Բանուորական Ֆիլմերու Միջազգային Փառատօնը 20 տարեկան

Այս տա­րի 20-րդ ան­գամ է որ կը կա­յանայ Բա­նուո­րական Ֆիլ­մե­րու Մի­ջազ­գա­յին Փա­ռատօ­նը։ Մա­յիս 1-11 թո­ւական­նե­րուն, Ան­գա­րայի, Պոլ­սոյ եւ Իզ­մի­րի ցու­ցադրու­թիւննե­րով, 17 եր­կիրնե­րէ 81 ժա­պաւէն առանց հո­վանա­ւորի եւ առանց մրցոյ­թի պի­տի ներ­կա­յանայ հան­դի­սատես­նե­րուն։

Այս տա­րի սի­նամա­սէրե­րը պի­տի վա­յելեն 59 տե­ղական, 22 օտար ժա­պաւէն­ներ։ Ֆիլ­մե­րու ցու­ցադրու­թիւնը անվճար է։

Պոլ­սոյ Եւ­րո­պական կող­մը ֆիլ­մե­րու ցու­ցադրու­թիւննե­րը պի­տի կա­յանա­յ Պէ­յօղ­լու Սի­նեման, Ֆրան­սա­կան Մշա­կու­թա­յին Կեդ­րո­նը եւ Այ­նա­լը Փա­սաժի Ձեռ­նարկի Սրա­հին մէջ. իսկ Ասիական ափը, Գա­տըգիւղ՝ Պա­րըշ Ման­չօ Մշա­կու­թա­յին Կեդ­րոն եւ Ձե­ւաւոր­ման Ար­հեստա­նոցի մէջ պի­տի կա­տարո­ւին։ Ան­գա­րայի մէջ ցու­ցադրու­թիւննե­րը Տո­ղան Թաշ­տե­լէն Ժա­մանա­կակից Արո­ւեստնե­րու Կեդ­րոն, Միւլքի­յէլի­լէր Միու­թիւն, Մե­քենա­գէտ­նե­րու Պա­լատի Կրթա­կան եւ Մշա­կու­թա­յին Կեդ­րոն, Գիւլթ Գա­վագ­լը­տերէ Սի­նեմա­յի մէջ. իսկ Իզ­մի­րի մէջ՝ Ֆրան­սա­կան Մշա­կու­թա­յին Կեդ­րոն, Թիւրքան Սայ­լան Մշա­կու­թա­յին Կեդ­րոն, Թա­րըք Աքան Երի­տասար­դա­կան Կեդ­րոն, Մար­սիաս Բեմ, Գար­շըեաքա Ժո­ղովրդա­յին Տուն, Սա­նաթ­հա­նէ եւ Մեն­տե­րէս Մշա­կու­թա­յին եւ Կեան­քի Միու­թեան մէջ պի­տի իրա­կանա­ցուին։

Նախ Մա­յիս 1-ի
տօ­նակա­տարու­թիւննե­րը,
ապա փա­ռատօ­նի բա­ցու­մը

Պոլ­սոյ եւ Իզ­մի­րի բաց­ման ժա­պաւէ­նը, տնա­յին գոր­ծա­ւոր­նե­րու աննշմար աշ­խա­տանքն ու դա­սակար­գա­յին հա­կամար­տութիւննե­րը քննար­կող Էր­քան Թահ­հուշօղ­լո­ւի «Շրջան»ը պի­տի ըլ­լայ։ Պոլ­սոյ բա­ցու­մը, Մա­յիս 2, Ուրբաթ, ժա­մը 19.30-ին Աթ­լաս Սի­նեմա­յի մէջ, Էմ­րէ Ճան­փո­լաթի հա­ղոր­դա­վարու­թեամբ երե­կոյին պի­տի կա­տարո­ւի։ Դե­րասան­ներ Մերթ Ֆը­րաթ, Սեր­տար Օր­չին, Թա­ներ Ռու­մե­լի, Լե­ւենթ Իւ­զիւմճիւ եւ սի­նեմա­յի քննա­դատ Ալին Թաշ­չըեան երե­կոյին պի­տի մաս­նակցին։ Բե­մադ­րիչ Եէշիմ Ուսթաօղ­լո­ւին շնոր­հա­կալա­կան յու­շա­տախ­տակ պի­տի պար­գե­ւուի. սեթ գոր­ծա­ւոր՝ քասթ տնօ­րէն Էզ­կի Պալ­թաշ բեմ հրա­ւիրո­ւելով պի­տի պատ­ւո­ւի։

Ան­գա­րայի բաց­ման ժա­պաւէ­նը, Տքթ. Իս­մա­յիլ Պէ­շիք­չիի կեան­քը պատ­մող «Մեր Իս­մա­յիլը» պի­տի ըլ­լայ։ Բե­մադ­րի­չը՝ Ֆա­թին Գա­նաթ, ժա­մը 18.00-ին Տո­ղան Թաշ­տե­լէն Ժա­մանա­կակից Արո­ւեստնե­րու Կեդ­րո­նի մէջ հան­դի­սատե­սին հետ պի­տի հան­դի­պի։ Իզ­մի­րի բաց­ման երե­կոյի պա­տուա­ւոր հիւ­րը դե­րասա­նու­հի Նա­զան Քե­սալ պի­տի ըլ­լայ։

Եէշիմ Ուսթաօղ­լո­ւի հա­յեացք
եւ վար­պե­տու­թեան դաս

Փա­ռատօ­նի մէջ այս տա­րի բե­մադ­րիչ Եէշիմ Ուսթաօղ­լո­ւի հա­մար յա­տուկ հա­յեացք մը պատ­րաստո­ւած է։ «Դէ­պի Արեւ Ճամ­բորդու­թիւն», «Ամ­պե­րուն Սպա­սելով», «Փան­տո­րայի Տու­փը», «Արաֆ» եւ վա­ւերագ­րա­կան «Մէջ­քերնին Կեան­քը» փա­ռատօ­նի ըն­թացքին պի­տի ցու­ցադրուին։ Նաեւ Մա­յիս 10-ին Պոլ­սոյ Այ­նա­լը Փա­սաժի մէջ ժա­մը 15.00-ին Ուսթաօղ­լո­ւի հետ վար­պե­տու­թեան դաս մը պի­տի կազ­մա­կեր­պո­ւի։

«Տար­կէ­չիթ» վա­ւերագ­րա­կան
եւ քննար­կում

Պեր­քէ Պա­շի բե­մադ­րած «Տար­կէ­չիթ» վա­ւերագ­րա­կանը, 1995-ին բռնի կեր­պով ան­հե­տացո­ւած Տա­վութ Ալ­թընքայ­նա­քի պատ­մութեան մի­ջոցով բա­ցուած ԺԻ­ԹԷՄ դա­տը կը պատ­մէ։ Ժա­պաւէ­նը, Մա­յիս 10 Շա­բաթ ժա­մը 17.00-ին Այ­նա­լը Փա­սաժի մէջ պի­տի ցու­ցադրո­ւի։ Ան­կէ ետք Յի­շողու­թեան Կեդ­րո­նի մաս­նակցու­թեամբ, Քութսալ Մո­թորէն Հա­սան Ճէօմեր­թի ժո­ղովա­վարու­թեամբ «Ժա­մանա­կին Դի­մադ­րողնե­րը. Կոր­սո­ւած­նե­րու Հա­մար Ար­դա­րու­թեան Հետ­քե­րով» խո­րագի­րով քննար­կում պի­տի կազ­մա­կեր­պո­ւի։

Մի­ջազ­գա­յին հիւ­րեր

Զո­ւիցե­րիացի բե­մադ­րիչ Սա­միր, Մա­յիս 6-ին Պա­րըշ Ման­չօ Մշա­կու­թա­յին Կեդ­րո­նի մէջ, ամե­րիկա­ցի բե­մադ­րիչ Նել­լի Քլուզ Մա­յիս 9-ին Պէ­յօղ­լու Փե­րա եւ Մա­յիս 10-ին Այ­նա­լը Փա­սաժի ցու­ցադրու­թիւննե­րէն ետք հան­դի­սատես­նե­րուն հետ զրոյց պի­տի իրա­կանաց­նեն։

Ան­գա­րայի մէջ ամէն օր
քննար­կումներ եւ զրոյցներ

Ան­գա­րայի մէջ փա­ռատօ­նի ըն­թացքին ամէն օր ձեռ­նարկներ պի­տի կազ­մա­կեր­պո­ւին։ Կիւրսել Քո­րաթի հետ զրոյց, ապա­տեղե­կատո­ւու­թեան քննար­կում, ֆիլ­մի այ­ցե­լու­թիւն, Օ՛ֆիլմ եւ Չարք ֆիլ­մի մա­սին զրոյցներ, Սել­տա Թաշ­քըն եւ Փրոֆ. Տքթ. Սեր­տար Էօզ­թիւրքի հետ խմբագ­րութեան եւ ֆիլ­մի լե­զուի մա­սին նիս­տեր պի­տի կա­տարո­ւին։ Նաեւ յա­տուկ ցու­ցադրու­թիւններ Մա­նու­շա­կագոյն Արա­հետ Կի­ներու Միու­թեան, ՕՏ­ԹԻՒ Վիշ­նե­լիք Շրջա­նաւարտնե­րու Միու­թեան եւ ՕՏ­ԹԻՒ Սի­նեմա Խմբակ­ցութեան գոր­ծակցու­թեամբ պի­տի իրա­կանա­նան։

Իզ­մի­րի մէջ քայ­լարշաւ եւ քո­ւիր դի­մադ­րութեան ձեռ­նարկներ

Փա­ռատօ­նի Իզ­մի­րի բա­ժինը, Մա­յիս 1-ի քայ­լարշա­ւով պի­տի սկսի։ Ժա­մը 11.30-ին Պոր­սա­յի Շէնք, ՍԿՔ-ի առ­ջեւ հա­ւաքո­ւող փա­ռատօ­նի կա­մաւոր­նե­րը, ԻՖՖ երթ կազ­մե­լով Մա­յիս 1-ի հրա­պարակ պի­տի քա­լեն։ Իզ­մի­րի մէջ ամէն օր տար­բեր վայ­րե­րու մէջ բե­մադ­րի­չի մաս­նակցու­թեամբ ֆիլ­մե­րու ցու­ցադրու­թիւններ պի­տի ըլ­լան։ Փա­ռատօ­նը, Մա­յիս 3 Շա­բաթ, Ֆրան­սա­կան Մշա­կու­թա­յին Կեդ­րո­նի մէջ ժա­մը 18.30-ին «Կուքլա» ժա­պաւէ­նով պի­տի սկսի։ Ան­կէ ետք ֆիլ­մի մա­սին պի­տի խօ­սուի։

Մա­յիս 4-ին Կեանք Քո­ւիր­Ֆեսթ եւ Նո­յեմ­բեր 20 Ատե­լու­թեան Ոճիր­նե­րու Դէմ Պայ­քա­րի Միու­թեան գոր­ծակցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պո­ւելիք ձեռ­նարկին մէջ, քո­ւիր սի­նեմա­յի պայ­քա­րող ձայ­նը Իզ­միրցի հան­դի­սատե­սին պի­տի ներ­կա­յանայ։ Մա­յիս 5-ին Թե­մել Ճոն­թա գոր­ծա­ւոր­նե­րու գոր­ծա­դու­լի տա­րած­քին մէջ յա­տուկ ցու­ցադրու­թիւն մը պի­տի կա­տարո­ւի։ Փա­ռատօ­նը, Մա­յիս 11-ին Պեր­կա­մա Նա­ւու մէջ փակ­ման ձեռ­նարկով եւ «Լոյ­սի Հունձքը» ժա­պաւէ­նի ցուցադրութիւնով պի­տի աւարտի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ