«Հերթով կը բանտարկուինք, հիմա մեր հերթն է»

Երբ 29 Նո­յեմ­բեր 2024-էն ցայ­սօր ձեր­բա­կալո­ւած մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան Նի­մեթ Թան­րը­վեր­տի ազատ ար­ձա­կուե­ցաւ, վեր­ջերս ձեր­բա­կալո­ւած լրագ­րողներ՝ Էր­ճիւմենթ Աք­տե­նիզ, Եըլ­տըզ Թար եւ Էլիֆ Աք­կիւլ կը շա­րու­նա­կեն կա­լան­քի տակ մնալ։

Քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րու, ընդդի­մադիր քա­ղաքա­պետ­նե­րու, լրագ­րողնե­րու եւ մտա­ւորա­կան­նե­րու ուղղեալ դա­տական հա­լածան­քը յա­րատեւ բնոյթ ստա­ցած է։

Էլիֆ Աք­կիւլ իր փաս­տա­բանի մի­ջոցով ու­ղերձ մը հա­ղոր­դեց: Աք­կիւլը նշեց, որ իր հո­գեվի­ճակը լաւ է. «Հի­մա մեր հերթն է բանտ մտնե­լու: Յոյ­սով եմ, որ սա վեր­ջի­նը կ՚ըլ­լայ»:

«ԹԱԶ» լրագ­րութիւ­նը յի­շեց Աք­կիւլի լրագ­րա­կան ան­ցեալը եւ անոր աշ­խա­տան­քը, յատ­կա­պէս կա­նանց իրա­ւունքնե­րու, մա­մու­լի ազա­տու­թեան եւ ար­տա­յայ­տո­ւելու ազա­տու­թեան ոլորտնե­րուն: Աք­կիւլը, որ մրցա­նակ ստա­ցած էր 2017-ին, սպա­նուած լրագ­րող Հրանդ Տին­քի մա­սին յօ­դուա­ծաշա­րի հա­մար, տա­րիներ շա­րու­նակ աշ­խա­տած է ան­կախ լրա­տուա­կան կազ­մա­կեր­պութիւններուն:

pakrates@yahoo.com

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ