ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Ցեխ

Քիչ մը օճառ եւ առատ ջուր։ Ահա թէ ի՚նչ է պէտք ցե­խը մար­մի­նէն հե­ռաց­նե­լու հա­մար։ Այս միավան­կը, յար­գե­լի ըն­թերցող, - մա­նուկնե­րու ամե­նասի­րածը - , նա­խորդ յօ­դուա­ծիս «գիրկ» բա­ռը չէ, որ թե­ւերուդ մէջ առ­նես եւ ըմ­բոշխնես։ Այ­սօր, երբ կը յի­շեմ, թէ հա­յերս Ոս­կե­դարու աւար­տին ու­նե­ցեր ենք ցե­խադար մըն ալ եւ աւե­լի ցա­ւալին՝ քա­նի մը հայ­րե­նի քա­ղաքա­գէտեր վեր­ջերս իրա­րու վրայ «ցեխ» շպռտած են՝ ես ալ որո­շեցի հասկնալ, թէ հայ­կա­կան լե­զուն ե՚րբ դար­ձաւ ցե­խոտ, ո՚ր հե­ղինա­կը եղաւ ցե­խաթա­թախ, եւ ո՚ր մո­լորեալն էր ցե­խահո­գի։ Ապա, առանց ալա­րելու ձեռքս մխրճե­ցի հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան ճախ­ճա­խուտ էջե­րուն մէջ, իմ ցե­խոտած քղանցքնե­րով քա­լեցի ցե­խապատ գռիհ­նե­րու վրայ, ապա ափ մը ցե­խով ձե­ւակեր­պե­ցի «ցեխ» գո­յակա­նի յա­ճախ ան­մա­քուր, բայց եր­բեմն բու­ժիչ պատ­մութիւ­նը։

Ցե­խոտե­ցանք

Հա­յոց գրա­բարը, ոս­կեղնիկ, անա­ղարտ, սուրբ գրա­յին, իր պատ­մութեան մէջ առա­ջին ան­գամ Ոս­կե­դարուն դար­ձաւ՝ «ցե­խոտ»։ Պատ­ճա՞ռն անոր… Աս­տո­ւածա­շունչն էր, երբ մեր անա­րատ թարգմա­նիչ­նե­րը, տո­ղիկ մը թարգմա­նեցին եւ մենք կար­դա­ցինք, թէ վատ մար­դը «ցե­խով շա­ղախեալ» է՝ անոր դպած մար­դիկ իրենց ձեռ­քը կը թօ­թափեն։ Միջ­նա­դարու հայ ըն­թերցո­ղը կար­դաց նաեւ քա­նի մը ցե­խապատ ար­տա­յայ­տութիւն, ինչպէս՝ «Ցե­խաթա­թախ մարմնով կամ ձե­ռօք մատ­չի­ցի», «Ցիխն վնաս» աչա­ցէ եւ «Լա՚ւ էր տղմով եւ ցխով ծե­փել զե­րես»։

Մի­ջագետ­քի ցե­խը
Հա­յաս­տա­նի մէջ

Ըստ ստու­գա­բան եւ լե­զուա­բան այ­րե­րու բա­ռիս նախ­նա­կան ձեւն էր «ցիխ»։ Այս ար­մա­տէն ծնաւ «ցխոտ» ածա­կանը։ Ապա, նոր ժա­մանակ­նե­րուն կար­ծե­ցինք, թէ այդ ածա­կանի սղած ձայ­նա­ւորը «ե» ըլ­լա­լու է, եւ բա­ռը վե­րակազ­մե­ցինք որ­պէս «ցեխ»։ Թիֆ­լի­սի բար­բա­ռը դեռ կը գոր­ծա­ծէ «ցիխ» բա­ռը։ Ար­ցա­խը ու­նի «ցըէխ» տար­բե­րակը։ Բա­ռը ու­նի շու­մե­րերէն ծա­գում։ Մի­ջագետ­քի մէջ այդ ժո­ղովուրդի շի­նարա­րական հիմ­նա­կան նիւթն էր ցե­խը՝. (ցիխ), որ շու­մե­րէն կը նշա­նակէ ճա­հիճ, ցե­խով շի­նուած աղիւս։

Էշը կրնա՞ս ցե­խէն հա­նել

Ար­տա­յայ­տիչ է «ցեխ» բա­ռը, բա­ւական ալ կպչուն։ Հա­յը նկա­տելով այդ յատ­կութիւննե­րը հա­ճոյ­քով շի­նեց դար­ձո­ւածքներ։ Մե­կուն վար­կա­բեկե՞լ կ’ու­զէք, ցեխ նե­տեցէ­քէ անոր վրայ, խիստ քննա­դատել եւ պար­սա­ւե՞լ պէտք է, «ցե­խը կո­խեցէք եւ հա­նեցէք», իսկ ան­պա­տուե՞լ է ձեր նպա­տակը, «ցե­խի հետ հա­ւասա­րեցէք»։ Եթէ դուք ան­պա­տուա­բեր գոր­ծի մէջ ին­կած էք, դուք «ցե­խի մէջ խրո­ւած» էք։ Եթէ ըն­կեր մը խայ­տա­ռակու­թե­նէ դուրս բե­րած էք, դուք զայն «ցեխէ դուրս բե­րած, հա­նած» կ’ըլ­լաք։ Ան­յա­ջող պա­րողին կա­րելի է ըսել «ցե­խը կոխ կու տայ», մե­ռածին՝ «ցեխն արե­ւուն»։ Իսկ դժո­ւար վի­ճակէ մը եթէ դուրս ելած էք՝ դուք «էշը ցեխէ հա­նած» էք։ Կ’երե­ւի շատ ծի­ծաղե­լի եւ յա­ճախա­կի էր էշը ցե­խէն հա­նելու գոր­ծո­ղու­թիւնը, ո՞վ չգոր­ծա­ծեց զայն իր վէ­պերու մէջ։ Պերճ Պռո­շեանը իր Աշ­տա­րակի բար­բա­ռով ըսաւ. «Արի ու էշը ցե­խիցը հա­նիր», Ռաֆ­ֆին նա­յեցաւ այդ իշուն եւ Սալ­մաստի բե­րանով հա­մաձայ­նե­ցաւ. «Հի­մա եկ, այդ էշը ցե­խից դուրս հա­նէ», իսկ Սունդու­կեանը թիֆ­լիսցիի ոճով ջղայ­նա­ցաւ. «Արի հի­մի ու էշը ցը­խեմեն հա­նէ՚. վո՚ւրդի էկաւ էս անի­ծածը»։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, եթէ «էշ» բա­ռը գռե­հիկ է ձե­զի հա­մար, գոր­ծա­ծեցէք «սայլ»ը, ինչպէս Եղի­շէ Չա­րեն­ցը ըրաւ. «Միայն նա՚ սայ­լը ցե­խից հա­նէր»։ Չա­րեն­ցը ցեխ բա­ռը գտաւ նկա­րագ­րա­կան եւ զայն գոր­ծա­ծեց «Ճամ­բին» բա­նաս­տեղծու­թեան մէջ. «Օրօ­րուե­լով կառքն էր վա­զում սրնթաց / Դաշ­տի մի­ջին, ճա­նապար­հով ցե­խապատ»։ Մա­թիկ Էպ­լի­ղաթեանի գրի­չը Հա­լէպը նկա­րագ­րե­լու հա­մար գոր­ծա­ծեց նոյն ածա­կանը. «Անկրկնե­լի Հա­լէպը։ Վրա­նաքա­ղաք­ներ, …, թի­թեղա­ծածկ գաղ­թա­կայան­ներ, … արեամբ ու քրտին­քով շա­ղախո­ւած ցե­խապատ խրճիթ­ներ»։

Հա­րուստ ցեխ, աղ­քատ ցեխ

Պա­տահա­կան. այսպէս գտաւ մար­դը ցե­խի բու­ժիչ յատ­կութիւննե­րը։ Եւ այդ օր ծնաւ «ցե­խաբու­ժութիւն» բա­ռը։ Հայ բժիշկն ալ նկա­տեց անոր ոյ­ժը եւ հի­ւանդ հա­յու մար­մի­նը դար­ձաւ ցե­խածածկ։ Հա­յաս­տա­նի մէջ ցե­խաբու­ժութեան կա­րեւոր կեդ­րոններ էին Ար­ցա­խի Բա­ղանիք ար­քունա­կան­քը, ինչպէս նաեւ Վա­յոց ձո­րի, Վար­շա­կի եւ Եղէ­գի ջեր­մուկնե­րը։ Իսկ երա­զի մէջ ցեխ տես­նե­լը թէ լաւ լուր է եւ թէ՝…։ Բա­ցատ­րեմ։ Երա­զի մէջ չի յանձնա­րարո­ւիր ցեխ տես­նել, քան­զի ան կը նշա­նակէ վնաս, տրտմու­թիւն, հի­ւան­դութիւն եւ թշո­ւառու­թիւն. ցե­խի մէջ քա­լելը՝ հո­գեկան ծանր տկա­րու­թիւն, ցե­խոտո­ւիլը՝ աղ­քա­տու­թիւն։ Բայց, ծո­վէն, լի­ճէն կամ գե­տէն ցեխ հա­նելը լաւ լուր է. ան կը նշա­նակէ՝ հարստու­թիւն։

Քսա­ներորդ դա­րու ցե­խին մէջ

20-րդ դա­րու գրո­ղը եր­կու-երեք տա­րեկան մա­նու­կի նման «ձեխ» բա­ռով խա­ղաց։ Ինտրան զայն գտաւ իմաս­տա­սիրա­կան. «Ու­ղեղս մո­խիրի ցեխ մ’է»։ Դա­նիէլ Վա­րու­ժան անոր մէջ տե­սաւ բա­րոյա­կան ան­կում. «Խա­բուած կոյ­սեր։ Եւ փո­ղոց­նե՜րը ին­կաք. / Դուք օր մ՛ազ­նի՚ւ բիւ­րեղներ, / Կո­խոտո­ւելով մար­դե­րէն՝ եղած էիք այժմ ցեխ »։ Զահ­րա­տը մե­զի բա­ցատ­րեց, թէ ի՚նչ էր իր գրա­կան հե­րոսի նկա­րագի­րը. «Կի­կօ գետ­նէն կե­րաւ / Գետ­նէն խմեց - / Կի­կոյին մէ­ջը ցեխ / ու ճա­հիճ լե­ցաւ / Նո­րէն ալ ազ­նիւ խմոր ու­նէր»։ Դուք այժմ կ’ու­զէք գիտ­նալ, թէ ո՚վ էր հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան առա­ջին «ցե­խոտ» գրի­չը. 1260 թո­ւակա­նին Կե­չառի­սի (Ծաղ­կա­ձոր) մէջ ծնած հայ բա­նաս­տեղծ, մշա­կու­թա­յին գոր­ծիչ, Կե­չառոյ­քի միաբա­նու­թեան վա­նահայր, մոն­ղո­լական ար­շա­ւանքնե­րու ցե­խադա­րուն հայ ազ­գա­յին աւան­դութիւննե­րու ջա­տագով ու պաշտպան, քնա­րական բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու, ող­բե­րու եւ եր­գե­րու հե­ղինակ Խա­չատուր Կե­չառե­ցին է ան։ Այդ պաշ­տե­լի մար­դը օր մը, իր ծե­րու­թեան օրե­րուն ըլ­լա­լու էր, գրեց ինքնա­կեն­սագրա­կան տաղ մը եւ ըսաւ.

Հո­գի հրե­ղէն էի,

Յան­փա­րատ խա­ւար գնա­ցի,

Բազ­մաց ցան­կա­լի էի,

Իմ խե­լօքս եղայ եղ­կե­լի։

Անոյշ քաղցր աղ­բիւր էի,

Զիս ի ցեխ մե­ղաց խառ­նե­ցի։

Բարդ ցե­խեր

Դա­րերու ըն­թացքին «ցեխ» բա­ռը շա­ղախո­ւեցաւ այլ բա­ռերու հետ եւ կազ­մեց խո­շոր կոյտ մը։ (Մի զար­մա­նաք, մեր մայ­րե­նին ու­նի նաեւ «ցե­խակոյտ» բա­ռը) Այդ միաձու­լումէն ծնունդ առին 50-ի չափ «ցե­խախառն» ածա­կան­ներ։ Կա­րեւոր է գիտ­նալ չորս-հինգ հա­տը (ծե­փելու, ծած­կե­լու, պա­տելու, կամ մէ­կու մը վրայ նե­տելու հա­մար). ցե­խագունդ, ցե­խաթա­թաւ, ցե­խալո­գանք, ցե­խակեր, ցե­խակո­լոլ, ցե­խահե­ղեղ, ցե­խապա­նակ։ Ու­նինք նաեւ «ցե­խահո­գի» ածա­կանը։ Չենք գի­տեր, թէ ո՚վ ար­ժա­նացաւ այդ բա­ռին, բայց գի­տենք, թէ եղեր են այդ տե­սակ մար­դիկ, ինչպէս Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նը նկա­տեց. «Ո՜վ ցե­խահո­գի, ո՞վ պի­տի սգայ քու վախ­ճանդ»։

Գո­յու­թիւն չու­նե­ցող ցե­խը

Հասկնա­լի է։ Ո՞վ կ’ու­զէ ցե­խի մէջ մնտել։ Ցե­խի հետ ըն­կե­րանալ։ Ասի­կա է կ’երե­ւի պատ­ճա­ռը, թէ հայ­կա­կան բա­ռարան­նե­րու մէջ կը բա­ցակա­յին «ցեխ» բա­ռի հետ կազ­մո­ւած բազ­մա­թիւ բա­ռեր։ Ե՚ս նկա­տեցի այդ պա­կասու­թիւնը եւ կազ­մե­ցի երեք հատ նոր բառ, բո­լորն ալ բա­ցասա­կան, յու­սա­լով նաեւ, թէ զա­նոնք գոր­ծա­ծելու պատ­ճառ չէք ու­նե­նար։ Անոնց իմաստնե­րը կը ձգեմ ձեր երե­ւակա­յու­թեան. «ցե­խամիտ», «ցե­խադէմ», «ցե­խաբա­րոյ»։ Իսկ օր մը, յար­գե­լի ըն­թերցող, եթէ ձեռ­նարկէք չի­նական դի­ցաբա­նու­թիւնը հա­յերէի թարգմա­նել գոր­ծա­ծեցէք «ցե­խածին» բա­ռը, քան­զի մարդ արա­րածը եր­կու տե­սակ է. ազ­նո­ւական­նե­րը՝ «կա­ւածին», իսկ ռա­միկը՝ «ցե­խածին», որով­հե­տեւ Նիւ-Վա դի­ցու­հին, աշ­խարհի միակ բնա­կիչը, ձանձրա­ցաւ առանձնու­թե­նէ եւ փա­փաքե­ցաւ իր նման­նե­րու հետ շրջա­պատո­ւած ըլ­լալ, լճա­կի մը ափէն առաւ ըն­տիր կաւ եւ շի­նեց մար­դու առա­ջին սե­րունդը, ապա գտաւ առատ ցեխ եւ ստեղ­ծեց ռա­միկը։

Ցե­խոտ լու­րեր

Յար­գե­լի ըն­թերցող, մեր գրա­կանու­թեան լի­ճի խո­րու­թիւննե­րէն փոր­ձե­ցի երգ մը դուրս հա­նել։ Աւաղ, չյա­ջողե­ցայ։ Լոկ գտայ հայ­րե­նի մա­մու­լի մէջ տեղ գտած քա­նի մը ցե­խաթա­թախ խո­րագիր։ Անոնք կաս­կած չկայ, թէ կը ներ­կա­յաց­նէին մեր հան­րա­պետու­թեան ներ­կայ վի­ճակը՝ ազ­գա­յին ժո­ղովէն մին­չեւ Կիւմրի քա­ղաքի գռիհ­նե­րը։ Ահա այդ չորս զգա­յացունց վեր­նա­գիրը։ Անոնցմէ մէ­կը բնա­պահ­պա­նական էր՝ «Ակ­տի­ւիստնե­րը յաղ­թե­ցին իրենց վրայ ցեխ շփած շի­նարար­նե­րին», մէ­կը քա­ղաքա­կան՝ «Փոր­ձում են ցեխ շպրտել եւ իրա­կանու­թեանը չհա­մապա­տաս­խա­նող լու­րեր տա­րածել», իսկ մէկն ալ քա­ղաքա­գէտի մը ազ­գա­յին ժո­ղովի մէջ ար­տա­սանա­ծը. «Մի՚ շտա­պէք մարդկանց հա­նել ցե­խից, գու­ցէ դա նրանց բնա­կան վի­ճակն է»։ Բայց, ամե­նամա­քու­րը եկաւ Կիւմրի քա­ղաքէն, որ յայտնի է իր դեռ լու­ծում չգտած ցե­խի հար­ցով. «Եւ­րո­պական Բան­կը Կիւմրին ցե­խից կը հա­նի»։

Երա­զային ցե­խը

Ցե­խին պատ­մութիւ­նը չու­նի աւարտ։ Ամէն ան­գամ որ անձրե­ւը թրջէ մեր հո­ղը ան պի­տի շա­րու­նա­կէ հոս ու հոն տա­րածել իր սեւ հետ­քե­րը։ Բայց ես կ’առա­ջար­կեմ, որ դուք ձեր միտ­քին թե­լադ­րէք, որ այս գի­շեր երա­զի մէջ Վա­նէն կամ Սե­ւանէն եր­կու ափ ձեխ հա­նէք, մէ­կը ձե­զի, միւ­սը ձեր սի­րած­նե­րու հա­մար։ Մին­չեւ յա­ջորդ յօ­դուածս մնա­ցէք «ցե­խազերծ»։