ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Կէս

Աշակերտներուս կէսը արեւմտահայ է, միւս կէսը՝ արեւելահայ։ Կէսը «ում» կ’ըսէ, միւս կէսը՝ «կը»։ Եւ դեռ ունիմ աշակերտուհի մը որ «կէս հայ» է։ Հայը կը սիրէ «կէսը»։ Մենք կը կիսենք հացը, կը կիսենք ուրախութիւնը, կը կիսենք ցաւը…։ Իսկ Մատենադարանի մէջ հիացումով կը դիտենք աշխարհի ամենամեծ հայկական ձեռագիրը՝ Մշոյ ճառընտիրը, որ կիսուած էր դար մը առաջ, ապա հրաշքով գտաւ իր երկրորդ կէսը։ Այսօր, երբ հայութեան կէսը կ’ապրի հանրապետութեան մէջ, իսկ միւս կէսը՝ սահմանէն դուրս, որոշեցի հայկական կէսերու մասին գրել եւ հասկնալ, թէ ո՚ր բանաստեղծը երգեր է կէս ժամուայ սիրոյ, կիսամեռ թշուառութեան եւ իր մայրենի լեզուն «վատ իմասցող» կէս հայու մասին։ Այժմ, յարգելի ընթերցող, կէս գիշերային այս խաղաղ ժամուն, երբ կէս քուն ենք կէս արթուն՝ կէս կատակ-կէս լուրջ զրուցենք հայոց լեզուի «կէս» բառի մասին, եւ ես ջանամ որ աշխատանքս չմնայ իր կէս ճանապարհին՝ չմնայ կիսաւարտ։

 

Առաջին կէսը

 

Մէկուկէս հազարամեակ առաջ հայը ունեցաւ լիակատար այբուբեն եւ այդ օր սկսաւ «կէս» բառի գրաւոր պատմութիւնը։ Դուք, յարգելի ընթերցող, տեսնելով իր միակ վանկը, չկարծէք, թէ ան պակասաւոր եւ աննշան է իմաստով։ «Կէս»ը, համեստ եւ փոքրակազմ, կէս հազարէ աւելի (ճշգրտօրէն 628) օգտաշատ եւ պատկերաւոր բարդ բառերու ծնունդ տուաւ։ Ահա «կիսամահ» ածականը, որ տեղ գտաւ Աստուածաշունչ Մատեանի մէջ։ Նոյն օրերուն Մաշտոցի աշակերտ, Աստուածաշունչի թարգմանիչներէն Եզնիկ Կողբացին գործածեց «կէսք» բառը, որ կը նշանակէր՝ ոմանք։ Սուրբ Գիրքը ունի հետաքրքրական արտայայտութիւն մը. «Ոմանք հաւանէին բանիցն, եւ կէսք չհաւատային»։ Մեր Ոսկեփորիկ գիրքի մէջ քնարական բառ կը կայ. կիսաբաց։ Այս վերջինի շնորհիւ է, որ ունինք Կիսաբաց լուսամուտ, Կիսաբաց գիշեր, Կիսաբաց աչքեր եւ Կիսաբաց շրթունք բանաստեղծական թուացող արտայայտութիւնները։ Կիլիկեան Հայաստանի մատենագիր, գիտնական, իմաստասէր, թարգմանիչ, բանաստեղծ Ներսէս Լամբրոնացին տեսաւ, թէ ո՚չ ամէն սարկաւագ կատարեալ է՝ մեր հմուտ լեզուաբանը հայկական հոգեւոր բառապաշարը հարստացուց «կիսասարկաւագ» բառով։ Դուք կ’ուզէ՞ք գիտնալ, թէ ինչպիսի մարդ էր Գրիգոր Նարեկացին։ Իր Մատեանի մէջ բանաստեղծ սուրբը մրմնջաց, թէ ինքն է՝ «Թշուառ կիսամեռ»։

 

Կէս հազար «կէս»

 

Զարմանլի է, չէ՞, «կէս» բառով շինուած կէս հազարէն աւելի բառ ունինք։ Չէ, յարգելի ընթերցող, բոլորը արտատպելու նպատակ չունիմ։ Այդ գործը կը պահանջէ փոքրիկ բառարանի մը հրատարակութիւնը։ Ամենայնդէպս, կարելի է յիշել կէս տասնեակ մը ածական, որպէսզի մենք մասամբ վայելենք անոր պերճութիւնը. Հայը, կիսաժպիտ է, կիսախենթ, կիսամեռ կամ կիսակենդան (որ մէկը որ կը նախընտրէք)։ Ան ախոյեանն է նաեւ կիսանկախ պետութիւններու։ Հայը առաւելաբար, ամենուր կը սիրէ հրատարակել կիսամսագիր եւ ամէն բակի մէջ կը զետեղէ սուրբի եւ մտաւորականի կիսանդրին։ Իսկ կան ածականներ, կէսը անգործածելի եւ ժամանակավրէպ՝ «կէս» բառի խորթ կէսն են կարծես, քանզի գրականութեան մէջ մնացեր են կիսագործածելի,- քիչ մըն ալ ծիծաղելի, ինչպէս՝ կիսակապիկ, կիսակատու, կիսաձի, կիսէշ, կիսակօշիկ, կիսաւարտիք, կիսահովանոց…։ Հապա՞ կիսաթաղել եւ կիսագրկել բայերը։ Ո՞վ կ’ուզէ թաղուիլ կէս եւ գրկուիլ կէս։ Իսկ դուք կ’ուզէ՞ք լսել հայոց ամենամեծ «կէս»երը։ Վեց, եօթը նոյնիսկ ութը եւ աւելի վանկանոց բառեր են անոնք։ Հայկազնեան բառարանները լի են անոնց բազմաթիւ օրինակներով. Կիսազարմացական, 6 վանկ, կիսաթափանցիկութիւն, կիսաարհամարհական, կիսաինքնամոռացում, կիսաճորտատիրական, 7 վանկ, կիսաարհեստաւորական, կիսակաթուածահարութիւն, կիսապաշտօնականութիւն, 8 վանկ, իսկ այս մրցումին ախոյեանն է՝ կիսագրագէտ, համալսարանը կիսաւարտ թողած բառ մը՝ կիսահամալսարանական, 9 վանկ։ Մենք այսքան բառ շարադրեցինք եւ փորձեցինք ձեւանալ, թէ մայրենի լեզուն կատարելապէս գիտենք, որովհետեւ Ստեփան Զորեանը մեզ չմեղադրէ «կէս հայ» ըլլալու յանցանքով։ Կը յիշէ՞ք, օր մը գրողը ըսած էր. «Իր մայրենի լեզուն վատ իմացողը կէս մարդ է»։

 

Կէս խան ես

 

Բարբառները կէս կատար հայերէններ չեն։ Անոնք գունա­ւոր են, պատկե­րաւոր։ Հայը պէտք է որ սնունդ եւ իմաստութիւն քաղէ իր բարբառներէն։ Այս պատճա­ռով կ’առաջարկեմ որ ականջ տանք զէյթունցիին, արցախցիին, խարբերդցիին։ «Գէս». Ահա ասիկա էր «կէս» բառի բարբա­ռային ձեւը Զէյթունի, Խարբերդի, Հաճընի, Համշէ­նի եւ Սեբաստիոյ մէջ։ Մուսա լեռցին երբ իր հացին կէսը իր ընկե­րոջ պիտի տար, կ’ըսէր «կիս հուց»։ Էնկիւրիի թրքախօս հայերու համար «կէս» բառը միջնորդչէքն էր (Ինչպէս Պոլսոյ շուկա­յական միջավայրի մէջ գործա­ծուած «խանութ» բառը)։ Ուստի Էնկիւրիցի հայը կ’ըսէր. «Կէսիմի իսթէ­րիմ» (կէսս կ’ուզեմ) Պոլսա­հայը ունի նաեւ անարգա­կան բառ մը. «տանձը­կէս»։ Խարբերդի եւ Բալուի մէջ որոշ կերակուրները եփելու ժամանակ գործա­ծուող, կեղեւը հանուած եւ կիսուած սիսեռը կը կոչուէր «սիսեռկէս»։ Արցախցիի համար բառս «կըէս» է։ Արցախցին նաեւ ունի յայտնի արած մը. «Տանը հաց ու շոր վըեր ճարուից, կըէս խանըս», այսինք՝ տունը հաց ու շոր եթէ ունիս, կէս խան ես։

 

Հայուն կէսը

 

Ըստ բանաստեղծ Գեւորգ Էմինի հայը շատ հեռու էր խան ըլլա­լէ։ Ան, կը ներէք, գիտեմ վիրաւորիչ է, բայց պէտք է որ մէջբե­րեմ՝ հայը «կէս» է, կիսուած եւ կիսաւարտ։ Երբ ընթերցենք «Մենք» բանաստեղծութիւնը, արդէն կը հասկնանք, թէ հայը ինչու է այսպէս, կիսաժպիտ եւ կիսամեռ։ Էմինը կը բացատրէ. «Եւ ի՞նչ էինք մենք / Ու երկի­րը մեր, / Եթէ ծուռ նստենք, բայց խօսենք շիտակ. / Մենք խո՚ւլ ենք կիսով… / Մենք կա՚ղ ենք կիսով, / Քանզի ո՜ւր էլ մեր մի ոտքը դնենք՝ / Սուրիոյ աւազին, / Փարիզի մայթին, / Նեղոսի ափին, … / Մեր միւս ոտքը / Խրուած է Մասիս լերան ձիւնի մէջ… / Մենք կոյր ենք կիսով. / Միշտ թաց է եղել մեր աչքն արցունքից, / Մենք հա՚մր ենք կիսով. / Քանի՜ անգամ են կտրել մեր լեզուն… / Որ չուրա­խանա՚նք մեր ուրա­խութեամբ, / Մենք կէս, / Կէս ենք մենք, / Չլինէինք կէս՝ / Հայ կը լինէինք։ Իսկ «Վերջին ուսուցիչը» վիպակի հեղինակ Վարդգէս Պետրո­սեանն ալ նայեցաւ հայուն, ապա ափսո­սալով գրեց «Հայկա­կան էսքիզներ» գիրքը եւ ըսաւ. «Երկու հայից մէկի մէջ մի անաւարտ բանաստեղծ կայ, ամէն հայի մէջ՝ մի աւարտո­ւած փիլիսոփայ եւ առնո­ւազն կէս արտա­քին գործե­րի մինիստր»։

 

Կէս կոյսը

 

Դուք կ’ուզէ՞ք կէս ժամու մէջ յունա­րէն խօսիլ, ծանօթանալ կէս կոյսի մը հետ եւ կամ լսել կէս-բժշկական խօսակցութիւններ։ Եթէ դրական է պատասխա­նը, ուստի ձեզ կը հրաւիրեմ հայկա­կան գիրքե­րու զարմա­նալի աշխարհը, ուր բոլորը կը դառնան գրական իրականութիւն։ Իրօք, Պոլսոյ մէջ 1895 թուականին Տիմիթրիոս Չոլաքեանի հեղինակութեամբ գիրք մը լոյս տեսաւ։ Այդ գիրքը ընթերցողին կը խոստա­նար 30 վայրկեանի մէջ օտարալեզու դարձնել։ Գիրքին անո՞ւնը. «Յունա­րէն քերական ։ Կէս ժամու մէջ ուսա­նելի»։ (Այդ գիրքին մէկ օրինակը գրադարանիս մէջ ես ունիմ։ Կը ծրագրեմ օր մը, երբ կէս ժամ ազատ ժամանակ ունե­նամ, իսկոյն դառնալ յունա­խօս) Այդ օրերուն պոլսա­հայը կը հրճուէր կատակերգութիւն մը կարդա­լով. «Վեց ու կէս պորտի ժառանգ մնացած սնտուկը ։ Կատակախաղ մէկ արարով», 1893։ Ապա պոլսա­հայ բժիշկ մը յայտնուեցաւ իր նորագոյն գիրքով. «Կէս-բժշկական խօսակցութիւններ», 1904։ Վահան Թէքէեանը, որ հրաժեշտ տուած էր Պոլսոյ, Փարիզի մէջ հրատարակեց իր նորագոյն քերթո­ւածնե­րու ժողոուածուն. «Կէս-գիշերէն մինչեւ արշա­լոյս», 1919։ Իսկ Աթէնքի մէջ «Նոր Օր» թերթը 1927 թուականին ֆրանսա­կան գրականութեան զգայացունց մէկ գիրքը հրատարակեց. «Կէս կոյսեր», (Les Demi-vierges, Marcel Prevost)։

 

Հայու իմաստուն կէսը

 

Պոլսոյ մէջ Զահրա­տը «կէս» բառի մէջ գտաւ խոշոր երազ մը, սէր մը, որ պիտի տեւէր լոկ կէս ժամ. «Տարիներ վերջ / Կը յիշուին անոնք - կէս ժամուան սէրեր / Անմեղ կարճա­տեւ երազ մը կարծես»։ Նոյն օրերուն հայոց խորհրդային կէսի ամենամեծ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակը գրեց իմաստուն խօսք մը. «Ապրե­լու կէսն էլ պատուով մեռնելն է»։

 

Վերջին կէսը

 

Համոզուած եմ, թէ հայը կէս չէ, այլ ունի երկու կէս. զիրար ամբողջացնող, զիրար զարդա­րող։ Ինչպէս Վասպուրականցին։ Երկու բնութիւն՝ մէկ մարմի­նի մէջ։ Կը յիշէ՞ք, Վասպուրականի նուիրուած բանաստեղծութեան մէջ Գեղամ Գեղակը ըսած էր. «Կէսդ սուրբ է, կէսդ՝ հերոս»։ Յարգե­լի ընթերցող, ահա գրութիւնս հասաւ իր աւարտին։ Յուսամ որ ան չի կոչուիր կիսաւարտ եւ կիսարժէք։ Կը մաղթեմ որ դուք կեանքը եւ անոր շնորհները վայելեք լիովին, չմնաք կեանքի կիսաքաղցած։

 

Խնձորի կէսը

 

Ինչպէս մեր սովորութիւնն է, երգով մը անշուշտ հրաժեշտ պիտի տանք իրարու այս շաբաթ ալ։ Ըսեմ, թէ հայկա­կան երգաացանկի կէսը սիրային երգեր են, անոր կէսն ալ կեանքի կէսը մաշած աշուղի գանգա­տը։ Հայկա­կան երգի մտածողութեան մէջ գեղեցիկը «խնձորի կէս» է, տղայ եւ աղջիկ «Մի խնձոր են երկու կէս արած»։ Հայկա­կան երգի մէջ աղջի­կը միշտ պատճառ կ’ըլլայ, որ տղան, սիրածի մազին, տեսքին, հոտին համար իր կեանքի կէսը մաշեցնէ։ Ահա քանի մը քնքոյշ օրինակ. «Տարար իմ կեանքի կէսը, յա՜ր, յա՜ր», «Սիրուհիս, քեզ համար կեանքս կէս ելաւ», «Կեանքս մաշուել, եղել է կէս», «Աշուղ Շահէնին բանդել ես, / Ու թողել ես ճամփի կէսին», «Արշին ու կէս ծամեր ու մազիդ մատաղ»։ Իսկ այժմ լսենք Բամբիր խումբի սիրուած «Երկու կէս» երգը.

 

Էղնիմ էրկու կէս

Կէսս էղնի քեզ

Կէսդ էղնիմ ես

Կ’ուզեմ ըսեմ ես

կ’ուզեմ լսեմ քեզ

հոտդ առնիմ ես

ծոցս առնիմ քեզ

Էղնինք էրկու կէս

Քիփ կպնիմ քեզ

Սէրս էղնի քեզ։