«Պիտի եղբայրն եղբօր համար
չխնայի ոչ կեանք ոչ շունչ,
Սիրտը սրտին ընծայ բերի,
սէրը դնի որպէս կամուրջ»։
Վրացի գրող՝ Շօթա Ռուսթաւելի։
ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
Անհրաժեշտ չեմ համարեր անդրադառնալ հայ ժողովրդի դարերու ընթացքին ունեցած կորուստներուն, անոնց պատճառներուն ու հետեւանքներուն, մեղաւոր ու անմեղ դերակատարներուն, կեղծ ու շիտակ փրկարար գործիչներուն, որոնց կողքին ծախու դաւաճաններուն, որ անպակաս են. «Անէ՚ծք անոնց չար գործին» (Յով. Թ.)։ Ո՞ւր են այսօր Կիլիկիան չքնաղ Ատանայի հետ, Կարսն ու Արտահանը, Անին ու Նախիջեւանը, Կարինն ու Վանը. Ջաւախքի հետ եւ միւսները, որոնց չար բախտին արժանացաւ նաեւ Արցախը՝ երեք տասնամեակ ազատագրուելէ ետք։ Ան թերեւս դեռ փրկուելու հնարաւորութիւն ունէր, թոյլ, նուազ, բայց իրագործելի՝ միայն ճիշդ եւ տեղին քայլեր ձեռնարկելու պարագային, որ անհնար եղաւ ներքին անզուսպ պառակտումներու եւ քաղաքական հաւկուր եւ կարծրացած հակադրութիւններու հետեւանքով։
Ոչ ոք չի կասկածեր, որ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» բանաձեւը համազգային բնոյթի էր եւ ընդունելի բոլորի համար՝ առանց կարեւորելու հեղինակի անձը։ Այն համապատասխան էր բոլորի՚ ցանկութեանը, բայց մնաց օդի մէջ կախուած եւ դարձաւ համազգային ողբ։ Մեղաւոր փնտռել տեղին չէ եւ բանի չի ծառայեր, միայն թէ ամէն ինչ իր տեղը դնելը աւելորդ չէ։
Տարբեր առիթներով անդրադարձած ենք, որ Արցախը կորսնցուցինք 1994-ին, երբ Բիշքեքի հրադադարի ստորագրման ընթացքին հայ ջոջ գլուխները չհասկցան եւ չըմբռնեցին, որ իրաւացի էին որպէս յաղթական կողմ, պարտաւորել Արցախը ՀՀ անբաժան մաս, մինչեւ իսկ գրաւեալ միւս շրջանները վերադարձնելու պայմանով։ Այդ օրերուն հայր Ալիեւը ծնկադիր հրադադար կ՚աղերսէր, իսկ մեր արցախցի կլանային խմբերը խրախուսուած քաղաքական խմբերու կեղծ միջնորդութենէն, արբեցած էին անկախ պետութիւն հռչակելու մոլուցքով եւ մինչեւ իսկ պատրաստ էին «Պաքուն արեան ծով» դարձնել, որ միջազգային հանրութեան կողմէ անընդունելի պիտի ըլլար՝ հաշուի առնելով մեծ տէրութիւններու հսկայական աւանդները Պաքուի նաւթարդիւնաբերութեան ոլորտին։
Աւելին, քսան տարի ՀՀ-ի նախագահի պաշտօնը վարելով արցախցի նախկին պաշտօնեաները ոչ մէկ քայլ ձեռնարկեցին, որ գէթ Հայաստանը ճանչնար Արցախի անկախութիւնը։
Այս կէս լուրջ, կէս կատակ վիճակին, երբ ղեկավար դասակարգը թէ ՀՀ-ի եւ թէ Արցախի մէջ զբաղուած էր կատարեալ թալանով եւ անցան տարիներ առանց որեւէ քայլ ձեռնարկելու իրաւական տեսակով խնդրի լուծման հասնելու, մինչ ծերացած հայր Ալիեւին փոխարինած երիտասարդ զաւակը, նաւթի փողերու առկայութեամբ համբերեց, զինուեց եւ սպասեց իր յարմար պահին՝ ձեռնարկելու 44-օրեայ դժոխքը իր հետեւանքներով։
Պէ՞տք է արդեօք մեղաւորներ փնտռել։ Կը կարծեմ ոչ. անոնք բազում են, եւ տարբեր տրամաչափի, եւ իւրաքանչիւրը ունի իր սխալ քայլը։
Տեղին է քանի մը հարց յարուցել.
ա) Ի՞նչն էր պատճառը, որ արցախեան ղեկավար դասը պաղ յարաբերութիւններ ունէր ՀՀ իշխանութեան հետ վերջին հինգ տարիներուն, բայց առանձնաշնորհեալ էր ընդդիմադիր խմբերու հետ՝ զանց առնելով կարեւոր մի հանգամանք, որ ՀՀ-ն էր անոնց բոլոր ծախսերու երաշխաւորը եւ զէնք մատակարարողը։
բ) Ի՞նչ տրամաբանական հիմունքով համոզուած էր, թէ Արցախը միւս մարզերուն համազօր չի կրնար ՀՀ կազմին տեղ ունենալ եւ պիտի ըլլար անկախ միաւոր։
գ) Որո՞ւ թելադրանքով իշխանափոխութիւն ըրին, ո՞վ էր այդ քայլի գլխաւոր հեղինակը եւ շահառուն։ Արդեօք կարեւոր խախտումներ բացայայտուած էի՞ն։
դ) Որո՞ւ պահանջով, օրհնանքով եւ ի՞նչ միջոցներով Արցախի հոգեւոր առաջնորդը իր խմբով յայտնուած է երեւանեան վարչապետի հրաժարական պահանջող ցուցարարներու շարքերուն։
ե) Ի՞նչու արցախեան նորընտիր կառավարութիւնը մերժեց Ալիեւի առաջարկը՝ հանդիպել Սոֆիա 2023-ի գարնան, խորհրդակցելու կարգավիճակի մասին եւ հնարաւոր լուծում գտնելու միտումով, հաւանաբար ըստ իր շահերուն։ Մերժման պատճառը անյայտ է, բայց հետեւանքը յայտնի, երբ տարածքի մօտ 120 հազար մարդ տեղահանուեց, որու հիմնական տուժուող զոհը անմեղ ու խեղճ բնակիչներն են։ Ճիշդ է առակը, թէ «Ինչ կը քաշեն խեղճ ոտքերը տխմար գլխի պատճառաւ»։
զ) Արդի պայմաններուն միջազգային ատեանները ողողուած են Արցախի «Ժամանակաւոր կառավարութեան» հայցերով ճնշում գործադրել Ալիեւի վրայ՝ թոյլատրել տարագիրներուն իրենց տուն վերադարձը, որ քիչ հաւանական է, եւ ի՞նչ երաշխիքներով։
է) Հայ դատի յանձնախումբը, Ատրպէյճանին պատասխանատուութեան ենթարկելու համար, կը սատարէ օրէնսդրական առաջարկներու ընդունման։ Կ՚առաջարկուին լուծումներ, որոնք կ՚արգելեն ԱՄՆ ռազմական օգնութիւն ու ռազմական արտադրանքի տրամադրումը Ատրպէյճանին եւ կը նախատեսեն հետաքննութիւն՝ պարզելու պատժամիջոցներէն խուսափելու ատրպէյճանական քայլերը, ...որ անուրջ են եւ հաւանական է, որ կը մնան թղթի վրայ այդպիսին։
Պարզամիտ ըլլալը մարդկային բնական յատկութիւն է, մանաւանդ մեզ նման փոքր եւ տուժած երկրներու բնակիչներու համար, որոնք դեռ կը հաւատան արդար քայլերու գոյութեան՝ ուժեղներու կողմէն։ Վստահ եմ, որ մեր ազգակիցներէն ոմանք խնամքով կը պահեն Վիլսոնի քարտէզը եւ կը հաւատան, որ մի օր այն իրական կ՚ըլլայ։ Անհերքելի է, որ արդարութեան հասնելու միակ ուղին պատերազմել եւ յաղթելն է, որու համար նախ պէտք է երկար պատրաստուիլ եւ խելամիտ ըլլալ։ Ոչ մէկ միջազգային ատեան չի կրնար պարտաւորել Ալիեւին կամ անոր նման այլ անձին իր շահերէն դուրս որոշում առնել մարդասիրական սկզբունքներով, եթէ ինքը սպառնալիքի ենթակայ չէ, կամ որեւէ շահաւէտ պայման չկայ։ Եղեռնէն մինչ այսօր հարիւրաւոր, իմա՚ բազում դիմումներ, ժողովներ, որոշումներ եղած են Թուրքիոյ վերաբերեալ, բայց ի՞նչ փոխուած է եւ ինչ կրնար փոխուիլ, երբ բարոյական եւ նիւթական կաշառքը տէր եւ տիրական է ի սփիւռս աշխարհի, քանզի այն մարդկային տարրական որակ է։ Հասկցողին՝ ողջոյն։