ՆԱԹՕ-ի զօրավարժութիւններ՝ Հայաստանի մասնակցութեամբ

28Ապ­րի­լին, Թիֆ­լի­սի մէջ ըն­թացք առին ՆԱ­ԹՕ-ի բազ­մազգ զօ­րավար­ժութիւննե­րը, որոնց կը մաս­նակցին նաեւ Հա­յաս­տա­նէն սպա­ներ, յայտնեց Վրաս­տա­նի Հան­րա­յին պատ­կերաս­փիւռի կա­յանը՝ վկա­յակո­չելով երկրի պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թեան հա­ղոր­դագրու­թիւնը:

Ըստ նոյն աղ­բիւրին՝ վար­ժութիւննե­րուն կը մաս­նակցին 17 եր­կիրնե­րու զի­նուո­րական­ներ, որոնց կար­գին՝ Հա­յաս­տա­նէն, Ատրպէյ­ճա­նէն, Թուրքիայէն, Եւ­րո­պական Միու­թեան ան­դամ եր­կիրնե­րէ եւ Թու­նուզէն:

«Զօ­րավար­ժութիւննե­րուն նպա­տակը ջո­կատի մա­կար­դա­կով բազ­մազգ ստո­րաբա­ժանում պատ­րաստելն է` վրա­ցական կող­մի ղե­կավա­րու­թեամբ` ծրագ­րա­ւոր­ման եւ ճգնա­ժամա­յին գոր­ծո­ղու­թիւններ իրա­կանաց­նե­լով», կ՛ըսո­ւի վրա­ցական կող­մի հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ