2Մայիս երկուշաբթի օր ՏԵՄ Կուսակցութեան Վանի երեսփոխան եւ Իմրալը պատուիրակութեան անդամ Փերվին Պուլտան հաղորդեց Սելահատտին Տեմիրթաշի առաջին գնահատականը ՓՔՔ-ի որոշման վերաբերեալ: ՏԵՄ Կուսակցութիւնը լրատուամիջոցներու հաշիւներէն նոյնպէս բաժնեց Տեմիրթաշի հետեւեալ նամակը: «Բոլորին կը փոխանցեմ բարեւներս եւ սէրս: խաղաղութեան համար առնուած քայլերու յոյսին հետ միասին կ’ապրինք Սըրրը պէյի ցաւն ու յիշատակը:
ՓՔՔ-ի համագումարի արդիւնքներուն առիթով, այս որոշումը կայացնող ՓՔՔ ղեկավարութեան, ջանք թափողներուն, նախ եւ առաջ յարգելի Էօճալանին, ինչպէս նաեւ յարգելի Նախագահին, յարգելի Պահչելիին, յարգելի Էօզելին եւ ՏԵՄ Կուսակցութեան ղեկավարութեան, բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններու նախագահներուն, մասնաւորապէս Ահմէտ Թիւրքին եւ Փերվին Պուլտանին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ: Այս պատմական քայլը Սըրրը պէյի յիշատակին համապատասխան առնուած մեծ քայլ մը համարելով խանդավառութեամբ կ’ողջունեմ: Այժմ խաղաղութեան, բարօրութեան, ժողովրդավարութեան, ազատութիւններու իրականացման, Թուրքիոյ բարգաւաճման համար միասնաբար, անկեղծութեամբ աշխատելու ժամանակն է: Բոլորիս շնորհաւոր եւ բարի թող ըլլայ»։