ՓՔՔ-ի լուծարկումը ի՞նչ հետեւանք պիտի տա

Պաշտօ­նական պատ­մագրու­թիւնով Քիւրտիս­տա­նի Բա­նուոր­նե­րու Կու­սակցու­թիւնը, հան­րա­ծանօթ անու­նով ՓՔՔ (Փար­թիա Քալ­քե­րանէ Քիւրտիս­տան) հիմ­նո­ւած է 1978-ին Տի­յար­պե­քիրի Լճէ գա­ւառի մէջ։ Այդ հիմ­նադրու­թիւնը պատ­մութեան մէջ կը յի­շուի իբ­րեւ Ա հա­մագու­մար։ Սա­կայն գործնա­կանա­պէս ան տե­սանե­լի կը դառ­նայ 1984-էն ետք։

Ընդյա­տակեայ այս կու­սակցու­թիւնը որ­դեգրեց զի­նեալ ապստամ­բութիւն, քիւրտե­րու մատ­նո­ւած ար­հա­մարան­քին դէմ պայ­քա­րելու հա­մար։ Այդ պայ­քա­րի առա­ջին թի­րախ­նե­րը եղան այն քիւրտե­րը, որոնք կը գոր­ծակցէին պե­տական մար­միննե­րու հետ։

Այս արարքնե­րը եւ յա­ջոր­դին մեծ քա­ղաք­նե­րէ ներս հա­սարակ բնակ­չութեան ուղղեալ յար­ձա­կումնե­րու հե­տեւան­քով պե­տական հա­մակար­գը այս զի­նեալ ապստամ­բութիւ­նը ներ­կա­յացուց իբ­րեւ ահա­բեկ­չութիւն։

Աւե­լի քան 40 տա­րիներ տե­ւած այդ պայ­քա­րը պաշ­տօ­նապէս վեր­ջա­ցաւ կու­սակցու­թեան ինքնա­լու­ծարկման որո­շու­մով։

Ար­դա­րեւ 5-7 Մա­յիս թո­ւական­նե­րուն կա­յացող 12-րդ հա­մագու­մա­րի այս ուղղու­թիւնով առած որո­շու­մը հրա­պարա­կուե­ցաւ 12 Մա­յիսի առա­ւօտո­ւայ ժա­մերուն։

Թէեւ ար­դէն օրեր առաջ յայտնի էր հա­մագու­մա­րի կամ­քը, սա­կայն յայ­տա­րարու­թեան պատ­ճէ­նը հրա­պարա­կուե­ցաւ աւե­լի ուշ եւ տե­ղի տո­ւաւ թե­րու­դէմ կար­ծիքնե­րու։

Առար­կութեան հիմ­քը կը կազ­մէր Լո­զանի դաշ­նագրի եւ 1924-ի սահ­մա­նար­դութեան մա­սին նշումնե­րը։ Պաշ­տօ­նական յայ­տա­րարու­թիւնը կը թե­լադ­րէր վե­րադառ­նալ 1923-ի հաս­տա­տումնե­րէն, որոնք Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թիւնը կը բնու­թագրէին իբ­րեւ ազ­գա­յին պե­տու­թիւն։ Պարզ է թէ այստեղ ակ­նարկո­ւած ազ­գը կ՚ընդգրկէ միայն թուրք տար­րը, ինչ որ անըն­դունե­լի է ինքզինք երկրի հա­մատեղ հիմ­նա­դիր հա­մարող քիւրտե­րու հա­մար։ Անոնք կը վկա­յակո­չեն 1921-ի սահ­մա­նադ­րութիւ­նը, ուր կը շեշ­տադրո­ւէր նաեւ քրտա­կան գոր­ծօ­նը։

Ազ­գայնա­կան շրջա­նակ­նե­րը խիստ հա­կազ­դե­ցու­թիւն ցու­ցա­բերե­ցին այս պա­հան­ջին դէմ։ Անոնց հա­մաձայն Լո­զանի դաշ­նա­գիրը երկրի կա­լուա­ծաթուղթն էր եւ ան­ձեռնմխե­լի։ Մինչ որոշ մտա­ւորա­կան շրջա­նակ­ներ կը մեր­ժէին այդ ան­ձեռնմխե­լիու­թիւնը ըսե­լով որ «Լո­զանը թա­փու (կա­լուա­ծաթուղթ) է, բայց ոչ թա­պու»։

Եր­կա­րատեւ բա­նակ­ցութիւննե­րէ ետք կեան­քի կո­չուած սոյն որո­շու­մը իր հետ կը բե­րէ նաեւ նոր հար­ցադրումներ։

Որ­քան ալ ՓՔՔ-ի լու­ծարկու­մը ներ­քին քա­ղաքա­կան խնդիր մը ըլ­լա­լով գնա­հատո­ւի, ան ու­նի նաեւ մի­ջազ­գա­յին նշա­նակու­թիւններ։

Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ հո­ղը դար­ձեալ փխրուն է եւ ի դէմ տե­ղացի ժո­ղովուրդի խա­ղաղա­տենչ աղա­ղակ­նե­րուն, գեր­տէ­րու­թիւններ եւ անոնց տա­րած­քաշրջա­նի գոր­ծիչնե­րը ու­նին իրա­րու դէմ մրցակ­ցութեան զա­նազան հա­շիւ­ներ։

Քիւրտ ժո­ղովուրդի բնա­կած պատ­մա­կան տա­րած­քը ներ­կա­յիս բա­ժանո­ւած է չորս պե­տու­թիւննե­րու մի­ջեւ։ Անոնցմէ միայն մէ­կուն՝ Իրա­քի հիւ­սի­սային հա­տուա­ծին մէջ քիւրտե­րը տի­րացան կի­սան­կախ ինքնա­վարու­թիւն մը հաս­տա­տելու։ Սու­րիոյ հիւ­սի­սային հա­տուա­ծը եւս փխրուն է այս առու­մով, քա­նի որ Ռո­ժավա­յի մէջ եւս կը տի­րէ ոչ պաշ­տօ­նական ինքնա­վարու­թիւն մը։

ՓՔՔ-ի լու­ծարկու­մը այս բո­լորին հետ առնչո­ւած խնդիր մը ըլ­լա­լուն, հար­ցա­կան է անոր բա­ցակա­յու­թիւնով գո­յանա­լիք պա­րապու­թեան հե­տեւանքնե­րը։

Վե­րադառ­նա­լով խնդրի ներ­քին քա­ղաքա­կան ազ­դե­ցու­թիւննե­րուն, շա­տեր եղե­լու­թիւնը կը դի­տեն նա­խագա­հի իշ­խա­նու­թիւնը յա­րատեւ դարձնե­լու ծրա­գիր մը ըլ­լա­լով։

Այս պա­հուն կա­րեւո­րագոյն հար­ցը հե­տեւալն է՝ ար­դեօք լու­ծարկման որո­շու­մը պի­տի նպաս­տէ՞ երկրէ ներս ժո­ղովուրդա­վարու­թեան եւ օրի­նակա­նու­թեան վե­րահաս­տա­տու­մին, թէ ոչ իշ­խա­նու­թիւնը պի­տի շա­րու­նա­կէ իր ճնշումնե­րը ընդդի­մու­թեան եւ հետզհե­տէ հա­սարա­կու­թեան դէմ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ