Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի գահակալութեան

.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հայ­րը 18 Մա­յիս 2025, Կի­րակի առա­ւօտ Վա­տիկա­նի մէջ մաս­նակցե­ցաւ Ն.Ս.Տ.Տ. Լե­ւոն ԺԴ. Նո­րըն­տիր Պա­պի գա­հակա­լու­թեան եւ պաշ­տօ­նի ձեռ­նարկման հան­դի­սու­թեան:

Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը 17 Մա­յիս, Շա­բաթ, յետ մի­ջօրէին, հան­դի­սու­թեան մաս­նակցե­լու հա­մար մեկ­նե­ցաւ Հռոմ: Մեր Հո­գեւոր Պե­տին կ’ու­ղեկցէր Արժ. Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ու­զունեան:

Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը Հռո­մի օդա­կայա­նին մէջ դի­մաւո­րուե­ցաւ Արեւմտեան Եւ­րո­պայի Հայ­րա­պետա­կան պա­տուի­րակ եւ Վա­տիկա­նի Սուրբ Աթո­ռի մօտ Հայ Եկե­ղեց­ւոյ ներ­կա­յացու­ցիչ Գերշ. Տ. Խա­ժակ Ար­քեպս. Պար­սա­մեանի կող­մէ: Նոյն ժա­մերուն օդա­կայան հա­սան նաեւ Մե­ծի Տանն Կի­լիկիոյ Կա­թողի­կոսու­թեան ներ­կա­յացու­ցիչներ Գերշ. Տ. Անու­շա­ւան Ար­քեպս. Դա­նիէլեան եւ Գերշ. Տ. Գե­ղամ Ար­քեպս. Խա­չերեան, Երու­սա­ղէմի Պատ­րիար­քութեան ներ­կա­յացու­ցիչներ Գերշ. Տ. Կո­րիւն Եպս. Պաղ­տա­սարեան եւ Հոգշ. Տ. Աղան Վրդ. Կէօք­ճեան:

Նոյն գի­շեր Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան գլխա­ւորու­թեամբ Հայ Եկե­ղեց­ւոյ պա­տուի­րակու­թիւնը սի­րոյ սե­ղանով հիւ­րա­սիրո­ւեցաւ Գերշ. Տ. Խա­ժակ Ար­քեպս. Պար­սա­մեանի կող­մէ:

18 Մա­յիս 2025, Կի­րակի առա­ւօտ Վա­տիկա­նի Ս. Պետ­րոս Մայր Տա­ճարին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նո­րըն­տիր Ն.Ս.Տ.Տ. Լե­ւոն ԺԴ. Սրբա­զան Քա­հանա­յապե­տի «Հռո­մի եպիս­կո­պոսի Պետ­րո­սեան առա­քելու­թեան սկիզ­բի արա­րողու­թիւն»ը, որուն յա­նուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րեգին Բ. Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոսի անու­նով մաս­նակցե­ցաւ Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը:

Ներ­կայ էին Ն.Ս.Տ.Տ. Պար­թո­լոմէոս Ծայ­րա­գոյն Պատ­րիար­քի գլխա­ւորու­թեամբ բո­լոր եկե­ղեցի­ներու ներ­կա­յացու­ցիչներ, ինչպէս նաեւ եր­կիրնե­րու թա­գաւոր­ներ, թա­գու­հի­ներ, նա­խագահ­ներ:

Հան­դի­սու­թեան ըն­թացքին նո­րըն­տիր Ն.Ս.Տ.Տ. Լե­ւոն ԺԴ. Սրբա­զան Քա­հանա­յապե­տին յանձնո­ւեցան պա­պական եմի­փորոնն ու հո­վուա­կան մա­տանին: Քա­րոզեց Սրբա­զան Պա­պը:

Յա­ւարտ Ս. Պա­տարա­գի հիւր եկե­ղեցա­կան­ներ Պօ­ղոս Զ. կեդ­րո­նին մէջ հիւ­րա­սիրո­ւեցան Եկե­ղեցի­ներու Միու­թեան Պա­պական Խոր­հուրդի Նա­խագահ Կար­տի­նալ Քուրթ Քո­խի կող­մէ:

Նոյն երե­կոյեան, մեր Հո­գեւոր Պե­տը այ­ցե­լեց Հռո­մի Քա­հանա­յապե­տական Լե­ւոնեան Հայ Կա­թոլիկ Վար­ժա­րանը, ուր դի­մաւո­րուե­ցաւ Հայ Կա­թողի­կէ Եկե­ղեց­ւոյ Նո­րին Գե­րեր­ջանկու­թիւն Ռա­ֆայէլ Պետ­րոս ԻԱ. Կա­թողի­կոս Պատ­րիար­քի կող­մէ՝ Հրա­շափա­ռի արա­րողու­թեամբ:

Վա­տիկա­նի մէջ շփումներ

Ն.Ս.Տ.Տ. Լե­ւոն ԺԴ. Սրբա­զան Քա­հանա­յապե­տը Վա­տիկա­նի մէջ 19 Մա­յիս 2025, Եր­կուշաբ­թի առա­ւօտ ըն­դունեց քոյր եկե­ղեցի­ներու եւ այլ կրօն­նե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը, որոնք մաս­նակցած էին «Հռո­մի եպիս­կո­պոսի եւ Պետ­րո­սի յա­ջոր­դի» իր առա­քելու­թեան մեկ­նարկի արա­րողու­թեան։

Այս ըն­դունե­լու­թեան մաս կազ­մեց նաեւ Հայ Եկե­ղեց­ւոյ պա­տուի­րակու­թիւնը, որուն կը գլխա­ւորէ Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հայ­րը:

Նո­րին Սրբու­թիւնը ներ­կա­ներուն յոր­դո­րեց գոր­ծակցիլ խա­ղաղու­թեան հա­մար՝ գե­րադա­սելով այդ նպա­տակը գա­ղափա­րական եւ քա­ղաքա­կան շա­հերէ։ Քա­հանա­յապե­տը խրա­խու­սեց մի­ջեկե­ցական շար­ժումը, կոչ ըրաւ շա­րու­նա­կել քրիս­տո­նեանե­րու եւ հրեանե­րու մի­ջեւ երկխօ­սու­թիւնը, ինչպէս նաեւ մահ­մե­տական­նե­րու հետ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը կա­ռու­ցել փո­խադարձ յար­գանքի ու խղճի ազա­տու­թեան հի­ման վրայ։

Դի­մելով քոյր եկե­ղեցի­ներու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն՝ Քա­հանա­յապե­տը նախ անդրա­դար­ձաւ «հա­մընդհա­նուր եղ­բայրու­թեան» գա­ղափա­րին՝ յի­շելով իր նա­խորդնե­րու՝ յատ­կա­պէս Սուրբ Յով­հաննէս ԻԳ-ի նա­խաձեռ­նութիւննե­րը, ինչպէս նաեւ Ֆրան­կիսկոս Պա­պի խթա­նած մի­ջեկե­ղեցա­կան ճա­նապարհն ու միջկրօ­նական երկխօ­սու­թիւնը, որոնք սեր­մա­նուած են անձնա­կան շփումնե­րու եւ մարդկա­յին հան­դի­պումնե­րու մի­ջոցով։

Այ­նուհե­տեւ Նո­րին Սրբու­թիւնը յի­շեցուց, որ այս տա­րի կը նշո­ւի Նի­կիոյ Տիեզե­րական ժո­ղովի 1700-ամեակը՝ բնո­րոշե­լով այն որ­պէս «հիմ­նա­րար հանգրո­ւան բո­լոր Եկե­ղեցի­ներու եւ եկե­ղեցա­կան հա­մայնքնե­րու կող­մէ ըն­դունո­ւած Հա­ւատոյ հան­գա­նակի ձե­ւաւոր­ման ճա­նապար­հին»։

Հայ Եկե­ղեց­ւոյ պա­տուի­րակու­թիւնը օրո­ւան ըն­թացքին այ­ցե­լեցին Վա­տիկա­նի այ­գի­ներու մէջ տե­ղադ­րո­ւած Ս. Գրի­գոր Նա­րեկա­ցիի եւ Ս. Պետ­րո­սի տա­ճարի բա­կին մէջ բարձրա­ցող՝ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ հայ­րա­պետի ար­ձաննե­րը։

Պատ­րիարք Հայ­րը, 20 Մա­յիս 2025, Երեք­շաբթի գի­շեր վե­րադար­ձաւ Աթոռ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ