Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանի ի նպաստ կը մեկնարկէ «Երկու Անիւ Մէկ Երազ» ծրագիրը

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

ishanerdinc@gmail.com

Հայ հա­մայնքի երի­տասարդ ան­դամնե­րէն Ռո­նի Քո­լու­քը­սայեան, Թոփ­քա­փուի Լե­ւոն Վար­դուհեան Վար­ժա­րանի օգ­տին կը ձեռ­նարկէ հե­ծանի­ւի ար­շաւ: Թոփ­քա­փուի Վար­ժա­րանը այս տա­րի 18 մի­լիոն թրքա­կան լի­րայի պիւտճէի բա­ց ու­նէր: Սի­րոյ սե­ղանին վար­ժա­րանի հա­մար հան­գա­նակո­ւած էր 13 մի­լիոն թրքա­կան լի­րա նո­ւիրա­տուու­թիւն։

21 տա­րեկան Քո­լու­քը­սայեան, Գա­րակէօզեանի նա­խակրթա­րանէն ետք, կրթու­թիւնը շա­րու­նա­կած էր Նոթր Տամ տը Սիոն երկրոր­դա­կան վար­ժա­րանը։ Ան այժմ կ՚ու­սա­նի Ֆրան­սա­յի Կրե­նոպլ քա­ղաքի հա­մալ­սա­րանը: Քո­լու­քը­սայեանի ամե­նամեծ կիր­քը բնու­թեան մէջ քա­լելն ու հե­ծանիւ քշելն է: Կրե­նոպ­լէն Պո­լիս հե­ծանի­ւով գա­լով՝ թէ՛ կլի­մայի տագ­նա­պին նկատ­մամբ իրա­զեկու­թիւն ապա­հովել կ՚ու­զէ, աջակ­ցե­լով նաեւ նիւ­թա­կան դժո­ւարու­թեան մատ­նո­ւած Թոփ­քա­փուի Վար­ժա­րանին։

Զրու­ցե­ցինք Ռո­նի Քո­լու­քը­սայեանին հետ Ֆրան­սա­յէն Պո­լիս նա­խատե­սած իր ար­շա­ւի մա­սին:

Նախ ձեզ ճանչնանք:

Տար­րա­կան եւ միջ­նա­կար­գի ու­սումը Գա­րակէօզեան, իսկ երկրոր­դա­կանը Նոթր Տամ տը Սիոնի մէջ տե­սած եմ: 2023 թո­ւակա­նի Սեպ­տեմբե­րին հա­մալ­սա­րանա­կան կրթու­թեանս հա­մար Ֆրան­սա­յի Կրե­նոպլ քա­ղաքը եկայ: Ֆի­զիքա բաժ­նի երկրորդ տա­րուան ու­սա­նող եմ: Լեռ­նագնա­ցու­թիւն եւ հե­ծանիւ քշել կը սի­րեմ: Թատ­րո­նով եւ դաշ­նա­մու­րով ալ կը հե­տաքրքրո­ւիմ:

Ծրագ­րին անու­նը «Եր­կու Անիւ Մէկ Երազ» է: Ինչպէ՞ս ծնաւ:

Կրե­նոպլ գա­լէս ի վեր քա­ղաքին մէջ ամէն տեղ հե­ծանի­ւով կ'եր­թամ: Ինքնա­շարժ եւ հա­սարա­կաց փո­խադ­րա­միջոց չեմ գոր­ծա­ծեր: Քա­ղաքին են­թա­կառու­ցո­ւած­քը հե­ծանիւ քշե­լու կը քա­ջալե­րէ: Քա­ղաք առա­ջին ան­գամ եկած ժա­մանակ գոր­ծա­ծուած հե­ծանիւ մը գնե­ցի եւ զայն կը գոր­ծա­ծեմ: Ըն­կերնե­րուս հետ կար­ճա­տեւ ճամ­բորդու­թիւններ ըրի հե­ծանի­ւով: Առա­ջին եր­կար հե­ծանի­ւի ճամ­բորդու­թիւնս ան­ցեալ տա­րի Կրե­նոպ­լէն Ճե­նովա եր­թալս էր: Ան­կէ դուրս ալ քա­նի մը նման ճամ­բորդու­թիւններ ըրի: Միտ­քիս մէջ միշտ կար Պո­լիս հե­ծանի­ւով վե­րադառ­նալ, կրնա՞մ: Միտ­քիս մէջ ասի­կա ծրա­գիր դարձնել սկսայ: Փետ­րո­ւար ամսուն ծրա­գիրը յստա­կացաւ: Նաեւ Instagram-ի վրայ բազ­մա­թիւ հե­ծանիւ քշող­նե­րու կը հե­տեւիմ: Անոնց հետ խօ­սեցայ, ծա­նօթա­ցայ եւ գա­ղափար­ներ փո­խանա­կեցինք: Անդրա­դար­ձայ որ ասի­կա նպա­տակի մը հա­մար կ'ընեն: Թէ՛ ան­հա­տական փորձ մը յա­ջողինլ եւ թէ նպա­տակ մը իրա­կանաց­նել:

Լաւ գա­ղափար մըն էր, իմ ան­դա­մակ­ցած պոլ­սա­հայ հա­մայնքին ծա­ռայու­թիւն մը մա­տու­ցե­լը։ Նախ Գա­րակէօզեան Վար­ժա­րանին հետ խօ­սեցայ: Վար­ժա­րանի տնօ­րէնու­հի Նա­րօտ Վե­րոնիք Քու­րուղօղ­լո­ւի հետ խօ­սեցայ եւ Գա­րակէօզեանի փո­խարէն Թօփ­քա­փը Լե­ւոն Վար­դուհեան Վար­ժա­րանին հետ կա­պի անցնիլ առա­ջար­կեց: Եր­կու տա­րի է հա­մայնքէն հե­ռու եմ: Թոփ­քա­փուի Սուրբ Նի­կողա­յոս Եկե­ղեց­ւոյ թա­ղական խոր­հուրդի նա­խագահ Նուրհան Սու­ճո­ւեան, հօրս ազ­գա­կանն է եւ իրեն հետ խօ­սեցայ: Ան յայտնեց թէ իբ­րեւ վար­չութիւն հա­մաձայն են այս ծրագ­րին։ Իրա­ւական քա­նի մը հար­ցեր կայ, որոնք լու­ծե­լու կ'աշ­խա­տինք: Ծրագ­րա­ւոր­ման իմաս­տով Suitso աջակ­ցութիւն կու տայ: Նաեւ ճամ­բորդու­թեանս ըն­թացքին, պատ­րաստո­ւելիք կի­րար­կումով մը գտնուած տե­ղիս մա­սին տե­ղեկու­թիւն կրնայ ստա­ցուիլ: Հայ հա­մայնքին մէջ երկրա­շար­ժի պա­հուն որ­տեղ գտնո­ւած ըլ­լա­լը ցոյց տո­ւող կի­րար­կումի մը պատ­րաստու­թիւննե­րը կան: Կի­րար­կումը առա­ջին ան­գամ ին­ծի հետ գոր­ծա­ծուած պի­տի ըլ­լայ: Կի­րար­կումին մի­ջերե­սին մէջ ճամ­բայ ել­լե­լուս վե­րաբե­րեալ տե­ղեկու­թիւն պի­տի տամ: Խնդիր մը ապ­րո­ւած պա­րագա­յին, Suitso խումբը գտնո­ւած տեղս հիւ­պա­տոսա­րանին պի­տի տե­ղեկաց­նէ:

Ճամ­բորդու­թեան ե՞րբ կը սկսիք:

Մտա­դիր էի Յու­նիս 13-ին սկսիլ: Սա­կայն հա­մալ­սա­րանի կրթա­կան օրա­ցոյ­ցին պատ­ճա­ռով քննու­թեան թո­ւական­նե­րը յե­տաձ­գո­ւեցան: Յու­լիս 1-ին ճամ­բորդու­թեան պի­տի սկսիմ: Հա­շիւ­նե­րուս հա­մաձայն իմ Պո­լիս ճամ­բորդու­թիւնս մէկ ու կէս ամիս պի­տի տե­ւէ: Օգոս­տո­սի երկրորդ կամ եր­րորդ շա­բաթը հա­սած պի­տի ըլ­լամ:

Ըն­տա­նիքդ ծրա­գիրը լսե­լով ի՞նչպէս ար­ձա­գան­գեց:

Սկիզ­բը բա­ցասա­կան ըն­դունե­ցին: Ծրագ­րին ինքնու­թեան պատ­ճա­ռով չէ, ճամ­բորդու­թեան ըն­թացքին անցնե­լիք եր­թուղի­ներուս պատ­ճա­ռով մտա­հոգուեցան: Ճամ­բորդու­թեանս ըն­թացքին մի­նակ պի­տի ըլ­լամ: Սա­կայն ու­րիշնե­րուն ալ նման ճամ­բորդու­թիւններ ըրած ըլ­լա­լը լսե­լով յօ­ժարե­ցան:

Ծրագ­րիդ հետ միասին մար­դիկ Թոփ­քա­փը Վար­ժա­րանին նո­ւիրա­տուու­թիւն ընե­լու պի­տի քա­ջալե­րես: Ինչպէ՞ս պի­տի ըլ­լայ:

Նո­ւիրա­տուու­թեան հետ կա­պուած աշ­խա­տանքնե­րը կը շա­րու­նա­կուին: Ամե­նապարզ լու­ծումը IBAN-ով նո­ւիրա­տուու­թիւն ընելն է: Եկե­ղեց­ւոյ դրա­մատան հա­շիւին ցան­կա­ցող անձ նո­ւիրա­տուու­թիւն կրնայ ընել, սա­կայն ասի­կա քա­ջալե­րիչ չէ, քա­նի որ ար­շա­ւի հա­մար որ­քան նո­ւիրա­տուու­թիւն հա­ւաքո­ւած ըլ­լա­լը չէք կրնար տես­նել: Սա­կայն այդ խո­չըն­դո­տը յաղ­թա­հարե­լու մի­ջոց­ներ պի­տի գտնո­ւին։ Նո­ւիրա­տուու­թեան ար­շա­ւը Յու­լիս 1-ին պի­տի սկսի: Նաեւ անձնա­կան նո­ւիրա­տուու­թեան հար­թակ մը ու­նիմ: Այդ մէ­կը հե­ծանի­ւի սար­քե­րու, ճամ­բորդու­թեան ըն­թացքին առ­նե­լիք սնունդնե­րու հա­մար բա­ցի: Դպրո­ցի օժան­դա­կու­թեան հետ կապ չու­նի։ «GoFundMe»-ի մի­ջոցով մար­դիկ կրնան աջակ­ցութիւն ցու­ցա­բերել:

Ու­րիշ վար­ժա­րանի մը նո­ւիրա­տուու­թիւն կրնա՞յ ըլ­լալ:

Այս ստեղ­ծո­ւելիք հար­թա­կը միայն Թոփ­քա­փը Լե­ւոն Վար­դուհեան Վար­ժա­րանին հա­մար պի­տի ըլ­լայ: Կոչս միշտ մեր հաս­տա­տու­թիւննե­րուն աջակ­ցութիւն տալն է:

Հո­վանա­ւորու­թեան իմաս­տով հա­մայնքին մէջ աջակ­ցողներ կա՞ն:

Աջակ­ցիլ ու­զողներ կան։ Թէ՛ նիւ­թա­կան թէ՛ ալ սար­քե­րու տես­քով աջակ­ցութիւն տալ ու­զող ան­ձեր կան: Ըն­կե­րային ցան­ցե­րու վրայ մար­դիկ տե­սանե­լիու­թեան հա­մար կը բաժ­նեկցեն: Instagram հա­շիւս՝ «Le Gastrovelo»-ի հե­տեւող­նե­րու թի­ւը 70-էն 253-ի բարձրա­ցաւ: Մէկ շաբ­թո­ւայ մէջ եղաւ: Հո­վանա­ւորու­թեան հա­մար ալ շփումներս կը շա­րու­նա­կեմ:

Վեր­ջա­պէս աւելցնել ու­զածներդ ո՞րոնք են:

Հե­տաքրքրա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն մը պի­տի ըլ­լայ: Միայն նպա­տակս Պո­լիս գալ պի­տի չըլ­լայ, թէ՛ տե­ղացի ժո­ղովուրդին հետ պի­տի ծա­նօթա­նամ թէ՛ ալ եր­թուղիին վրայ ապ­րող հա­յերուն հետ ալ պի­տի հան­դի­պիմ: Ֆի­նան­սա­կան տե­սան­կիւնէն Լե­ւոն Վար­դուհեան Վար­ժա­րանին աջակ­ցիլ: Նաեւ մշա­կու­թա­յին տե­սան­կիւնէն Պալ­քա­նեան շրջա­նին մէջ ապ­րող հա­յերուն հետ ֆի­զիքա­պէս կապ հաս­տա­տելով անոնց գո­յու­թիւնն ալ ցոյց տալ կ'ու­զեմ: Տե­սանիւ­թեր նկա­րելով աւե­լի ուշ վա­ւերագ­րա­կանի մը վե­րածել կ՚ու­զեմ այս ճամ­բորդու­թիւնը:

Այս ճամ­բորդու­թիւնը յա­ջողու­թեամբ աւար­տե­լէ ետք ի՞նչ պի­տի ընես: Ու­րիշ ծրա­գիր­ներ ու­նի՞ս:

Մտքիս մէջ փոքր եւ մե­ծածա­ւալ ծրա­գիր­ներ կան: Հայ հա­մայնքին մէջ յա­տուկ կա­րիք­ներ ու­նե­ցող ան­հատնե­րուն հա­մար հիմ­նո­ւած Յոյս Հար­թա­կին հա­մար ալ նման աշ­խա­տանք մը կրնամ ընել: Փոքր ծա­ւալով նո­ւիրա­տուու­թիւն հա­ւաքո­ւի նոյ­նիսկ իս­կա­կան տե­սանե­լիու­թիւնը աճած պի­տի ըլ­լայ:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ