Ատրպէյճան եւ Իրան հերթական միացեալ ռազմափորձերը կը կատարեն, բայց 19 Մայիսին ընթացք առածները առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենան բռնագրաւուած Արցախի մէջ։ «Արազ 2025» խորագիրով եռօրեայ ռազմափորձերը, քաղելով ատրպէյճանկան կողմին հրապարակած տեսանիւթերէն՝ տեղի կ՛ունենան Իրանին սահմանակից Հադրութի շրջանին մէջ: Մինչ սահմանակից երկիրներու զինուորականները միացեալ ուժերու ռազմափորձեր կը կատարեն հաւանական սպառնալիքներու դէմ, նոյն վայրկեաններուն Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով Իրանի վաղեմի հակառակորդ Իսրայէլի իշխանութիւններուն հետ Թել Աւիւի մէջ կը քննարկէ ապահովութեան երկկողմ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց բարձր գնահատեց երկու երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած ռազմավարական գործակցութիւնը. կողմերը պայմանաւորուեցան ընդլայնել երկկողմ ռազմական գործակցութիւնը։ Իսրայէլի իշխանութիւններուն մօտ «Jewish News Syndicate» թերթը կը յայտնէ, որ Իսրայէլի համար իր ոխերիմ թշնամի Իրանին սահմանակից Ատրպէյճանի հետ կապերը ռազմավարական նշանակութիւն ունին` հետախուզական տուեալներու փոխանցման գծով: Ամիսներ առաջ, «The Times of Israel» թերթը. միջազգային զեկոյցները վկայակոչելով՝ յայտնած էր, որ Ատրպէյճան, ամենայն հաւանականութեամբ, Իսրայէլին կ՛արտօնէ իր տարածքին մէջ տեղակայուած խարիսխները օգտագործել՝ Իրանի դէմ հետախուզական թռիչքներ իրականացնելու նպատակով: Այս մասին Թեհրան բազմաթիւ անգամներ անդրադարձած է եւ դատապարտած Ատրպէյճանի ու Իսրայէլի միջեւ դիւանագիտական մերձեցումը` Պաքուն մեղադրելով Իրանի դէմ դաւադրութիւններուն մէջ ներգրաւուելու յանցանքով: Սակայն, Ալիեւի վարչակազմը մեղադրանքները կտրականապէս հերքեցին:
