ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարը պահանջեց Ատրպէյճանի մէջ անօրինաբար պահուող հայ գերիները անյապաղ ազատ արձակել, հաղորդեց Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանատունը։ 3 Մարտին, Ժընեւի մէջ մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 58-րդ նստաշրջանին իր ելոյթին մէջ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատար Ֆոլքեր Թիւրք առանձնացուց Ատրպէյճանի մէջ անօրինաբար պահուող բոլոր անձերուն, որոնց կարգին ազգութեամբ հայերուն հարցերը`նշելով, որ անոնք պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին, պէտք է բոլորովին պահպանուի արդար դատաքննութեան անոնց իրաւունքները։
Թիւրք նաեւ ընդգծեց, որ ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն։ Ան յայտնեց, թէ ինք կը յուսայ, որ անոնք կ՚առաջնորդեն ճշմարտութեան հաստատման եւ հաշտեցման գործընթացի մը, որուն ինք պատրաստ է իր աջակցութիւնը ցուցաբերելու։
Պաքու արձագանգեց Ատրպէյճանի մէջ անօրինաբար պահուող հայերը անյապաղ ազատ արձակելու՝
Մ.Ա.Կ.-ի բարձր յանձնակատարին կոչին
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ, արձագանգելով Ատրպէյճանի մէջ անօրինաբար պահուող հայերը անյապաղ ազատ արձակելու մասին Մ.Ա.Կ.-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատար Ֆոլքեր Թիւրքի յայտարարութեան՝ յայտնեց, որ «արդարութեան հասնելու համար պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկել պատերազմական յանցագործութիւններու, ցեղային զտումներու, պատերազմական գործողութիւններու, խոշտանգումներու եւ այլ ծանր յանցագործութիւններու համար մեղադրուողները կամ դատապարտուողները: Միայն ճշմարտութեան բացայայտումով եւ յանցագործութիւններու հետեւանքներու վերացումով խաղաղութիւնը եւ հաշտութիւնը պիտի յաղթեն անպատժելիութեան», ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու, ըսաւ Հաճիզատէ: Յիշեցնենք, որ 3 Մարտին, Ժընեւի մէջ, Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 58-րդ նստաշրջանին, իր ելոյթին ընթացքին, Մ.Ա.Կ.-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատար Ֆոլքեր Թիւրք առանձնացուց Ատրպէյճանի մէջ անօրինաբար պահուող բոլոր անձերուն, որոնց կարգին ազգութեամբ հայերուն հարցերը` ըսելով, որ անոնք պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին, պէտք է բոլորովին պահպանուի արդար դատաքննութեան անոնց իրաւունքները