Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած՝ Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը

ԱՐՏԱ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

(Տոքթ. Ընկերալեզուաբանութեան)

Լեզու, սփիւռք, հայ­­րե­­­նիք, յի­­շողու­­թիւն, ինքնու­­թիւն, ձու­­լում, մայ­­րե­­­նի լե­­զու, լե­­զու­­նե­­­րու ան­­հե­­­տացում, լե­­զուա­­պահ­­պա­­­նում, լե­­զու­­նե­­­րու վե­­րակեն­­դա­­­նացում, փոք­­րա­­­մաս­­նութիւններ՝ ամէ­­նէն շատ սեր­­տո­­­ւած նիւ­­թերն են ըն­­կե­­­րալե­­զուա­­բան­­նե­­­րու կող­­մէ։ Պա­­տահա­­կան չէ, որ լե­­զուա­­պահ­­պա­­­նու­­մի հար­­ցը առաջ­­նա­­­հերթ տեղ սկսած է գրա­­ւել հա­­մաշ­­խարհա­­յին գետ­­նի վրայ։

Թի­­ւերով խօ­­սինք

Ան­­ցեալին ու­­նե­­­ցած ենք 12,000 լե­­զու­­ներ, եւ այ­­սօր 6,000 լե­­զու­­ներ գո­­յու­­թիւն ու­­նին։ Այս 6000 լե­­զու­­նե­­­րէն 276-ը կը խօ­­սուին մէկ մի­­լիոն հա­­շուող ժո­­ղովուրդնե­­րու կող­­մէ եւ 80-90%-ն ալ կը խօ­­սուին բնիկ ժո­­ղովուրդնե­­րու կող­­մէ, որոնք հա­­զիւ 10% կը հա­­շուեն երկրի բնակ­­չութեան։ Այս կը նշա­­նակէ, թէ այ­­սօր լե­­զու­­նե­­­րու 80-90%-ը կը գտնո­­ւի աշ­­խարհի բնակ­­չութեան 10%-ին մօտ, որոնց մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը թի­­ւով քիչ է եւ տկար, ինչպէս՝ Փա­­փուա Նոր Կի­­նէայի ուա­­րաբու­­նե­­­րը, որոնք թի­­ւով 500 են, եւ մա­­լոլ խումբը՝ 3300։

Օրի­­նակի հա­­մար, 1500 թո­­ւակա­­նին Պրա­­զիլիոյ մէջ 1,175 լե­­զու­­ներ կը խօ­­սուէին, եւ թէ 1993-ին անոնց թի­­ւը 200 կը յա­­շուէր։ 1996 թո­­ւակա­­նին Սու­­տա­­­նի հա­­րաւը 132 լե­­զու­­ներ կը խօ­­սուէին, եւ թէ 2020-ին անոնց թի­­ւը 17 կը յա­­շուէր։ Այ­­սօր, Ին­­տո­­­նիզիոյ մէջ 425, Փա­­փուա Նոր Կի­­նէայի մէջ 312, Աւստրա­­լիոյ մէջ 190, եւ Ամե­­րիկա­­յի մէջ 180 լե­­զու­­ներ վտան­­գո­­­ւած են։ Կը նա­­խատե­­սուի, թէ 2100-ին 2,922 լե­­զու­­ներ պի­­տի մնան։ Այս առու­­մով, այդ կը նշա­­նակէ, թէ լե­­զու մը պի­­տի կոր­­սո­­­ւի ամէն եր­­կու շա­­բաթը ան­­գամ մը։

Կոր­­սո­­­ւած լե­­զու­­ներ,
կոր­­սո­­­ւած աշ­­խարհներ

Այս իրո­­ղու­­թիւննե­­րը կը մտա­­հոգեն ըն­­կե­­­րալե­­զուա­­բան­­նե­­­րը, որով­­հե­­­տեւ լե­­զու­­նե­­­րու մե­­ծաքա­­նակ ան­­հե­­­տացու­­մի հե­­տեւանք՝ մշա­­կոյթնե­­րու ան­­հե­­­տացու­­մը, կրնայ վտան­­գել մարդկա­­յին ցե­­ղին գո­­յու­­թիւնը։ Այ­­սօր երկրա­­գունթի բնակ­­չութեան թի­­ւը ան­­ցած է 8 մի­­լիարը, եւ ան նո­­ւաճած է ամե­­րիկա­­ները, Աւստրա­­լիան եւ Խա­­ղաղա­­կանի ամէ­­նէն փոքր կղզի­­ները, եւ վար­­ժո­­­ւած է ան­­տառնե­­րու, անա­­պատ­­նե­­­րու, եւ սա­­ռու­­ցեալի պայ­­մաննե­­րուն՝ շնոր­­հիւ իր մշա­­կոյթնե­­րուն, որոնք փո­­խան­­ցո­­­ւեցան լե­­զու­­նե­­­րու մի­­ջոցով, եւ հոն­­կէ սո­­վորու­­թիւննե­­րու, կրօն­­նե­­­րու եւ ար­­ժէքնե­­րու թա­­փան­­ցումը եւ տա­­րածու­­մը։ Այս տրա­­մաբա­­նու­­թեամբ, որե­­ւէ խախ­­տում լե­­զու­­նե­­­րու այ­­լա­­­զանու­­թեան մէջ եւ կրճա­­տում անոնց մշա­­կոյթնե­­րու զա­­նազա­­նու­­թեան մէջ, կը նշա­­նակէ մարդկա­­յին ցե­­ղին յար­­մա­­­րելու ու­­ժա­­­կանու­­թեան տկա­­րացում։

Լե­­զու­­նե­­­րու ան­­հե­­­տաց­­ման անակնկալ պատ­­ճառնե­­րը

Կա­­րելի չէ մէկ բա­­ցատ­­րութիւն տալ լե­­զու­­նե­­­րու կրած ան­­կումին։ Բնա­­կան աղէտ­­ներ, հի­­ւան­­դութիւններ, տե­­ղահա­­նում, կրօ­­նափո­­խու­­թիւն, եւ տնտե­­սական պայ­­մաններ գլխա­­ւոր ազ­­դակներ են։

Օրի­­նակի հա­­մար, Իր­­լանտա­­յի գետ­­նախնձո­­րի «հի­­ւան­­դութեան» պատ­­ճա­­­ռած անօ­­թու­­թիւնը (1845-51) մէկ մի­­լիոն ան­­ձի մա­­հուան պատ­­ճառ դար­­ձաւ եւ մնա­­ցոր­­դին զան­­գո­­­ւածա­­յին գաղ­­թին։ 1841-ին, 8 մի­­լիոն հա­­շուող ժո­­ղովուրդը, 6.5 մի­­լիոն եղած էր տաս­­նա­­­մեակ մը ետք։ Գիւ­­ղաբնակ ժո­­ղովուրդը, որ ամէ­­նէն աւե­­լի իր­­լանտե­­րէն կը խօ­­սէր, ամէ­­նէն աւե­­լին տու­­ժեց, ինչ բան որ սա­­տարեց այդ լե­­զուին ան­­նախնթաց տկա­­րաց­­ման եւ նոյ­­նիսկ ան­­հե­­­տաց­­ման որոշ շրջան­­նե­­­րու մէջ։

Եւ­­րո­­­պացի­­ներուն Ամե­­րիկա հաս­­նե­­­լէն 200 տա­­րի ետք բնիկ ժո­­ղովուրդին 90%-է աւե­­լին մե­­ռաւ հաս­­տա­­­տուող­­նե­­­րուն եւ անոնց կեն­­դա­­­նինե­­րուն բե­­րած հի­­ւան­­դութին­­նե­­­րուն պատ­­ճա­­­ռով։ Կեդ­­րո­­­նական Մէք­­սի­­­քոն 1518-ին, երբ սպա­­նացի­­ները եկան, 25 մի­­լիոնէ աւե­­լէ կը հա­­շուէր։ Սա­­կայն, 1620-ին, 1.6 մի­­լիոնի իջած էր անոնց թի­­ւը։ Ամա­­զոնի մեծ շրջա­­նը ու­­նէր 6.8 մի­­լիոն բնիկ ժո­­ղովուրդ, բայց այդ 1992-ին միայն 700,000 կը հա­­շուէր։ Ներ­­կա­­­յիս, ըստ ՄԱ­­Կի վի­­ճակագ­­րութիւննե­­րուն, HIV/AIDS-էն մա­­հացող­­նե­­­րուն 95%-ը կը գտնո­­ւի Ափ­­րի­­­կէի եւ Լա­­տին Ամե­­րիկաի մէջ, եր­­կու ցա­­մաքա­­մասեր որոնք կը պա­­րու­­նա­­­կեն աշ­­խարհի 3/4 լե­­զու­­նե­­­րը։

Ամա­­զոնի ան­­տառնե­­րուն մի­­լիոնա­­ւոր ծա­­ռերու ան­­հե­­­տացու­­մը, յան­­գե­­­րու մե­­ծաքա­­նակ գոր­­ծունէու­­թիւննե­­րը, եւ շա­­րու­­նա­­­կական սպա­­նու­­թիւնը տե­­ղացի ցե­­ղերուն, կը վտան­­գէ բնիկ ժո­­ղովուրդին կեան­­քը, կը պատ­­ճա­­­ռէ մե­­ծաթիւ ար­­տա­­­գաղթ, եւ դժո­­ւար կը դարձնէ անոնց ջան­­քե­­­րը պահ­­պա­­­նելու իրենց մշա­­կոյ­­թը, աւան­­դութին­­նե­­­րը եւ լե­­զու­­նե­­­րը։

Հա­­մաշ­­խարհա­­յին երկրորդ պա­­տերազ­­մի կռիւ­­նե­­­րուն, Խա­­ղաղա­­կանի եւ Հնդկա­­կան Ով­­կիանո­­սի կղզի­­ներու ըն­­կե­­­րու­­թիւննե­­րը թի­­րախ դար­­ձան եւ հսկա­­յական վտան­­գի են­­թարկո­­ւեցան անոնց լե­­զու­­նե­­­րը։ Փա­­փուա Նոր Կի­­նէայի մէջ, ճա­­փոն­­ցի­­­ները եւ միացեալ ու­­ժե­­­րը պատ­­ճառ դար­­ձան հա­­րիւ­­րա­­­ւոր խօ­­սակ­­ցա­­­կան լե­­զու­­նե­­­րու ամ­­բողջա­­կան կո­­րուստին՝ այ­­րե­­­լով բո­­լոր ար­­խիւնե­­րը։ Նոյնպէս, աւե­­տարան­­չա­­­կան ար­­շաւնե­­րու եւ գա­­ղու­­թա­­­տիրա­­կան լե­­զու­­նե­­­րու պար­­տադրու­­մին որ­­պէս հե­­տեւանք հա­­զարա­­ւոր բնիկ լե­­զու­­ներ եւ մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութիւն ան­­հե­­­տացան։

Անգլե­­րէնէն ան­­դին

Յա­­ճախ փոր­­ձեր ալ կը կա­­տարուին՝ մա­­նաւանդ հա­­մաշ­­խարհա­­յին մա­­մու­­լին կող­­մէ, մատ­­նանշե­­լու անգլե­­րէնի մե­­ծածա­­ւալ տա­­րածու­­մը եւ անոր ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը աշ­­խարհի լե­­զու­­նե­­­րուն վրայ։ Պա­­տահա­­կան չէ, որ անգլե­­րէնը յա­­ճախ կը կո­­չուի «սպան­­նող լե­­զու» ըն­­կե­­­րալե­­զուա­­բանա­­կան հա­­տոր­­նե­­­րու մէջ։ Այդ մէ­­կը, սա­­կայն, կ՚օգ­­նէ ճշդե­­լու պատ­­ճառնե­­րէն միայն մէ­­կը։ Բա­­ցատ­­րենք։

Ներ­­կայ վի­­ճակը եզա­­կի է՝ աշ­­խարհ այսքան մե­­ծաթիւ բնակ­­չութիւն չէ ու­­նե­­­ցած, հա­­մաշ­­խարհայ­­նա­­­ցու­­մի ըն­­թացքը այսքան արա­­գըն­­թաց չէ եղած, հա­­ղոր­­դակցու­­թեան եւ փո­­խադ­­րա­­­միջոց­­նե­­­րու ճար­­տա­­­րուեստնե­­րը այսքան լայ­­նա­­­ծիր չեն եղած, այսքան լե­­զու­­նե­­­րու մի­­ջեւ հա­­ղոր­­դակցու­­թիւն չէ ստեղ­­ծո­­­ւած, եւ ոչ մէկ լե­­զու այսքան հա­­մաշ­­խարհա­­յին ազ­­դե­­­ցու­­թիւն չէ ու­­նե­­­ցած, որ­­քան անգլե­­րէնը։

Հար­­ցումը այն է, թէ ինչպէ՞ս պի­­տի կրնան լե­­զու­­ներ՝ մա­­նաւանդ փոք­­րա­­­մաս­­նութիւն կազ­­մող ժո­­ղովուրդնե­­րու լե­­զու­­նե­­­րը, տո­­կալ նման պայ­­մաննե­­րու մէջ։

Թեր եւ դէմ տե­­սակէտ­­ներ

Մու­­ֆո­­­ւէնէ կը կար­­ծէ, թէ լե­­զու­­ներ իրենց բնա­­կան ըն­­թացքը պէտք է շա­­րու­­նա­­­կեն, նոյ­­նիսկ եթէ այդ կը նշա­­նակէ անոնց մա­­հը։ Ան կը հա­­ւատայ, թէ ար­­դէն լե­­զու­­նե­­­րու այ­­լա­­­զանու­­թիւնը Աս­­տուծոյ պա­­տիժն էր Բա­­բելո­­նի մէջ, եւ անոնց նո­­ւազու­­մը հա­­մերաշ­­խութիւն, խա­­ղաղու­­թիւն եւ բար­­գա­­­ւաճում պի­­տի երաշ­­խա­­­ւորէ։

Այս թէ­­զը պաշտպա­­նող­­ներ 1960-ական թո­­ւական­­նե­­­րուն Հիւ­­սիւսա­­յին Ամե­­րիկա­­յի, Աւստրա­­լիոյ եւ Անգլիոյ մէջ ծանր պա­­տիժ­­նե­­­րու կ՚են­­թարկէին աշա­­կերտներ եւ անոնց բե­­րանը օճա­­ռով կը լո­­ւային, երբ անոնք իրենց մայ­­րե­­­նի լե­­զուն գոր­­ծա­­­ծէին դպրո­­ցին մէջ։ Անգլիոյ մէջ, ու­­սուցիչ­­ներ այ­­ցե­­­լու­­թիւններ կա­­տարե­­ցին իրենց օտար աշա­­կերտնե­­րուն տու­­նե­­­րը՝ զգու­­շացնե­­լու անոնց ծնող­­նե­­­րը եւ ար­­գի­­­լելու տան մէջ անոնց մայ­­րե­­­նի լե­­զուին գոր­­ծա­­­ծու­­թիւնը։ Անոնք հա­­մոզո­­ւած էին, թէ երկլե­­զու­­թիւնը նոր երկրին հան­­դէպ հա­­րազա­­տու­­թեան եւ պատ­­կա­­­նելիու­­թեան հար­­ցեր կը յա­­րու­­ցա­­­նէ եւ կը խան­­գա­­­րէ մա­­նու­­կին հո­­գեմ­­տա­­­ւոր զար­­գա­­­ցու­­մը։ Անգլե­­րէնէ զատ ու­­րիշ լե­­զու խօ­­սող­­ներ կը նկա­­տուէին ապուշ, ծոյլ, աղ­­քատ, անվստա­­հելի եւ ան­­բա­­­րոյ։ Այս մի­­ջոցա­­ռումնե­­րը եւ հա­­մոզումնե­­րը մղե­­ցին շատ մը գաղ­­թա­­­կան­­ներ, որ ո՝չ միայն լքեն իրենց մայ­­րե­­­նի լե­­զուն, այ­­լեւ փո­­խեն իրենց անուննե­­րը եւ մա­­կանուննե­­րը։

Բա­­րեբախ­­տա­­­բար, 1970-ական թո­ւական­­նե­­­րուն, շնոր­­հիւ ըն­­կե­­­րալե­­զուա­­բան­­նե­­­րու ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րուն, կը հաս­­տա­­­տուի, թէ մայ­­րե­­­նի լե­­զուի դա­­սաւան­­դութիւ­­նը եւ պահ­­պա­­­նու­­մը անհրա­­ժեշտ են մշա­­կելու ինքնու­­րոյն ազ­­գա­­­յին ինքնու­­թիւն, մշա­­կու­­թա­­­յին պատ­­կա­­­նելիու­­թիւն, ազ­­գա­­­յին սո­­վորու­­թիւններ, ըն­­տա­­­նեկան սերտ յա­­րաբե­­րու­­թիւններ, ման­­կա­­­կան յի­­շատակ­­ներ, լե­­զուի հան­­դէպ հա­­ւատար­­մութիւն եւ հա­­րազա­­տու­­թիւն, ազ­­գա­­­յին պատ­­մութիւն, բա­­րոյա­­գիտու­­թիւն եւ փի­­լիսո­­փայու­­թիւն։

Ահա թէ ին­­չո՝ւ մեծ թի­­ւով լե­­զուա­­գէտ­­ներ, ինչպէս Տիք­­սըն, Նե­­թըլ եւ Ֆիշ­­մըն, կը հա­­ւատան, թէ մայ­­րե­­­նի լե­­զուի պահ­­պա­­­նու­­թեան հետ կը պա­­հուի մշա­­կոյթ, իւ­­րա­­­յատուկ կեն­­ցա­­­ղավա­­րու­­թիւն, յա­­տուկ ինքնու­­թիւն, աշ­­խարհա­­յեացք եւ մտա­­ծելա­­կերպ։

Հա­­մաշ­­խարհա­­յին նե­­ցուկ

Այս չա­­փանիշ­­նե­­­րը եւ ըմբռնումնե­­րը ընդգծե­­լու առու­­մով, Միացեալ Ազ­­գե­­­րու Կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը եւ Եւ­­րո­­­պական Միու­­թիւնը որ­­դեգրած են յստակ որո­­շումներ՝ ապա­­հովե­­լու փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու լե­­զուա­­կան իրա­­ւունքնե­­րը։ Լե­­զուա­­բան­­նե­­­րու հրամ­­ցուցած լու­­սա­­­բանու­­թիւննե­­րը եւ մի­­ջազ­­գա­­­յին մար­­միննե­­րու որո­­շումնե­­րը կու գան հաս­­տա­­­տելու, թէ կա­­րելի չէ հա­­մաշ­­խարհա­­յին հա­­մերաշ­­խութիւն ապա­­հովե­­լու պատ­­րո­­­ւակով քա­­ջալե­­րել գա­­ղութնե­­րու լե­­զու­­նե­­­րու հարստա­­հարու­­մը կամ մէկ լե­­զուի եւ մէկ մշա­­կոյ­­թի բռնա­­կալա­­կան ախոր­­ժակնե­­րը։

Այս զօ­­րակո­­չին իբ­­րեւ են­­թա­­­հող կը ծա­­ռայեն ըն­­կե­­­րաբան­­նե­­­րու եւ լե­­զուա­­բան­­նե­­­րու մեծ խումբի մը աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թիւննե­­րուն ար­­դիւնքնե­­րը։ Անոնք կը հա­­ւատան, թէ երբ մայ­­րե­­­նի լե­­զուի փո­­խան­­ցումը խախ­­տի, անոր կը հե­­տեւի ժա­­ռան­­գո­­­ւած գի­­տու­­թեան լուրջ կո­­րուստ, որով­­հե­­­տեւ այդ կը պա­­րու­­նա­­­կէ թէ անձնա­­կան եւ թէ ազ­­գա­­­յին պատ­­մութիւննե­­րու բա­­նալին, կը յատ­­կանշէ ժո­­ղովուրդի մը մշա­­կու­­թա­­­յին, անձնա­­կան եւ ազ­­գա­­­յին ինքնու­­թիւնը, կ՚ընդգծէ ան­­ցեալի եւ նախ­­նի­­­ներու հետ կա­­պը եւ շա­­րու­­նա­­­կակա­­նու­­թիւնը, կ՚ար­­տա­­­ցոլայ իւ­­րա­­­յատուկ աշ­­խարհա­­յեացք եւ դէպ­­քե­­­րու մէկ­­նա­­­բանու­­թիւն, կ՚ընդգրկէ անհրա­­ժեշտ, հե­­տաքրքրա­­կան եւ հմա­­յիչ քե­­րակա­­նական, բա­­ռագի­­տական եւ հնչիւ­­նա­­­բանա­­կան յատ­­կա­­­նիշ­­ներ եւ կը յա­­ռաջաց­­նէ ըն­­կե­­­րային հա­­մերաշ­­խութիւն, ինքնավստա­­հու­­թիւն եւ մշա­­կու­­թա­­­յին հպար­­տութիւն։

Ազ­­գա­­­յին ինքնա­­գիտակ­­ցութեան զար­­թօնք

Պա­­տահական չէ, որ այ­­սօր յու­­նա­­­կան, իտա­­լական եւ չի­­նացի կարգ մը գա­­ղութներ Հիւ­­սիւսա­­յին Ամե­­րիկա­­յի մէջ զօ­­րաշար­­ժի են­­թարկո­­ւած են՝ պահ­­պա­­­նելու իրենց նա­­խահայ­­րե­­­րուն լե­­զու­­նե­­­րը, որով­­հե­­­տեւ անոնք հպարտ կը զգան ան­­գամ մը եւս իրենց ժա­­ռան­­գութեամբ, դրա­­կան կե­­ցուածք սկսած են մշա­­կել իրենց լե­­զուին հան­­դէպ, մտադ­­րած են օգ­­տո­­­ւիլ իրենց լե­­զուին հրամ­­ցուցած ար­­ժէքնե­­րէն, սկսած են գի­­տակ­­ցիլ ազ­­գա­­­յին միաս­­նա­­­կանու­­թեան կա­­րեւո­­րու­­թեան, անհրա­­ժեշտ կը սե­­պեն հայ­­րե­­­նիքի հան­­դէպ իրենց կա­­պուա­­ծու­­թիւնը եւ կ՚ու­­զեն կառ­­չիլ իրենց իւ­­րա­­­յատուկ կրօ­­նական հա­­ւատա­­լիք­­նե­­­րուն եւ ծէ­­սերուն։

Երբ մեր լե­­զուն դար­­ձաւ
վտան­­գո­­­ւած ժա­­ռան­­գութիւն

Իսկ, երբ 2010-ի Փետ­­րո­­­ւարին, UNESCO-ի Վտան­­գո­­­ւած Լե­­զու­­նե­­­րու Ցան­­կին վրայ զե­­տեղո­­ւեցաւ արեւմտա­­հայե­­րէնը, մե՚ր մայ­­րե­­­նի լե­­զուն, թե­­րեւս լե­­զու­­նե­­­րու ան­­հե­­­տացու­­մը եւ մա­­հը ալ առաս­­պել մը չէր, կամ ու­­րիշնե­­րուն պա­­տահե­­լիք բան մը, այլ քիչ մը աւե­­լի հա­­րազատ։

Աւե­­լին յա­­ջոր­­դին։

Քո­­ւէյթ, Ապ­­րիլ 2025

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ