչպէ՞ս, ո՞ւր եղաւ։

Ստե­փանի եւ իմ ըն­տա­նիքս շատ մօ­տիկ էին իրա­րու։ Ես ինը տա­րեկան էի, երբ անոնք Մա­լաթիայէն Իս­թանպուլ եկան։ Կը յի­շեմ թէ մայրս որ­քան ու­րա­խացած էր զի­րենք տես­նե­լով։ Ես 1963-ի սկիզբնե­րուն 17 տա­րեկան էի, երբ Ստե­փանին հետ նշա­նուե­ցանք։ Նոյն տա­րուայ 15 Դեկ­տեմբե­րին ալ ամուսնա­ցանք։

Ան­ցեալ տա­րի Ստե­փանը դեռ կեն­դա­նի էր եւ մենք մեր ամուսնու­թեան 60 ամեակը նշե­ցինք։

Իս­թանպու­լի մէջ երեք երա­խայ ու­նե­ցանք։ Երբ Հա­յաս­տան գաղ­թե­ցինք, չոր­րորդ երա­խաս այստեղ ծնաւ։ Ափ­սոս որ մեր առա­ջին երա­խան Նար­դուհին քաղցկե­ղի պատ­ճա­ռաւ մա­հացաւ 40 տա­րեկան հա­սակին։

Կար­ծեմ դուք Պա­քըր­գիւղ ալ բնա­կած էի՞ք։

Այո, Պա­քըր­գիւղ, Նի­յազի պէյ փո­ղոցի վրայ հին շէնք մը ու­նէինք։ Փլցու­ցինք այդ շէն­քը եւ Ստե­փանը ծայ­րէ ի ծայր չորս յար­կա­նի նոր շէնք մը կա­ռու­ցեց։ Պա­տուա­լը ար­հեստա­նոց էր, որուն վրայ մենք կ՚ապ­րէինք։ Վե­րեւի եր­կու յար­կե­րու պա­տու­հաննե­րը դեռ չէին տե­ղադ­րո­ւած, թո­ղեցինք Հա­յաս­տան եկանք։

Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս որո­շեցիք Հա­յաս­տան գաղ­թել։

Միտ­քովս չէր անցներ Հա­յաս­տան տե­ղափո­խուիլ։ Ճիշդն ասած յոյս ալ չու­նէի։ Որով­հե­տեւ երբ կ՚ու­զէի Հա­յաս­տա­նի մա­սին իմա­նալ, բո­լորը կ՚ըսէին «Վա՜յ այդ տե­ղը Ռու­սի հպա­տակ է։ Անոնք Կո­մու­նիստ են։ Աս­տո­ւած չեն ճանչնար…» եւ այլն։ Այ­սինքն միշտ բա­ցասա­կան բա­ներ կը լսէինք։

Յե­տոյ երբ Սար­գիս Սե­րով­բա­նի ըն­տա­նիքին հետ մտեր­մա­ցանք, ամէն ինչ փո­խուե­ցաւ։ Սար­գի­սը ու­ժեղ հա­յաս­տա­նասէր էր։ Նոյնպէս մեր ըն­կերներն էին՝ Տի­յանա եւ Պերճ Քամ­փա­րոսեան­նե­րը, Գրի­գոր Քո­լու­քը­սայեանը եւ ու­րիշներ, որոնք թէ մար­դա­սէր եւ թէ ազ­գա­սէր անձնա­ւորու­թիւններ էին։ Երբ կը մէկ­տե­ղուէինք Հա­յաս­տա­նի մա­սին կը զրու­ցէինք։

Այդ տա­րինե­րուն Կար­պիս Ու­ղուրլո­ւեանը Հա­յաս­տան խումբ կը տա­նէր։ Ստե­փանը որո­շած էր այդ խումբի հետ ինք ալ Հա­յաս­տան եր­թալ։ Գի­տէր թէ հօ­րաքոյր մը ու­նե­ցած է, որուն զա­ւակ­նե­րը Հա­յաս­տան կը բնա­կին։ «Ստե­փան ես ալ քե­զի հետ պէտք է գամ» ըսի։ Որով­հե­տեւ ես ալ երեք հօ­րաքոյ­րեր ու­նե­ցած եմ՝ Ազ­նիւ, Զա­պէլ եւ Աղաւ­նի անուննե­րով։ 1915-ին յա­ջոր­դող տա­րինե­րուն Ամե­րիկա­ցի միս­յո­նար­նե­րը երեք հօ­րաքոյ­րերս տա­րած են Յու­նաստան, որ­բա­նոց մը։ Անոնք այնտեղ մեծ­ցած եւ ամուսնա­ցած են։ Ապա ներ­գաղթի տա­րինե­րուն գաղ­թած են Հա­յաս­տան։ Կ՚ու­զէի անոնք գտնել։ Մի խօս­քով ամու­սինս հա­մոզե­ցի որ ես ալ անոր հետ Հա­յաս­տան եր­թամ։

1977 թո­ւակա­նին Տիանա եւ Պերճ Քամ­փա­րոսեան­նե­րու հետ աւ­տո­պուս մը լե­ցուն մարդ Ղարս Աք­յա­քայէն մտանք Հա­յաս­տան։ Օրը մթնած էր եւ չէի կրցած տես­նել Հա­յաս­տա­նի տե­սարա­նը։ Հա­զիւ կէս­գի­շերին հա­սանք Երե­ւան ու իջե­ւանե­ցանք «Անի» հիւ­րա­նոց։

Առա­ւօտուն արթնցանք եւ սկսանք վա­յելել Հա­յաս­տա­նի մայ­րա­քաղա­քը։ Կը դժո­ւարա­նայի հա­ւատա­լու թէ Հա­յաս­տան եկած եմ։ Շատ յու­զո­ւած էի։ Այդ օրը որ կը յի­շեմ մին­չեւ օրս աչ­քերս կը լե­ցուին։ Ես եւ Ստե­փանը հիացանք Հա­յաս­տա­նին։

Յա­ճախ չէր պա­տահեր, բայց այս ան­գամ եր­կուքս ալ նոյն միտ­քը ու­նե­ցանք։ «Պի­տի գանք եւ հոս պի­տի ապ­րինք, ու­րիշ ճար չկայ»։ Արեան կանչն էր այդ։ Իս­կա­պէս ալ այ­լեւս ու­րիշ տեղ չէինք կրնար ապ­րիլ։

Վե­րադար­ձանք Թուրքիա եւ սկսանք թուղթե­րը դա­սաւո­րելու, բայց չե­ղաւ։ Մենք ալ Հա­լէպ ան­ցանք եւ Դա­մաս­կո­սի ճա­նապար­հով 1980-ին գաղ­թե­ցանք Հա­յաս­տան։

Տա­րի մը մեր բա­րեկամ­նե­րու տու­նը մնա­ցինք, որով­հե­տեւ կ՚ու­զէին մե­զի ետ ու­ղարկել։ Վեր­ջա­պէս լուրջ պայ­քար մը մղե­լէ ետք յա­ջողե­ցանք թղթա­բանա­կան խո­չըն­դոտնե­րը յաղ­թա­հարել։

Դուք փաս­տօ­րէն ապ­րե­ցաք 7 Դեկ­տեմբեր 1988-ի Սպի­տակի Երկրա­շար­ժը։

Այո, հար­կաւ ապ­րե­ցանք։ Թէեւ մեր տու­նը չէր վնա­սուած, բայց մար­դիկ օրե­րով վո­ղոցը գի­շերե­ցին։

Ապա տե­սաք Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խացու­մը։ Այն օր ի՞նչ զգա­ցիք։

Այո, այդ ալ տե­սայ։

Մեր ըն­տա­նիքը յա­ջողու­թիւննե­րով, լաւ բա­ներով միշտ ու­րա­խացած են։

Ան­կա­խու­թեան օրը իմ ծննդեան օրն էր նաեւ։ Ամ­բողջ երկրի տա­րած­քին քո­ւէար­կութիւն կա­տարո­ւեցաւ։ Մենք ալ ըն­տա­նեօք գա­ցինք եւ «այո» քո­ւէար­կե­ցինք։ Ար­դէն հա­մազ­գա­յին ձգտում մըն էր ան­կա­խու­թիւնը։ Քո­ւէար­կութեան տեղ աշ­խա­տող­նե­րէն մէ­կը իմ փե­սան էր։ Երբ հոն հա­սանք զիս ծա­ղիկ­նե­րով դի­մաւո­րեց։ Կրկնա­պատիկ ու­րախ օր մը ան­ցուցի։

Իշ­խա­նափո­խու­թեան շրջա­նը ինչպէ՞ս ան­ցաւ։

Ազ­գո­վին շատ դժո­ւար օրեր ապ­րե­ցանք։

Նախ եւ առաջ ապ­րե­լակեր­պը փո­խուե­ցաւ։ Ի հի­մանէ փո­խուե­ցաւ Սո­վետա­կան հա­մակար­գը։ Այ­լեւս գիտ­ցած ամէն ինչդ փլած է եւ դուն նո­րը պէտք է սոր­վիս։ Բո­լոր եր­կիրնե­րու մէջ ալ այս ասանկ է։ Նո­րը սոր­վի­լը ժա­մանակ կ՚առ­նէ։ Յե­ղափո­խու­թիւն որ եղաւ գոր­ծա­րան­նե­րը փա­կուե­ցան։ Այն ժա­մանակ Ստե­փանը կա­հոյ­քի գոր­ծա­րան կ՚աշ­խա­տէր, իր գոր­ծա­րանն ալ փա­կուե­ցաւ։ Այս ան­գամ Ստե­փանը, կա­րաժ մը ու­նէինք եւ անոր մէջ աշ­խա­տիլ սկսաւ։ Մար­տի­րոս Սա­րեանի ար­ձա­նի մօտ շու­կայ մը կազ­մե­ցին ձեռ­քի գոր­ծե­րու վա­ճառ­քի հա­մար։ Ամու­սինս ալ փոքր կա­հոյքներ պատ­րաստեց եւ հոն տա­նելով ծա­խել սկսաւ։

1991 Հա­յաս­տան- Ատրպէյ­ճան թէժ պա­տերազ­մին հոս էիք։ Վախ­ցա՞ծ էք Թուրքիայէն գաղ­թած ըն­տա­նիք մը ըլ­լա­լով։

Կապ չու­նի Թուրքիայէն ենք, թէ այլ եր­կիրնե­րէն, այստեղ բո­լորս հայ ենք։ Պա­տերազ­մի վա­խը բո­լորիս մէջն ալ կար։

Բնաւ չէք զղջա­ցա՞ծ, Հա­յաս­տան գաղ­թե­լէ։

Ո՜չ, եր­բեք։ Էլ ու­րիշ եր­կիր չկայ աշ­խարհի վրայ ին­ծի հա­մար։ Այս իմն է։ Ոտքս որ դնեմ հո­ղին, այս իմն է։ Իմ հո­ղը, իմ եկե­ղեցին, իմ դպրո­ցը, իմ դրօ­շակը այս է։ Մար­դիկ որ­տե­ղէն որ եկած ըլ­լան, երբ կ՚ըսեն «Հայ եմ» տար­բե­րու­թիւն չի մնար, մէկ է սա մեր քրիս­տո­նեայ եր­կիրն է։

Վեր­ջին հար­ցում մայր մը ըլ­լա­լով ձեզ կը հարցնեմ, պա­տերազ­մին ի՞նչ զգա­ցիք։

Բո­լորը իմ երա­խանե­րը, բո­լորը իմ տղա­ներն են։ Մայր մը ըլ­լա­լով ով որ վի­րաւո­րուեց իմ սիրտս վի­րաւո­րուե­ցաւ։ Բո­լոր կո­րուստնե­րը իմ կո­րուստնե­րը դար­ձան։

Շատ մեծ ցա­ւեր ապ­րե­ցանք։ Բո­լորիս սիր­տը մրմռաց։ Պա­տերազ­մը շատ վատ բան է։ Թշնա­մու­թիւնը վատ։ Աս­տուած չ՚ու­զեր որ պա­տերազ­մինք, բայց պա­տերազմներ կ՚ըլ­լայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ