Ճեղքուած քարը, դիմակայող հողը. Պերլինի մէջ յուշարձան...

ՔԱԶԸՄ ԿԻՒՆՏՈՂԱՆ

(Հետազօտող Գրող)

«Ախ աղ­­ջիկս, աղ­­ջիկս քար ըլ­­լա­­­յի կը ճեղ­­քո­­­ւէի, հող եղայ դի­­մացայ» ըսած էր Տէր­­սի­­­մի Քը­­զըլ Քի­­լիսէ գիւ­­ղի հե­­րոսու­­հին՝ Հու­­րի­­­յէ Աս­­լան։

4 Մա­­յիս 2025 թո­­ւակա­­նին Պեր­­լի­­­նի մէջ կա­­րեւոր յու­­շարձա­­նի մը բաց­­ման հրա­­ւիրո­­ւած էինք։ Նե­­զահա­­թին հետ եր­­թալ եւ այդ պա­­հը միասին ապ­­րիլ շատ կ՚ու­­զէի։ Քա­­նի որ 72 տա­­րի ետք Տէր­­սի­­­մի Թեր­­թե­­­լէյի ջար­­դե­­­րու ըն­­թացքին իր եր­­կու քոյ­­րե­­­րը ձեռ­­քէն առ­­նո­­­ւած ծե­­րու­­նի մըն է, որ «այս յու­­շարձան»ին բաց­­ման ներ­­կայ գտնո­­ւելու հրա­­ւէր ստա­­ցած էր։ Չե­­ղաւ։ Միասին չկրցանք եր­­թալ։ Նե­­զահա­­թը տու­­նը մնաց։

Խումբ մը ըն­­կերնե­­րով Քէօլ­­նէն Պեր­­լին ու­­ղո­­­ւած ենք։ Բո­­լորս վէր­­քեր, թրավ­­մա­­­ներ կը տա­­նինք մեզ հետ։ Ես իմ աշ­­խա­­­տանքնե­­րու ըն­­թացքին հա­­ւաքած հա­­զարա­­ւոր վկա­­յու­­թիւննե­­րու բե­­ռան տակ նոր լսած­­նե­­­րով խո­­րապէս յու­­զո­­­ւած եմ։ Մէ­­կը մօրս մօ­­րը կող­­մէն, միւ­­սը հօրս մօ­­րը կող­­մէն, ու­­րիշ մը հօրս հօ­­րը կող­­մէն, միւ­­սը մեծ մօրս կամ մեծ հօրս կող­­մէն լսած եմ։ Կար­­ծես բո­­լոր պատ­­մութիւննե­­րը կեն­­դա­­­նի վկա­­յու­­թիւններ են եւ զի­­րենք կը գտնենք մեր առ­­ջեւ։

Պեր­­լին կը հաս­­նինք, հրա­­ւիրո­­ւած ենք Պեր­­լի­­­նի Տէր­­սի­­­մի Մշա­­կոյ­­թի Միու­­թեան կող­­մէ։ Քա­­նի մը ժամ ետք «Տէր­­սի­­­մէն Սու­­րիա՝ Ալե­­ւի Սպան­­նութիւններ» վեր­­նագրով ասու­­լիս մը կայ։ Ես, ան­­համբեր եմ նա­­խապէս լու­­սանկա­­րը տե­­սած յու­­շարձա­­նի հան­­դէպ։ Հոն կ՚իմա­­նանք թէ յու­­շարձա­­նը հա­­զիւ յա­­ջորդ առա­­ւօտուն պի­­տի տես­­նենք։

4 Մա­­յիսի վաղ առա­­ւօտուն կը հաս­­նինք յու­­շարձա­­նի գտնո­­ւած զբօ­­սայ­­գին։ Յու­­զո­­­ւած եմ եւ ան­­հանգիստ։ Եթէ տե­­սածս նման բան մը չըլ­­լայ, երա­­զիս մէջ յու­­սա­­­խաբ պի­­տի ըլ­­լամ... Վեր­­ջա­­­պէս, Տէր­­սիմցի կի­­ներուն հաց թխե­­լու պա­­հուն իբ­­րեւ գլխա­­շօր գոր­­ծա­­­ծած սեւ ծած­­կո­­­ցի նման լա­­թով մը ծած­­կո­­­ւած է յու­­շա­­­քարը։ Հայ­­րե­­­նիքէս 3370 քմ հե­­ռաւո­­րու­­թեան վրայ, կո­­տորած­­նե­­­րու վայ­­րէն բե­­րուած քա­­րակոյ­­տը խորհրդան­­շա­­­կան մեծ իմաստ ու­­նի տէր­­սիմցի­­ներու հա­­մար։ Բայց ան ու­­րիշ իմաստ մըն ալ ու­­նի։ Այս քա­­րը, Թեր­­թե­­­լէի, Բա­­լուի, Տէր­­սի­­­մի՝ յու­­շե­­­րը յա­­ւէր­­ժացնող յու­­շարձան մըն է։

Սա­­կայն ես այլ բան կ՚ակնկա­­լեմ: Այս քա­­րը պէտք է պատ­­մէ Թեր­­թե­­­լէի մա­­սին, վէր­­քի, յի­­շողու­­թեան մա­­սին, որ­­պէսզի կա­­րողա­­նայ յու­­շարձա­­նի վե­­րածո­­ւիլ: Այ­­լա­­­պէս ան պար­­զա­­­պէս քար կը մնայ ին­­ծի հա­­մար, եւ ես յու­­սա­­­խաբու­­թեամբ կը վե­­րադառ­­նամ...

Արա­­րողու­­թեան ժա­­մը կը սկսի: Հո­­գեւոր առաջ­­նորդնե­­րը, մայ­­րե­­­րը, քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչնե­­րը, մտա­­ւորա­­կան­­նե­­­րը, արուես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րը, գրող­­նե­­­րը, լրագ­­րողնե­­րը, ինչպէս միշտ, բե­­մին մօտ են: Ժո­­ղովուրդը կը կանգնի քա­­րին շուրջ: Քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչնե­­րէն բա­­ցի բո­­լորը ոգե­­ւորո­­ւած են: Ժո­­ղովուրդը յու­­զո­­­ւած է. հե­­տաքրքրու­­թեամբ եւ ոգե­­ւորու­­թեամբ կ'ու­­զեն դպչիլ քա­­րին, համ­­բուրել, դէմ­­քե­­­րը քսել անոր: Ես, թէեւ հասկնա­­լով այս զգա­­ցու­­մը, կը շա­­րու­­նա­­­կեմ մտա­­հոգո­­ւած սպա­­սել: Յան­­կարծ իմ ու­­շադրու­­թիւնս կը գրա­­ւէ նրբա­­գեղ կին մը, որ կ'օգ­­նէ յու­­շարձա­­նի քօ­­ղը բա­­նալ: Աւե­­լի ուշ կ'իմա­­նամ, որ ան կո­­թողի ձե­­ւաւո­­րողն է՝ Էզ­­կի Քը­­լըն­­չասլան:

Հո­­գեւոր առաջ­­նորդնե­­րը եւ մայ­­րե­­­րը քըր­­մանչքի- զա­­զաքի, քըր­­մանչի-քրտե­­րէն մաղ­­թանքներ ար­­տա­­­սանե­­լով կը կա­­տարեն բաց­­ման ծի­­սակա­­տարու­­թիւննե­­րը: Այս մի քիչ կ'եր­­կա­­­րի, սա­­կայն պատ­­մութիւննե­­րը շատ ցնցող են, կար­­ծես դար­­ձեալ կ՚ապ­­րին թեր­­թե­­­լէն: Մար­­մինս կը սարսռայ... Մի մա­­սը կը թարգմա­­նեմ կող­­քիս գտնուող Թա­­ներ Աք­­չա­­­մին: Հո­­գեւոր առաջ­­նորդնե­­րը, մայ­­րե­­­րը կար­­ծես կը խօ­­սին քա­­րին հետ:

Կ'ըսեն. «Հի­­մա քեզ 1937-38-ի ժա­­մանա­­կէն, վայ­­րէն պո­­կեցիք եւ բե­­րինք այստեղ, որ­­պէսզի մե­­զի, աշ­­խարհին պատ­­մես ամէն ինչ: Խօ­­սիր, պատ­­մէ մե­­զի: Դուն ի՞նչ տե­­սար, ի՞նչ ապ­­րե­­­ցար, ի՞նչ լսե­­ցիր: Այ­­րո­­­ւած տնե­­րը, քան­­դո­­­ւած գիւ­­ղե­­­րը, մեր լեռ­­նե­­­րը, ան­­տառնե­­րը պատ­­մէ: Լռու­­թիւն մի՛ ընէր, պատ­­մէ: Աք­­սո­­­րի մա­­սին պատ­­մէ: Մեր սուրբ վայ­­րե­­­րը պատ­­մէ: Մեր ար­­մատնե­­րը, լե­­զուն, հա­­ւատ­­քը, պատ­­մութիւ­­նը պատ­­մէ: Ար­­մատնե­­րէն կտրո­­ւած կոր­­սո­­­ւած աղ­­ջիկնե­­րուն, բռնա­­բարու­­թե­­­նէն խու­­սա­­­փելու հա­­մար ինքնաս­­պան եղած կի­­ներուն, երի­­տասարդ աղ­­ջիկնե­­րուն մա­­սին պատ­­մէ, եւ բռնա­­բարո­­ւած­­նե­­­րուն մա­­սին...

Ո՜վ հա­­զարա­­մեակ­­նե­­­րու վկայ սուրբ քար, դուն այդ սուրբ հո­­ղերուն մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած գաղտնիք­­նե­­­րու վկայ ես: Ըսէ մե­­զի, այս բռնա­­կալ­­նե­­­րը, այս եզիդ­­նե­­­րը ի՞նչ ու­­զե­­­ցին մեզ­­մէ: Ին­­չո՞ւ մե­­զի դէմ պա­­տերազմ յայ­­տա­­­րարե­­ցին օդա­­նաւե­­րով, թու­­նա­­­ւոր կա­­զերով, ամե­­նածանր զէն­­քե­­­րով, կար­­ծես օտար պե­­տու­­թեան դէմ պա­­տերազմ մղէին: Ո՞վ էր այդ օդա­­նաւե­­րը վա­­րող Սա­­պիհան:

Ըսէ մե­­զի, ըսէ, մի՛ լռեր... Տես, լռե­­ցիր, չկրցար խօ­­սիլ, համր եղար, տես, չկրցար դի­­մանալ, ճա­­թեցար, ճա­­թեցար, ճա­­թեցար...

“Հի­­մա բաց սիրտդ, խօ­­սէ, պատ­­մէ մե­­զի, պատ­­մէ մարդկու­­թեան ան­­հուն սրտին...”

Փի­­րերը-մայ­­րե­­­րը ար­­ցունքի մէջ իրենց պար­­տա­­­կանու­­թիւննե­­րը աւար­­տե­­­լով մէկ կողմ քա­­շուե­­ցան։ Արո­­ւես­­տա­­­գէտ Էզ­­կի Քը­­լըն­­չասլան, այդպէս եր­­կուքի բաժ­­նուած/ճեղ­­քո­­­ւած քա­­րին գաղտնի­­քը քիչ յե­­տոյ մե­­զի պի­­տի պար­­զէր։ Իմա­­ցանք թէ այդ սո­­վորա­­կան ճեղ­­քո­­­ւած քա­­րին ներ­­սը սիրտ մը թաք­­նո­­­ւած էր։ Այդ ճեղ­­քո­­­ւած սո­­վորա­­կան քա­­րը, թեք­­նի­­­քական մե­­քենա­­կանու­­թեամբ դան­­դա­­­ղօրէն եր­­կուքի բաժ­­նո­­­ւեցաւ։ Քիր­­մանչքի-զա­­զաքի ող­­բի ըն­­կե­­­րակ­­ցութեամբ բա­­ցուող քա­­րը զար­­մանքով եւ սար­­սա­­­փով կը դի­­տեմ։ Այստեղ գաղտնիք մը պէտք է ըլ­­լայ կ'ըսեմ։ Իրա­­րու կցո­­ւած եր­­կու ձեռ­­քե­­­րու ափե­­րու նման կողք կող­­քի բա­­ցուող քա­­րին ներ­­սի գաղտնի­­քը, սիրտ մըն էր։ Քա­­րին սիր­­տը... Ոչ, ճեղ­­քո­­­ւած քա­­րին սիր­­տը... Սրտին վրայ Տէր­­սի­­­մի քար­­տէ­­­սը եւ Թեր­­թե­­­լէի ապ­­րո­­­ւած վայ­­րե­­­րու անուննե­­րը... Տա­­րինե­­րէ ի վեր վրան աշ­­խա­­­տած եւ աշ­­խարհին պատ­­մել ու­­զած Թեր­­թե­­­լէն միայն այսպի­­սի գոր­­ծով մը կրնար պատ­­մո­­­ւիլ։ Ասի­­կա ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւն մըն է... Ծունկի եկած յու­­շարձա­­նին առ­­ջեւ հե­­կեկանքնե­­րը կո­­կոր­­դիս մէջ կը հան­­գուցո­­ւին, ար­­ցունքներս չեմ կրնար զսպել... Կը խօ­­սի քա­­րը, կը խօ­­սի, առանց լռե­­լու կը խօ­­սի... Լե­­զուս համր, սիրտս ող­­բե­­­րու աղա­­ղակին մէջ...

Շուրջս կը նա­­յիմ. ոչ մէ­­կը կէս ժամ առա­­ջուայ վի­­ճակին մէջ չէ։ Կար­­ծես ժա­­մանա­­կը, տա­­րածու­­թիւնը փո­­խած եւ այլ չա­­փանի­­շով կ'ապ­­րին մար­­դիկ... Ոմանք առանց պա­­տան­­քի եւ գե­­րեզ­­մա­­­նի իրենց նախ­­նի­­­ներուն գե­­րեզ­­մա­­­նին հա­­սած կար­­ծես, ոմանք պո­­կուած սուրբ հա­­ւատ­­քի վայ­­րին երե­­սը շփե­­լու պէս, ոմանք հա­­զարա­­ւոր տա­­րինե­­րու լռու­­թիւնը խոր­­տա­­­կած կար­­ծես, ոմանք մէջ­­քին-սրտին վրայ կրած Թեր­­թե­­­լէի հո­­գեվի­­ճակը հոն ձգած կար­­ծես... Ոմանք տա­­կաւին ող­­բե­­­րու լուռ աղա­­ղակ­­նե­­­րով սուգ պա­­հելու պէս...

Այս բո­­լոր ցա­­ւերուն, անար­­դա­­­րու­­թիւննե­­րուն են­­թարկո­­ւած, օտա­­րաց­­ման եւ ատե­­լու­­թեան առար­­կայ դար­­ձած այս հա­­սարա­­կու­­թիւնը, իր երկրին մէջ, ապ­­րած հո­­ղերուն մէջ ար­­ժէք չտես­­նե­­­լու բար­­կա­­­ցած ընկճո­­ւածու­­թիւնը կ'ապ­­րէր, քա­­րի մը յու­­շարձա­­նի վե­­րածո­­ւելուն պա­­տիւը, հպար­­տութիւ­­նը ապ­­րող հո­­գեվի­­ճակի մը վե­­րածուելուն ակա­­նատես եղայ։ Յու­­շարձան մը անոնց հա­­մար միայն յու­­շարձան մը չէր։ Բո­­լոր կոր­­սո­­­ւած ժա­­մանակ­­նե­­­րու եւ աւե­­րակ վայ­­րե­­­րու նոր ժա­­մանա­­կի եւ վայ­­րի մը մէջ կեանք գտնելն էր։ Ասի­­կա միայն ան­­ցեալին, կո­­րուստին յի­­շողու­­թիւնը չէր. ապա­­գայի լոյսն ու կա­­ռուցման յոյսն էր։

Արա­­րողու­­թեան վայ­­րին Թեր­­թե­­­լէի զո­­հերուն թոռ­­նե­­­րուն կող­­մէ ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւած հե­­տեւեալ մտքի դի­­մաց ըսե­­լիք բան չգտնե­­լու ան­­ճա­­­րակու­­թիւնը ապ­­րե­­­ցայ.

«Այս քա­­րը, քար ըլ­­լա­­­լով հան­­դերձ վկա­­յած բռնու­­թեան չի կրցաւ դի­­մանալ, ճեղ­­քո­­­ւեցաւ։ Ար­­դեօք այս բռնու­­թեան որո­­շու­­մը կա­­յաց­­նողնե­­րը, գոր­­ծադրող­­նե­­­րը, անոնց աջակ­­ցողնե­­րը, զայն ու­­րա­­­ցող­­նե­­­րը, այս բռնու­­թեան հետ չա­­ռերե­­սուող­­նե­­­րը քա­­րէն աւե­­լի՞ կարծր սրտեր ու­­նին»։

Իսկ մեր նախ­­նի­­­ները ինչպէ՞ս դի­­մացան բռնու­­թեան այս ցա­­ւերուն։

Ահա հոս, պա­­տաս­­խան գտնե­­լու դժուարա­­նալու այս պա­­հուն Հու­­րի­­­յէ մօ­­րաքոյ­­րին այդ իմաս­­տուն խօս­­քը կը հաս­­նի մեր օգ­­նութեան.

«Քար ըլ­­լա­­­յի պի­­տի ճեղ­­քո­­­ւէի, հող եղայ ու դի­­մացայ»։

Ճեղ­­քո­­­ւած քա­­րը, այլ ժա­­մանա­­կի եւ վայ­­րի մը մէջ, Տէր­­սի­­­մի հո­­ղին վրայ չըլ­­լա­­­լով հան­­դերձ Գեր­­մա­­­նիոյ մայ­­րա­­­քաղաք Պեր­­լի­­­նի զբօ­­սայ­­գիի մը մէջ դի­­մացող հո­­ղին վրայ որ­­պէս յու­­շարձան մը կը տե­­ղադ­­րո­­­ւի։

Ժա­­մանա­­կի եւ տա­­րածու­­թեան քա­­րի մը մէջ կեանք դառ­­նա­­­լուն կը վկա­­յենք։

Հա­­պա քա­­րէ սիրտ մը ստեղ­­ծող, քա­­րի մը տո­­ւեալ բեռ­­նե­­­լով զայն կեն­­դա­­­նի յի­­շողու­­թեան-յու­­շարձա­­նի վե­­րածող արուես­­տա­­­գէտը.

Հա­­զարա­­ւոր ան­­գամ շնոր­­հա­­­կալ եմ քե­­զի։ Դուն ի՞նչ հրա­­շալի գործ մը ստեղ­­ծած ես...

Յու­­շարձա­­նի բաց­­ման եւ յի­­շատա­­կի արա­­րողու­­թեան աւար­­տին մօտ, այս քա­­րին կեանք տո­­ւող, յի­­շողու­­թիւն բեռ­­նող արո­­ւես­­տա­­­գէտ Էզ­­կի Քը­­լըն­­չասլա­­նի հետ ծա­­նօթա­­նալու եւ կարճ զրոյց մը ու­­նե­­­նալու առի­­թը կը գտնեմ։

Արո­­ւես­­տա­­­գէտը, գոր­­ծին մա­­սին հե­­տեւեալը յայտնեց.

«Այս յու­­շարձա­­նը միշտ բաց պի­­տի չըլ­­լայ եւ քա­­րին ներ­­սը, այ­­սինքն սիր­­տը բո­­լորը միշտ պի­­տի չտես­­նեն։ Որով­­հե­­­տեւ Թեր­­թե­­­լէ-ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն ապ­­րած մար­­դու մը սիր­­տը բո­­լորին եւ ամէն տեղ չի կրնար բա­­նալ։ Ան միայն իր բա­­րեկամ­­նե­­­րուն, բա­­րեկամ հա­­մարած­­նե­­­րուն, ինքզինք ապա­­հով զգա­­ցած պա­­հուն ու մի­­ջավայ­­րին կը բա­­նայ իր սիր­­տը։ Այս պատ­­ճա­­­ռով ալ յու­­շարձա­­նը միայն յի­­շատա­­կի արա­­րողու­­թիւննե­­րուն եւ յա­­տուկ օրե­­րուն պի­­տի բա­­ցուի»։

Արա­­րողու­­թե­­­նէն յե­­տոյ մար­­դոց մեծ մա­­սը հե­­ռացաւ եւ տա­­րած­­քը պար­­պո­­­ւեցաւ։

Յու­­շարձա­­նը, սիր­­տը փա­­կելով զբօ­­սայ­­գիին մէջ մի­­նակ ճեղ­­քո­­­ւած քա­­րի մը ձե­­ւի վե­­րածո­­ւած ատեն, ես յա­­ճախ օգ­­տա­­­գոր­­ծած քա­­նի մը գա­­ղափար­­նե­­­րու այս յու­­շարձա­­նի արա­­րողու­­թեան հետ կա­­պը ստեղ­­ծե­­­լու կը ջա­­նայի։

Յի­­շատա­­կել, յի­­շել, առե­­րեսո­­ւիլ եւ բու­­ժո­­­ւիլ...

եւ իհար­­կէ յար­­գանք ու պա­­տիւ…

Հա­­սարա­­կու­­թիւն մը ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան են­­թարկե­­լու ատեն ամե­­նավայ­­րագ յար­­ձա­­­կու­­մը, այդ հա­­սարա­­կու­­թեան պա­­տիւին, սուրբ ար­­ժէքնե­­րուն, այս ար­­ժէքնե­­րու ծի­­սակա­­տարու­­թիւննե­­րուն, յի­­շողու­­թիւնը կազ­­մող խորհրդա­­նիշ­­նե­­­րուն ուղղո­­ւած կ'ըլ­­լայ։ Անար­­ժէ­­­քու­­թիւն եւ ինքնա­­յար­­գանքի կո­­րուստ կը պատ­­ճա­­­ռուի։ Ասի­­կա այդ հա­­սարա­­կու­­թեան քայ­­քա­­­յուե­­լուն եւ ցրո­­ւելուն պատ­­ճառ կը դառ­­նայ։ Հե­­տեւա­­բար ասի­­կա միայն ջնջո­­ւիլ ու­­զո­­­ւած ան­­ցեալը չէ, միեւ­­նոյն ժա­­մանակ գող­­ցո­­­ւած ապա­­գան է հա­­սարա­­կու­­թեան։

Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւննե­­րու դէմ պայ­­քա­­­րող հա­­սարա­­կու­­թիւններն ալ ինքզինքնին այս ար­­ժէքնե­­րու մի­­ջոցով վե­­րակա­­ռու­­ցե­­­լու կը ջա­­նան։ Նախ եւ առաջ այս վայ­­րագ յար­­ձա­­­կու­­մը իրա­­կանաց­­նող գա­­ղափա­­րախօ­­սական եւ բռնու­­թեան մե­­քենա­­յացումնե­­րուն հետ հա­­շուե­­յար­­դար տես­­նել, առե­­րեսո­­ւիլ եւ բու­­ժո­­­ւիլ կ'ու­­զեն։ Իրենց պա­­տուին վե­­րադար­­ձը եւ յար­­գանք ցու­­ցա­­­բերե­­լը կը սպա­­սեն։ Այս հնա­­րաւոր չըլ­­լա­­­լու պա­­րագա­­յին իրենց հնա­­րաւո­­րու­­թիւննե­­րով գո­­յատեւ­­ման ռազ­­մա­­­վարու­­թիւն կը հե­­տեւին։ Յի­­շատա­­կել եւ յի­­շել։ Ասոր ամե­­նայա­­րատեւ եւ ազ­­դե­­­ցիկ ճամ­­բան ալ շատ տար­­բեր խորհրդա­­նիշերն են, նշան­­ներն են։ Յի­­շողու­­թեան խորհրդա­­նիշե­­րը, յի­­շողու­­թեան վայ­­րե­­­րը...

Ինքնու­­թեան, անձնա­­ւորու­­թեան կա­­ռուցման գոր­­ծընթա­­ցը նաեւ յի­­շողու­­թեան եւ անոր խորհրդա­­նիշե­­րու կա­­ռուցման գոր­­ծընթաց մըն է։ Այս գոր­­ծընթա­­ցը դի­­մադ­­րութեան եւ գո­­յատեւ­­ման ձեւ մը կ'ըն­­դունո­­ւի։ Ասի­­կա միայն ան­­ցեալը յի­­շատա­­կելու, յի­­շելու հա­­մար չ'ըլ­­լար. այ­­սօ­­­րը պաշտպա­­նելու եւ ապա­­գան կա­­ռու­­ցե­­­լու հա­­մար կ'ըլ­­լայ։

Թեր­­թե­­­լէ ապ­­րած հա­­սարա­­կու­­թիւննե­­րը նաեւ աք­­սո­­­րի եւ գաղ­­թի հա­­սարա­­կու­­թիւններ են։ Անոնք տե­­ղէ մը այլ տեղ եր­­թա­­­լու ատեն միայն ֆի­­զիքա­­կան տե­­ղափո­­խու­­թիւն չեն ապ­­րիր, մշա­­կոյթնե­­րը, հա­­ւատքնե­­րը, յի­­շողու­­թիւննե­­րը, հո­­գեվի­­ճակ­­նե­­­րը միասին կը տա­­նին եւ հոն խո­­րապէս խո­­րապէս, եր­­բեմն բա­­ցայայտ, եր­­բեմն գաղտնի կեր­­պով կ'ապ­­րին եւ ապ­­րեցնել կ'ու­­զեն։ Ահա այս յու­­շարձա­­նը քիչ մըն ալ ասոր կը հա­­մապա­­տաս­­խա­­­նէ։ Ան­­ցեալին, այ­­սօ­­­րուան եւ ապա­­գային ճշմար­­տութեան լոյս...

Պեր­­լի­­­նը յի­­շողու­­թեան վայ­­րե­­­րու եւ խորհրդա­­նիշե­­րու տե­­սակէ­­տէն հա­­րուստ մայ­­րա­­­քաղաք մըն է։ Միւս բո­­լոր յու­­շարձան­­նե­­­րու նման Նի­­սան­­կէ Թեր­­թե­­­լէ 38-ի/Տէր­­սիմ՝ 38 Թեր­­թե­­­լէ Յու­­շարձանն ալ Պեր­­լին-Քրոյցպեր­­կի մէջ ար­­ժա­­­նի տե­­ղը ստա­­ցած ըլ­­լա­­­լու հանգստու­­թեամբ վե­­րադար­­ձայ Քէօլն...

Եւ ան­­շուշտ, այս գոր­­ծընթա­­ցը 2015-16 թո­­ւական­­նե­­­րուն սկսող, յա­­մառօ­­րէն շա­­րու­­նա­­­կող, յա­­ջողու­­թեան հասցնող եւ մեզ հրա­­ւիրող Եւ­­րո­­­պայի Տէր­­սի­­­մի Միու­­թիւննե­­րու Դաշ­­նակցու­­թիւն եւ Պեր­­լի­­­նի Տէր­­սի­­­մի Մշա­­կոյ­­թի Միու­­թեան ղե­­կավար­­նե­­­րուն, աշ­­խա­­­տաւոր­­նե­­­րուն եւ ջանք թա­­փող բո­­լորին սրտանց շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն կը յայտնեմ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ