Նիկիոյ Սուրբ Ժողովի 1700-Ամեակին Նուիրուած Գիտաժողով

Թուրքիոյ Սուրբ Գրոց Ընկերութեան կազմակերպութեամբ, 16 Մայիս 2025, Ուրբաթ, Ֆէնէրի Մարաշլի Յունաց Վարժարանի մէջ տեղի ունեցաւ Նիկիոյ Ս. Ժողովին 1700-ամեակին նուիրուած գիտաժողով։ Միօրեայ ժողովին մասնակցեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, կողքին ունենալով Միջեկեղեցական եւ Միջկրօնական բաժանմունքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանը, Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Արժ. Տ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Պչաքճեանը եւ Արժ. Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեանը։

Հանդիսութեան մասնակցեցան նաեւ քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներ՝ Քաղդէացի Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ՝ Մոնս. Սապրի Անար Արքեպս.ը, Լատին Կաթոլիկ վիճակաւոր Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ Եպիսկոպոսը, Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Գերյ. Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան Գերապայծառը, Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը Քորեպիսկոպոսը։ Մասնակցեցան նաեւ Սուրբ Գրոց Ընկերութեան վարչութեան ատենապետ Յունաց Տ. Փաիսիոս Ս. Մետրոպոլիտը, հոգեւորականներ եւ ակադեմական դէմքեր։

Հանդիսութիւնը սկսաւ Թուրքիոյ Սուրբ Գրոց Ընկերութեան Տնօրէն Թամար Քարասուի բացման խօսքով, որ անդրադարձաւ Նիկիոյ Ս. Ժողովին 1700-ամեակի կարեւորութեան։ Յայտնեց, որ սոյն գիտաժողովը կամուրջ մը պիտի կազմէ ժողովէն մինչեւ այսօր՝ 1700 տարիներու աստուածաբանական, հոգեւոր, ընկերամշակութային, քաղաքական կեանքերուն։ Ուրախութիւն յայտնեց, որ տարբեր եկեղեցիներու առաջնորդներ, ինչպէս նաեւ օտար շրջանակներէ հետաքրքիր անձինք կը մասնակցին գիտաժողովին։ Խօսքի աւարտին յիշեցուց, որ այս կարեւոր գիտաժողովը տեղի կ՚ունենար պատմական Մարաշլի Յունաց Վարժարանի համալիրին մէջ, յատուկ տնօրինութեամբ Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի, ինչպէս նաեւ վարժարանի վարչութեան ներդրումով։

Յաջորդաբար զեկուցումներով հանդէս եկան բանախօսներ՝ Պէյօղլու Ս. Աստուածածին Յունաց Եկեղեցւոյ Երէց՝ Տ. Տիմիթրի Ա. Քհնյ. Մայաօղլու (Ժողովը ինչպէս գումարուեցաւ), Պատուելի Իհսան Էօզպէք (Խաչելութենէն դէպի Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովը), Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ Եպս. (Նիկիոյ Ժողովի մասին առասպելական գիտութիւններ եւ սխալ տեղեկութիւններ), պատմաբան Պանու Չէլըք (Կոստանդին Կայսեր դերակատարութիւնը Նիկիոյ Ժողովին մէջ), Պատրիարքական Աթոռէն Արժ. Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան (Արիոսի եւ Աթանասի վիճաբանութիւնը), ակադեմական Եշուա Էօզչէլիք (Նիկիոյ Ժողովի որոշումներուն փիլիսոփայական պատշաճութիւնը), Զուիցէրիայէն Տքթ. Ճանըթըն Մուրհէտ (Ս. Երրորդութիւն ըմբռնումը Նիկիոյ Ժողովէն առաջ), Պուրսայի Յունաց Յոաքիմ Պիլլիս Մետրոպոլիտ (Ուղղափառ Եկեղեցւոյ տեսանկիւնէն Նիկիոյ Ժողովը), Ասորի Եկեղեցիէն Տ. Միհայիլ Թէօրէ (Նիկիոյ Ժողովին ազդեցութիւնը Ասորի Եկեղեցւոյ վրայ), Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Երէց՝ Հ. Փաօլօ Ռաֆայէլ Փուկլիէս (ընդհանուր ակնարկ), Գերմանիայէն Տթր. Վոլֆկանկ Նէսթօլըլ (Նիկիոյ Ս. Ժողովին ազդեցութիւնը յաջորդ տիեզերական ժողովներուն։

Հանդիսութեան հետեւեցան ներկաներ եւ անհատական զրոյցներու մէջ եւս անդրադարձան կազմակերպուած սոյն գիտաժողովի բարձր որակին եւ նշանակութեան։ Փակման խօսքը արտասանեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը եւ շնորհաւորեց բոլոր կազմակերպիչները եւ յայտնեց, որ զանազան զեկուցումներու շնորհիւ ամբողջ օր անդրադարձ կատարուած էր Նիկիոյ Ս. Ժողովին եւ մասնակիցներ առիթը ունեցած էին տարբեր երեսակներու մասին մտածելու։

Այս շրջագիծով մեր Հոգեւոր Պետը անդրադարձաւ Նիկիոյ Ս. Ժողովի դրական երեսակին եւ յայտնեց, որ Կոստանդին Կայսեր հսկողութեամբ եկեղեցին յաջողած էր ձեւով մը իր ուղղափառ վարդապետութիւնը պահպանել։ Այս շրջագիծով տասնեակ եպիսկոպոսներ հաւաքուած էին Նիկիա քաղաքին մէջ եւ Քրիստոնէական եկեղեցւոյ հիմնական ուսուցումը բանաձեւելով յայտարարած էին հաւատոյ հանգանակը։ Պատրիարք Հայրը դրական երեսակին առընթեր անդրադարձաւ նաեւ ժխտական երեսակին, ըսելով որ այդ ժամանակին մարդիկ բառերու վրայ առաւել եւս ծանրանալով, հեռացած էին Քրիստոնէական ոգիէն եւ եկեղեցին թիրախ դարձած էր առաւել եւս բաժանումներու։ Այս ուղղութիւնը հետեւանքն էր առաջին հերթին քաղաքական ազդեցութեան։ Նիկիոյ Ժողովը դարձաւ քաղաքական ու եկեղեցական իշխանութեանց փոխ յարաբերութիւններու հաստատման առիթ։ Կայսեր հրաւէրով կազմուած ժողովը ցոյց տուաւ նաեւ, որ եկեղեցին յետ այսու թէ՛ կրօնական եւ թէ՛ աշխարհիկ ու քաղաքական կեանքին մէջ իր տեղը պիտի ունենար։ Քաղաքականացման այս ընթացքը յաջորդիւ պատճառ դարձաւ մեծ բաժանումներու եւ յատկապէս Քրիստոնեայ տարբեր ազգեր իրարմէ բաժնուեցան եւ դժբախտաբար նոյնիսկ Քրիստոնեայ ազգեր դաւանական տարբերութիւնը օգտագործելով ճնշում բանեցուցին ուրիշ Քրիստոնեայ ազգերու վրայ, կարծես պատերազմի մէջ ըլլային։

Մեր Հոգեւոր Պետը խօսքի աւարտին ըսաւ, որ եկեղեցին 1700 տարուայ այս ճամբորդութեան ընթացքին տեսաւ թէ՛ դրականը եւ թէ՛ ժխտականը։ Այլապէս ներկայի պատճառը այն է, որ աշխարհի վրայ կան հարիւրաւոր Քրիստոնէական ճիւղաւորումներ։ Այս բոլորին մէջ մխիթարական է, որ ներկայ դարուս միջեկեղեցական յարաբերութիւններու զարգացմամբ, գոնէ եկեղեցիներ առաւել եւս կը փորձեն մօտենալ Քրիստոնէական հիմնական ուսուցումին՝ սիրոյ եւ կը զարգացնեն փոխ յարաբերութիւնները։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց կազմակերպիչները, յանձին Սուրբ Գրոց Ընկերութեան Տնօրէն Թամար Քարասու Մայօղլուի եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց ապագայ գործունէութեանց մէջ։

Հանդիսութեան աւարտին բանախօսներուն եւ մասնակիցներուն յանձնուեցան յուշանուէրներ։ Ապա Պատրիարք Հայրը շրջեցաւ վարժարանի մէջ եւ տեղեկութիւն ստացաւ վարժարանի անցեալին ու նորոգութեան ընթացքին մասին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ