Շնորհիւ քրտական ազատագրական շարժումի յայտարարած ինքնալուծարկման եւ զինադուլի որոշումներուն, այս տարի 19 Մայիսի տօնակատարութիւնները ալ աւելի մեծ խանդավառութեամբ կը նշուին ազգայնական շրջանակներու կողմէ։
Այդ միջոցառումներու գլխաւոր դերակատարն է Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութիւնը։ Անոր կազմակերպութեամբ կայացան զանգուածայն հանրահաւաքներ եւ երթեր՝ յատկապէս Իզմիրի եւ Իսթանպուլի մէջ։
19 Մայիսը տօնական օր է Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ, քանի որ 1919-ի, այդ օր Մուսթաֆա Քեմալ Սամսունէն սկսեալ կազմակերպեց ազգային պայքար մը, ի դէմ Ա. Աշխարհամարտի յաղթական պետութիւններու, որոնք ծնկաչոք ըրած էին Օսմանեան Կայսրութիւնը եւ իրենց մէջ մասնահատած Օսմանեան երկիրը։
Ապա այդ պայքարը կոչուեցաւ նաեւ Փրկութեան Պատերազմ, միշտ անպատասխան թողելով ինչէ՞ կամ որմէ՞ փրկուելու մասին հարցումը։ Պաշտօնական պատմագրութեան համաձայն գերտէրութիւններու լուծէն, իսկ այլընտրանքային տեսութեամբ ալ երկրի քրիստոնեայ ժողովուրդներէն փրկուելու ակնարկութիւն մըն է այս։
Արդարեւ նոյն 19 Մայիս թուականը պոնտեցի յոյներու համար ցեղասպանութեան յիշատակման օր է։ Արդէն իսկ շարունակուող ջարդերը վերջապէս 1922-ին Տրապիզոնի յոյներու արտաքսումով հասաւ իր վերջակէտին եւ բնիկ ժողովուրդ մը եւս զրկուեցաւ իր բնօրրանէն։
Բնօրրանէն զրկուելու այլ երեւոյթ մըն ալ կը յիշատակուի 21 Մայիսին։ Այս անգամ հիւսիսային Կովկասի բնիկ ժողովուրդներէն չերքեզներն են որ զրկուեցան իրենց հայրենի երկրէն եւ գաղթականութեան ամենածանր պայմանները քարշ տալով ապաստանեցան Օսմանեան երկիր, յատկապէս Սեւ Ծովի ափի քաղաքները։ Օսմանեան պետութիւնը համաձայնած էր Ռուսական կայսրութեան հետ 60 հազար չերքեզ գաղթականներ ընդունելու համար։ Սակայն նոյն համաձայնագրով քանի մը ամիսներու ընթացքին աւելի քան 1,5 միլիոն ժողովուրդ անտէրութեան մէջ հասաւ Օսմանեան երկիր։
Անոնք թէ՛ անյարմար ճամբորդութեան պայմաններով եւ թէ սովի ու համաճարակի բերմամբ ահռելի զոհեր տուին։
Զարմանալի է որ զանազան ազգութիւններու նման չերքեզներն ալ հազիւ վերջին տարիներուն է, որ սկսած են անդրադառնալ իրենց նախնիներուն ենթարկուած դաժանութեան։ Երկար տարիներ Թուրքիան դիտեցին իբրեւ փրկարար երկիր, որ գրկաբաց ընդունեց իրենց դաժան պատերազմէ ետք։ Իսկ այսօր չերքեզները կ՚անդրադառնան թէ իրենց մայրենին եւ մշակոյթը զոհ դարձած է ազգային պետութիւն հիմնելու մարմաջին։
Թուրքիոյ մէջ ամէն ինչ իրարու հակասող տարբեր իմաստ եւ ընկալում կ՚ունենայ։ Երեւոյթ մը՝ որ կախեալ է տեսանկիւնէ։ Մէկուն տօնական օրը միւսին սուգի յիշատակումն է նաեւ։