ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Մոգ

Հայոց գրչութեան այդ մոգական բոյլը, - ի՜նչ գերբնական շնորհ, - յօժարեցաւ իջնել եւ ինծի պատմել «մոգ» բառի հմայքը: Ան քառաթեւ աղօթքի էր նման: Այդ պատմութիւնն է որ եւ ձեզի պիտի փոխանցեմ այս գիշեր:

Մոգեր եկան այս գիշեր

Կէս գիշերային այս ժամուն, երբ հանգիստ է չորս դին եւ կը ննջէ քաղաքը, երեք մոգեր եկան այցելութեան: Չէի ակնկալեր: Նուէրներ ունէին: Մէկը՝ քնար, մէկը գրիչ, մէկն ալ մագաղաթ: Խոստովանեցայ: Ապերախտ եմ եղած «մոգ» բառի նկատմամբ: Խօսեր եմ հարիւրաւոր այլ բառերու մասին, բայց «մոգ» բառը վրիպած է միտքէս: Չէ՞, որ ան տարին անգամ մը միայն կու գայ: Ուստի, այս գիշեր որոշեցի մոգական ծիսակատարութիւն մը կատարել: Հագայ շրջազգեստ, որ ունէր արծաթափայլ թեզանիքներ: Հագայ մանեակ, որ ունէր կախարդական գիրեր: Հագայ մատանի, որ ունէր խորհրդաւոր պատկերներ: Ձախ ձեռքս էր մոգական գունտը, աջ ձեռքս ունէր գաւազան: Գետինը շրջանակ մը գծեցի: Շուրջը շարեցի կապտորակ ուլունքներ: Վառեցի մոմեր: Ծուխ ելաւ: Արտաշնչեցի հնչիւններ, որոնք տիեզերքին հասկնալի էին լոկ: Դիմեցի անտես ոյժերուն…: Ես այս գիշեր կանչեցի հայոց գեղեցիկ խօսքի ոգիները. Ինտրաները, Վարուժանները, Սեւակները, որոնց քաղցր խօսքը երկնակամարի վրայ առկախ կը փայլի որպէս աստղ: Հայոց գրչութեան այդ մոգական բոյլը, - ի՜նչ գերբնական շնորհ, - յօժարեցաւ իջնել եւ ինծի պատմել «մոգ» բառի հմայքը: Ան քառաթեւ աղօթքի էր նման: Այդ պատմութիւնն է որ եւ ձեզի պիտի փոխանցեմ այս գիշեր:

Սեբաստիոյ մոգը

Ինծի յայտնուեցաւ նախ Դանիէլ Վարուժանը, հացի եւ քրտինքի երկրպագուն, որուն խորանն էր հայրենի ցորեանն ու անդաստանը: Ան կը պաշտէր նաեւ գեղեցիկն ու գինին: Քնար մը ունէր իր ձեռքը: Վենետիկէն է, ըսաւ, յոյսի եւ վերածնունդի քնարը: Յանկարծ մեր շուրջը լուսաւորուեցան հայոց տառերը: Վարուժանը փառք տուաւ անոնց, ապա սկսաւ հնչել հայոց մոգական գրիչներու անունները. «Փառք հայ տառերուն, որոնք անիմանալի խնամիութեամբ մոգական գրիչներու տակ հաւաքուած՝ Եղիշէին լեզուն ոսկի ըրին, Բագրատունիինը՝ ադամանդ, եւ Ալիշանինն ու Հայրիկինը՝ մեղր քաղցրահոս»: Այսպէս խօսեցաւ Վարուժանը, ապա անհետացաւ, ի՛նքն ալ դարձաւ լուսաւոր անուն մը:

Սկիւտարի մոգը

Ինծի յայտնուեցաւ նաեւ Տիրան Չրաքեանը: Մշուշամիտ մարդ էր ան, խորհրդաւոր…: Բանաստեղծ եւ իմաստասէր մը, որ բռնած էր նաեւ վրձին՝ Փարիզէն եկած: Անհունի երկրպագուն էր Չրաքեանը: Տաճա՞րն անոր… Թիւով երկու: Նախ՝ Իռենան, իր սիրելի կինը՝ Ինտրայի համար բնութեան սքանչելի երեւոյթ եւ հրաշալի խորհուրդ մը: Այդ օտարուհին սրբալոյս նշոյլ մըն էր, աննիւթական, որուն կարելի էր մերձենալ լոկ հոգեւոր եռանդով: Երկրորդը՝ սեւ նոճի մը, երկնասլաց, մշտնջենաւոր: Չրաքեանը համոզուած էր, թէ աստղալից երկինքը «հսկայաձեւ ծէս» մըն է, իսկ մարդն ալ՝ մոգն անոր. «Պէտք է որ երկիրն ըլլայ միշտ տաճար, / Եւ քուրմ թէ գիտուն՝ մարդկութիւնն ալ մոգ»: Որպէս բառերու երկրպագու՝ Չրաքեանը կը պաշտէր Եղիշէ Դուրեանը: Անկեղծ հիացումով ան ըսաւ. «Մոգ մ’է Դուրեան. Դուրեան սահմանուած էր, ի մէջ այլոց, ըլլալ մոգալեզու բառագէտը»:

Սիլիվրիի մոգը

Մօտեցաւ Ռուբէն Սեւակը: Զգայուն բանաստեղծ: Բժիշկի վկայական մը ունէր: Թանկարժէք մագաղաթ: Լոզան քաղաքէն: Բանաստեղծի մեհեանն էր իր սիրելի կինը, գերմանուհի մը գեղեցկագոյն, Լեւոնի եւ Շամիրամի մայր՝ տիկին Յաննի Ապելը: Սեւակը անոր «մոգական մարմինէն» ալեկոծուած, զայն միշտ դիտեց որպէս հմայքի եւ ներշնչումի աղբիւր, գրեց այս քնարական տողերը. «Աղբի՜ւր, աղբի՜ւր, ինչ հրճուանքով տենդագին / Երկարեցի թշուառ շրթնե՛րս ակիդ, / Ու ի՜նչ սիրով ըմպեցի ջո՛ւրդ անգին…: / Շրթունքս դե՛ռ քեզ կը փնտռեն տենդագին, / Ի՜նչ մոգութիւն կար մարմինիդ մէջ համակ»:

Արեւելքի երեք մոգերը

Հայկական գրականութեան արեւելեան կողմը, Արաքս գետի ձախ կողմը նկատի ունիմ, յայտնուեցան երեք մոգեր: Մէկը Տէրեանն էր: Ան ցանկացաւ, որ կոյսի «դիւթող» պատկեր մը թող պարուրէր զինք: Տղան մեղմօրէն շշնջաց. «Քո հայացքը մոգական / Բորբոքում է քաղցր դող»: Եղիշէ Չարենցը մոգական լապտեր բռնեց, որպէսզի տեսնէ եւ նկարէ գեղեցիկը. «Կարծես ես տեսնում եմ Ձեզ / Մոգական մի լապտերի / Լուսազարդ, բիլ նկարում…: Մոգական մի լապտերի / Կապտաւուն լոյսի նման / Այս գիշեր կարօտս անծիր, / Ձեր հեռու հրին գերի / Ուղեղիս լաթի վրայ / Նկարում է դէմքը Ձեր»։ Իսկ «Անլռելի զանգակատուն» պոեմի մէջ Պարոյր Սեւակը «բիբլիական գաւազան» մը բռնած որոշեց, թէ Կոմիտասն է հայոց երգի մոգը. «Դու մեր կարօտ ու մեր մորմոք, / Մեր տաղի քուրմ, / Մեր խաղի մոգ»:

Մոգական բառեր

Մոգական է Հայոց լեռնաշխարհը, նոյնչափ կախարդական՝ իր լեզուն: Հազար ու հազար տարի մեր ձորերու մէջ, սարերու վրայ ի՛նչ մոգութիւններ կատարուեցան…. Մենք չենք յիշեր, մայրենին կը յիշէ: Ե. դարուն ունէինք «մոգ»ը: Ո՞վ էր ան. հայկազնեան բառարանները խօսեցան. «Մարգարէ հեթանոսաց, սուտ գուշակ, հմայող, քաղդեայ, գէտ, աստեղագէտ, օրէնսգէտ ըստ դենից, քուրմ, կրակապաշտ, կախարդ»: Ապա հայը իր Գիրքի մէջ կարդաց երեք բարի մոգերու մասին. «Մոգք յարեւելից եկին յԵրուսաղէմ»: Ըստ Խորենացիի մոգը «երազահան» էր, ըստ Զաքարիա կաթողիկոսի՝ «Ազգք են պարսիկք՝ պարապեալ յաստեղաբաշխութիւն… եւ ʼի հմայս»: Կ’արժէ նաեւ յիշել, թէ Ոսկեդարուն մոգ բառի յոգնակին էր «մոգեան»: Ապա Հայկազնեան լեզուի մեծ թափորին մաս կազմեցին «մոգութիւն» եւ «մոգպետ» բառերը, 5-րդ դար, Եշիշէ, Փարպեցի, Վարք հարանց, «մոգպաշտէ» բառը, 5-րդ դար, Մովսէս Խորենացի, «մոգակրօն» բառը, 5-րդ եւ 6-րդ դարեր, Անանիա, Ոսկեփորիկ, «մոգել» բայը, 9-րդ եւ 10-րդ դարեր, Զաքարիա կաթողիկոս: Այնուհետեւ հայոց մատենագրութիւնը զարդարուեցաւ հմայիչ խօսքերով: Ահա հիներէն քանի մը ընտիր խօսք. «Մոգութեան գահ եւ պատիւ չտայք», «Զմոգակրօն զքաղդէական մոխրապաշտութեանցն զիղձս», «Առաքեաց ʼի մոգակրօնիկ աշխարհ զմոգսն», «Այր ոմն Սիմոն ... մոգէ՛ր, եւ ապշեցուցանէր զազգն սամարացւոց»: Իսկ դուք, յարգելի ընթերցող, եթէ կը փափաքիք հայկական մոգութեան պատմութեան ծանօթանալ՝ հաճեցէք ընթերցել Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի «Հին հաւատք կամ հեթանոսական կրօնք հայոց» աշխատասիրութեան Ժ. գլուխը:

Նորածին մոգութիւններ

«Մոգ» բառը, հակառակ իր արարիչ ոյժերուն, չունի բարդ եւ ածանց բառերու մեծաթիւ համաստեղութիւն մը: Հետեւաբար, այս գիշեր կը մտածեմ գթասիրտ ըլլալ եւ ստեղծել քանի մը բառ. Մոգածին- մոգութենէ ծնունդ առած, Մոգաստեղծ- մոգութեամբ ստեղծուած, Մոգարար- մոգութիւն ատարող, Մոգաշունչ- խորհրդաւոր խօսքերու եւ գիրերու համար գործածելի ածական, Մոգամոլ- մոգական ոյժերու հաւատացող, անոնց հպատակը, Մոգամերժ- մոգական ծէսեր մերժող, Մոգանուէր- մոգերու կողմէ ընծայուած (տաղանդ, առարկայ):

Չար մոգը, բարի մոգը

Մոգը բարի է, մոգը չար: Մոգը կը սիրէ, մոգը կ’ատէ: Մոգը կ’օրհնէ, կ’անիծէ: Այսօր ես ըլլամ բարի եւ ազնուօրէն բացատրեմ մոգերու եւ մոգութեան տեսակները, ըստ հայոց ատրուշաններէն բխած առասպելախառն պատմութեան: Առաջինը վնասակար մոգութիւնն է, մութ, չար: Ան վնաս կը հասցնէ մարդոց մարմինին եւ հոգիին: Ան է որ կը տարածէ մահացու համաճարակ եւ ախտ: Հայու ծանօթ երկրորդ մոգութիւնն է ռազմականը: Մենք ունեցեր ենք մարտի յաղթական ոգիները կանչող պարեր: Բարձրացուցեր ենք կախարդուած զէնքեր: Կայ նաեւ բժշկական մոգութիւն: Գործածեր ենք խորհրդաւոր աղօթքներ, պատրաստեր ենք պառաւական դեղեր: Երբեմն երաշտ էր մեր դաշտերու վրայ: Զօրաւոր մոգը եկաւ, կատարեց ծէս: Իսկոյն փոխուեցաւ օդը: Ամպեր կուտակուեցան եւ մաղեցաւ սրբազան անձրեւ: Յղիացնող կաթիլները հաճեցան իջնել հողի վրայ…: Իսկ ձեր սիրած գեղեցիկը, յարգելի ընթերցող, եթէ անտարբեր է, աննկատ եւ անժպիտ՝ կանչեցէք սիրոյ մոգը: Ան գիր պիտի ընէ (գիր ընել- ընտիր հայկական դարձուածք, կախարդանքի ենթարկել, գիրով հմայութիւն ընել) եւ ձեր ցանկացած անձը ակամայ պիտի դառնայ ձեր հպատակը: Դուք մոգական ոյժերուն կասկածանքով նայող թերահաւա՞տ մըն էք դեռ: Մտաբերէք հայոց ազգային դիւցազնավէպը՝ «Սասունցի Դաւիթը»: Կը յիշէ՞ք, Ծովինարը օր մը զբօսանքի ելած կը ճեմէր: Ծարաւեցաւ: Աղերսանք ուղղեց երկինքին: Ժայռի մէջէն աղբիւր մը բղխեցաւ: Հոսեցաւ վճիտ ջուր: Ծովինար գեղեցկուհին այդ մոգական աղբիւրէն երկու բուռ ջուր խմեց: Յղիացաւ: Ապա, ծնունդ տուաւ զոյգ տղաներու: Մոգական հէքիաթ:

Մոգական գիրքեր

Ընթերցանութիւնը մոգական գրաւչութիւն ունի: Այս գիշեր, երբ բոլորս խոր պակուցումով եւ ակնածանքով կը դիտենք հայկական գրչութեան համաստեղութիւնը, երախտապարտութեան զգացումով մը անհուն՝ կը փափաքիմ ոգեկոչել այն հրատարակութիւնները, որոնց անունները «մոգ» բառով զարդարուած են: Ահա անոնք թերթ առ թերթ դուրս կու գան մատեաններու արկղէն: «Գաղտնիք եւ արուեստ մոգութեան», Պոլիս, 1889, «Արեւելք» լրագիրի հրատարակութիւն: Ահա հայկական գրատպութեան առաջին գիրքը որ իր խորագիրի մէջ կը պարունակէ «մոգ» բառը: Ապա լոյս տեսան այլ զարմանահրաշ գիրքեր. «Չորրորդ մոգը», Թիֆլիս, 1893: «Երեք թագաւոր մոգերու զրոյցն հայկական մատենագրութեան մէջ եւ անոր կարեւորութիւնն», Վենետիկ, 1910: Բարեբախտ էր այդ տարին. Վարուժանը Սեբաստիոյ մէջ ամուսնացաւ Արաքսիի հետ, Սեւակը Լոզանի մէջ՝ Յաննիի հետ: Իսկ մեր օրերուն գիրքերու մոգական աշխարհը կը շարունակէ մեզ զարմացնել: ՀԲԸ Միութիւնը հրատարակեց շահեկան գիրք մը՝ «Գառզու : Մոգական աշխարհի մը նկարիչը», Անթիլիասը տպեց թատերախաղերու ժողովածու մը՝ «Մոգական հայելիներ», Երեւանի Զարթօնք հրատարակչատունը լոյս ընծայեց բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյ մը՝ «Մոգական աչք»: Այս ցանկին վերջին օղակը Սեյրան Գրիգորեանի «Ինչու ես տխուր» վէպն է, ուր հեղինակը կը խորհի կին կոչուած հրաշքի մասին. «Տեսնես ինչ հրաշքներից է ձուլուած կինը, այդ խելակորոյս, այդ մոգական, այդ աստուածաշունչ էակը»:

Մոգական խաղիկ

Մեր սիրելի հիւրերը մէկիկ մէկիկ վերադարձան իրենց յաւերժական բնակավայրը: Իսկ ես, ինչպէս սովորութիւն է, երգով մը հրաժեշտ կու տամ ձեզի: Յարութ Փամբուկճեանի «Մոգական լապտերիկ» երգն է ան: Մինչ դուք լսէք անոր կախարդական խօսքերը, ես ալ կը մաղթեմ, որ երեք մոգեր, գրական կամ իշխանական, ինչպէս որ կը փափաքիք, յանկարծ այցելութեան գան եւ ընծաներով ուրախացնեն ձեզ:

Մոգական լապտերիկը գլանակ է դատարկ,

Հայելիներ կան նրա մէջ` բիւրեղներ գունազարդ…,

Մոգական լապտերիկ` գոյների սիրուն խաղ,

Պատկերներ, որ ստեղծւում ու կորչում են դանդաղ…,

Մոգական լապտերիկ է մեր կեանքը կախարդ,

Իսկ մենք ստեղծուած մի կարճ ակնթարթ…,

Ապրենք միասին, մեռնենք միասին,

Մոգական լապտերիկը մանկան խաղ է սին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ