8Մայիս 2025ին կատարուած ընտրութեամբ, Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ ու Հռոմի Պապ ընտրուեցաւ Կարտինալ Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեւոստ՝ Լեւոն ԺԴ անունով:
Այս առթիւ Հայաստանի Հանրպետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց Լեւոն ԺԴ. պապին՝ անոր ընտրուելուն առիթով:
Ստորեւ՝ Փաշինեանի ուղերձը.
«Ձերդ Սրբութիւն,
«Ջերմօրէն շնորհաւորում եմ ձեզ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ ընտրուելու կապակցութեամբ:
«Լիայոյս եմ, որ ձեր աստուածահաճոյ առաքելութիւնն իր նպաստը կբերի ողջ աշխարհում խաղաղութեան, արդարութեան եւ հանդուրժողականութեան հաստատմանը:
«Վերահաստատում եմ Հայաստանի յանձնառութիւնը պատմական ամուր կապերի, նոյնակունք արժէքների, հոգեւոր ու քրիստոնէական մշակութային ժառանգութեան վրայ հիմնուած` Հայաստան-Սուրբ Աթոռ միջպետական յարաբերութիւնները եւ առկայ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնն առաւել խորացնելու ու զարգացնելու գործում:
«Առիթը պատեհ համարելով` մաղթում եմ ձեզ քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւններ ձեր վեհ ու մարդասիրական առաքելութեան մէջ:
«Ընդունէք խնդրեմ, ձերդ սրբութիւն, խորին յարգանքիս հաւաստիքը»:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շնորհաւորած է Հռոմի նորընտիր Սրբազան Քահանայապետը
Վեհափառ Հայրապետի շնորհաւորական նամակին մասնաւորապէս կ՚ըսուի հետեւեալը. «Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր դասի, հաւատացեալների եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետիս անունից յղում ենք մեր աղօթական լաւագոյն բարեմաղթանքները ձեզ՝ աշխարհի չորս ծագերում ապրող միլիոնաւոր կաթոլիկ հաւատացեալներին հովուելու բարձր ու պատասխանատու առաքելութիւնը ստանձնելու առթիւ։
Ձեր առաքելական ծառայութեան այս նոր հանգրուանում աղօթում ենք, որ Աստուած ուժ եւ շնորհ պարգեւի Ձերդ Սրբութեանը՝ ճշմարտութեամբ ու գթասրտութեամբ առաջնորդելու Կաթոլիկ Եկեղեցին եւ խաղաղութեան, արդարութեան ու հոգեւոր նորոգութեան կարօտ ներկայ աշխարհում մշտարթուն վկայելու մեր Տէր Յիսուսի Քրիստոսի Աւետարանը։
Գոհութիւն եւ փառք ենք մատուցում Տիրոջը մեր երկու Քոյր Եկեղեցիների միջեւ շարունակուող քրիստոնէական սիրոյ ամուր կապի ու յարաբերութիւնների համար, որոնք վերջին տասնամեակներում զօրացել են փոխադարձ յարգանքի, եղբայրական հանդիպումների եւ ընդհանուր վկայութիւնների շնորհիւ»։
Նորին Սրբութիւնը մաղթած է Սրբազան Քահանայապետին քաջառողջ երկար տարիներ եւ հոգեւոր անսպառ զօրութիւն՝ առաջնորդելու Աստուծոյ կողմէ իրեն վստահուած հաւատաւոր հօտին։
Թուրքիոյ Պատրիարքի
շնորհաւորական նամակը
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը նամակով մը շնորհաւորեց ընտրութիւնը եւ ըսաւ.
«Մեր Տիրոջ եւ Փրկչի Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան աւետիսի տօնախմբուած այս օրերուն Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդութեան Ձեր ընտրութեան լուրը ստացանք ուրախութեամբ։
Երանաշնորհ Փրանսիսկոս Պապի վախճանմամբ յառաջացած ցաւին ցաւակից եղանք որպէս քոյր եկեղեցի։ Այժմ ժամ է ուրախակից դառնալու երբ թափուր մնացած քահանայապետական աթոռը Ձեր ընտրութեամբ կ՚օժտուի նոր գահակալով։ Օրհնեալ ըլլայ Աստուծոյ կամքը։
Մենք կը հաւատանք որ Ձեր որպէս քոյր Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետի ազդեցիկ հանգամանքը դրական քայլերու կրնայ բանալ նոր շրջան մը ի փառս Աստուծոյ եւ ի մխիթարութիւն ցաւատանջ հոգիներու։
Նաեւ վստահ ենք, որ մեր Տիրոջ աղօթքի բառերը «Որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան, ինչպէս դո՛ւն, Հայր, իմ մէջս, եւ ես՝ քու մէջդ» (Յովհ. 17.21) պիտի շարունակէ ներշնչել Ձեզ, միջեկեղեցական յարաբերութեանց զօրացման, ինչ որ կենսական է մերօրեայ շրջանին»։
Նորին Ամենապատուութիւնը այս առիթով, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ, Կրօնական Ժողովոյ, Թուրքիոյ Հայ համայնքի հոգեւոր դասու եւ հաւատացեալներու յայտնեց շնորհաւորութիւնները եւ վստահեցուց, որ կը շարունակէ աղօթել Նորին Սրբութեան առաքելութեան յաջողութեան համար։
Մեր Հոգեւոր Պետը նորընտիր Սրբազան Քահանայապետին հայցեց Աստուծոյ օգնականութիւնը եւ մաղթեց, որ իր ուսերուն վրայ դրուած Փրկչի քաղցր լուծն ու թեթեւ բեռը կրէ հոգեւոր դասու համագործակցութեամբ: