ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Զգլխեցուցիչ արագութեամբ մեր առօրեային թափանցեց գերարդի ճարտարագիտութեան ընձեռած աներեւակայելիօրէն ընդարձակ հորիզոնները:
Ընդամէնը մէկ կեանքի տեւողութեամբ արձանագրուած զարգացումը, մէկ կողմ թողնենք արժանի կերպով շահագործելը, ընկալելը անգամ կը գերազանցէ մեր ըմբռման ունակութիւնը:
Ես կը յիշեմ մեր տան արդէն հնամենի դարձած ռատիօընկալուչի կարճ ալիքի վրայ Հայաստանեան հաղորդում որոնած օրերս: Հազարումէկ անպիտան բաղաձայնութեան հետ կը պայքարէինք «Երեւանն է խօսում» ազդանշանը լսելու համար: Հազիւ թէ կէսկտուր կը լսէինք այդ ձայնը, յանկարծ վրայ կը հասնէր արաբերէն երաշտութիւն մը, որուն ձայնի հզօրութեան դիմաց կ՚անհետանար Վերա Յակոբեանի մատուցած հաղորդումը:
Այս հին յիշատակներուն մատնուեցայ, երբ ազատ մի պահու, բոլորովին պատահական կերպով ներթափանցեցի բջջային հեռախօսի մագնիսական դաշտը:
Բարեկամի մը դիմատետրի միջոցաւ ուղարկած տեսահոլովակը դիտեցի: Մուսա Լերան շրջանի խորհդանիշը դարձած «Հալա հալա նիննոյէ» երգի երգչախմբային կատարումն էր:
Աւարտին «Յու-Թուպ ազդարարեց ծանօթ անուն մը՝ Տողան Չելիք: Տէրսիմցի երգիչ մը, որ իր անդրանիկ համերգը սարքած էր Կեդրոնական Սանուց Միութեան բեմին վրայ: Ան այս անգամ փոխարէն իր մայրենիին՝ զազաերէնի, կուռ ձայնով կը կատարէր թրքերէն աշուղական երգ մը:
Իւրաքանչիւր ունկնդրութեան կը յաջորդէր ազդարարութիւններու նոր շարք մը: Ծանօթ անուն մը եւս: Ոմանք երաժշտական խումբը Պոլիսէն է: Մենակատար Լառա Նարին ճազային ելեւէջներով կ'երգէ վանդակը: Երգ մը՝ որու յօրինումը եւս կը պատկանի Ոմանքի: Այս անգամ Ատրպէյճանցի քամանչահար մըն է էկրանին վրայ, Նուրէտտին Թակիեւ: Անոր նուագակցութեանբ կը պարէ նուրբ կին մը, մարմնի հեզաճկուն շարժումներով: Երաժշտական բարձր որակին համազօր հմայիչ էր նաեւ տեսահոլովակը, իր գեղագիտական պարզ, անպաճոյճ հիւսուածքով:
Վրայ հասաւ վրացի երգիչի մը՝ Տաթօ Քենչիաշվիլիի կատարումը: Վրացական երաժշտութեան յատուկ բազմաձայնութիւնը հիանալի էր այս գործին մէջ եւս:
Շարունակութիւնը եկաւ «Տուտուկ Պենտ» խումբի մենակատար Վիթալի Պօղոսեանի կատարումով։
Կը շարունակէր տողանցքը եւ այս անգամ դարձեալ Տէրսիմէն, դարձեալ ծանօթ սիրելի դէմքեր Մեթին եւ Քեմալ Քահրաման եղբայրներն են։ Զազայերէն հին ողբի մը նոր շունչ կը պարգեւեն։ Իւրաքանչիւր հանդիպում իր հետ կը բերէ թանկագին յիշատակներ։ Կը յիշեմ Սայաթ Նովա Երգչախումբի ամբողջական կազմով Հրանդի յիշատակին յօրինուած երգի մը ձայնագրութեան պահերը։
Այդ բնոյթով, դարձեալ բազմանդամ կատարում մը եղաւ Այշէ Թիւթիւնճիւի յօրինած ու մշակած «Ապրիլեան անձրեւոտ օր մը» գործը, որու կազմին մէջ կը հանդիպէինք բազմաթիւ ծանօթ երաժիշտներու։
Քարտէշ Թիւրքիւլեր երաժշտական խումբը եւս հարազատ կառոյց մըն է։ Երկրի ամենախաւար տարիներուն անոնք յանդգնօրէն բեմ կ՚ելլէին այս հողերու արգիլուած կամ արհամարհուած լեզուներով երգեր երգելու։ Այս անգամ ալ անոնցմէ մէկն է եւ Էրոլ Մութլուի հրաշալի նախերգով կը հնչէ ալիեւիներու, ծիսակատարութեան մեղեդի մը։
Այս երաժշտական սէրը շուտով գերազանցեց երկրի տարածքը եւ այս անգամ գերմանական եկեղեցիի մը մէջ կը հնչէ քրտերէն «Ռոժէք Թէ» երգը։
Մեր ժամանակներու փրոթեսթ երաժշտութեան ամենափայլուն մեկնաբաններէն մէկն է Արթուր Մեսճեանը։ Հիմա իր նուագախումբով ան է որ կ՚ողողէ ամբողջ դահլիճը երգելով ու նուագելով «Նոյն քաղաքը» ստեղծագործութիւնը։
Միհիս Թէոտորաքիս խմբավարի ցպիկը ձեռին եւ Մարիա Ֆարանտուրի բոլոր զգացումները իր ձայնի ելեւէջներուն մէջ ցոլացնող այդ բացառիկ երգչուհին դարձեալ բջջային հեռախօսի մը էկրանէն մեզ կը տանի Գերմանիա, հիւրահամերգի մը հնչիւններուն։
Չեմ գիտեր թէ ինչպիսի ալկորիտմի մը հետեւանքն է, երգերը եւ կատարողները կը շրջին երկրէ երկիր, ցամաքամասէ ցամաքամաս, բայց միշտ կը յայտնուին մեզի հոգեհարազատ մթնոլորտ մը գոյացնելով։
Այս անգամ Սեւինչ Էրաթալայն է։ Անունանի յեղափոխական Մահիր Չայանի ձօնուած երգով մը կը ներկայանայ։ Կը խուսափիմ բազում անգամներ նմանները լսած այս երգերու շարքէն եւ կը հանդիպիմ ուրիշ հարազատութեան մը։
Այժմ Պարսկասատնն ենք։ Շահրամ Նազերի մեծ նուագախումբի եւ երգչախումբի ընկերակցութեամբ կը կատարէ «Շիրին-Շիրին» երգը։ Կ՚իմանանք թէ երգչախումբը հայկական է եւ թէ՛ նուագախումբը եւ թէ երգչախումբը վարողը հայազգի մեծ երաժիշտ Լորիս Ճգնաւորեանն է։
Կը զգամ որ շատ ժամանակ վատնած եմ սա «անիծեալ» գործիքի դիմաց։ Բայց ինչպէս անջատեմ, երբ հերթը հասաւ իմ սերունդէն շատերու համար ջերմ հարազատութիւնով մը յիշուող Ճոան Պայզի։ Ան ալ այս անգամ բեմը կը բաժնէ մի այլ հսկայի՝ Մերսետես Տէ Սոսայի հետ։ Ես ալ կը ձայնակցիմ այս երգին, երբ զոյգ երգչուհիները շնորհակալութիւն կը յայտնեն իրենց պարգեւուած կեանքին համար։ «Կրասիաս Ա Լա Վիտա» երգը այսօրուայ համար վերջակէտ մը կը դառնայ եւ կը զգամ թէ հանդուրժողականութիւնս այսուհետեւ աւելի բարձր պիտի ըլլայ ընկերական շփումներէ պոկուելով բջջային հեռախօսի այդ փոքրիկ էկրանին դատապարտուածներու հանդէպ։