«Մի՛ Յիշէր» ծափահարութիւններու արժանացաւ

Սահակեան Նու­նեան Վար­ժա­րանի աշա­կերտնե­րուն կազ­մած «Եւայլն» Թա­տերա­խումբին պատ­րաստած «Մի՛ Յի­շէր»' (Մի՛ Մոռ­նար) խո­րագ­րեալ ներ­կա­յացու­մը մեծ հա­ւանու­թեան ար­ժա­նացաւ:

Մա­յիս 20-ի Երեք­շաբթի երե­կոյեան դպրո­ցի Սմբատ Պը­չաք­ճը Բե­մին վրայ կազ­մա­կեր­պո­ւած կա­լա երե­կոյին ներ­կայ եղան Ծայ­րա­գոյն Վար­դա­պետ Յո­վակիմ Սե­րոբեան, Հայր Գաս­պար Կա­րապե­տեան, Հայր Մել­քոն Փնար­ճեան, Հայր Նա­թան Արա­պեան, Սա­մաթիոյ Սուրբ Գէորգ Եկե­ղեց­ւոյ թա­ղանա­կու­թեան ատե­նապետ Նուրհան Սու­ճո­ւեան եւ տնօ­րէն խոր­հուրդի ան­դամներ, ծնող­ներ ու թա­տերա­սէր հա­սարա­կու­թիւնը: Խումբի գե­ղարուես­տա­կան ընդհա­նուր ղե­կավար Եղիա Աք­կիւնի գրի առած հա­յերէն ներ­կա­յացու­մը կը պատ­մէ ապա­գային ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թեան մարդկա­յին հա­սարա­կու­թիւնը ձե­ւաւո­րելու մար­մա­ջը։ Ար­դա­րեւ ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թիւնը կր յոր­դո­րէ ան­ձեալը մոռ­նալ, յա­նուն հա­մերաշխ (կամ ալ հլու հնա­զանդ) ապա­գայ մը գո­յաց­նե­լու։

Մարդկու­թիւնը կը դի­մադ­րէ այս յոր­դո­րին, քա­նի որ յի­շելէ հրա­ժարի­լը հար­ցա­կանի տակ պի­տի դնէ մարդ արա­րածի գո­յու­թեան իմաս­տը։

Իմաս­տա­լից էր Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի, Գրի­գոր Զոհ­րա­պի, Կո­միտա­սի, Յա­կոբ Մնձու­րիի ու վեր­ջա­պէս Հրանդ Տին­քի կեր­պարնե­րով խորհրդան­շո­ւող ան­ցեալը։

Ստեղ­ծա­րար բե­մադ­րութիւն մըն էր, որ ներ­կա­յացաւ Սա­հակեանի սա­ներու մի­ջոցաւ։ Եղիա Աք­կիւն յա­ջողած էր բե­մագ­րութեան մի­ջոցաւ հան­դի­սատե­սը խոր­հուրդնե­րու տա­նելու, յատ­կա­պէս դրա­մապաշտ հա­մակար­գի պար­տադրանքնե­րու դէմ դի­մադ­րե­լու եղա­նակ­ներուն մա­սին։ Այս ընե­լու ժա­մանակ յա­ջողած էր նաեւ երի­տասարդ դե­րասան­նե­րը ըն­տե­լաց­նե­լու թա­տերա­կան բե­մին։ Այդ ար­դիւնքին մէջ բա­ժին ու­նին նաեւ Սա­հակեան Վար­ժա­րանի հա­յերէ­նի ու­սուցչու­հի­ներ Ժպտուն Զուրնա­ճը եւ Լիանա Պեն­լի։ Անոնք յատ­կա­պէս զբա­ղեցան դե­րասան­նե­րու առո­գանա­կան թե­րու­թիւննե­րը վե­րաց­նե­լու խնդի­րով։ ՚Պար­տինք նշել թէ աշա­կերտնե­րը ար­դա­րացու­ցին ու­սուցչու­հի­ներու աշ­խա­տու­թիւնը։

Աւար­տին Վար­ժա­րանի տնօ­րէնու­հի Տիանա Եըլան­ճըօղ­լու բեմ բարձրա­նալով ող­ջունեց կա­տարո­ւած աշ­խա­տու­թիւնը եւ «Եւայլն» թա­տերա­խումբի նո­ւիրու­մը։

Ծայ­րա­գոյն Վար­դա­պետ Սե­րով­բեան ար­տա­սանած հուսկ բան­քի մէջ դի­տել տո­ւաւ թեք­նի­քական զար­գա­ցու­մին դի­մաց յի­շողու­թեան եւ մայ­րե­նի լե­զուին չմոռ­ցո­ւելու կա­րեւո­րու­թիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ