«Բաժնուած կղզին». անկեղծ վկայութիւններ Կիպրոսի (հայկական) սիրտէն

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

(«Բաժ­նո­­ւած կղզին». հե­­ղինակ՝ Սա­­գօ Արեան. 118 էջ, հե­­ղինա­­կային հրա­­տարա­­կու­­թիւն, Երե­­ւան, 2024)

Սա­­գօ Արեանի «Բաժ­­նո­­­ւած կղզին» եր­­կար ժա­­մանա­­կէ ի վեր սպա­­սուած ար­­ձա­­­նագ­­րութիւն մըն է հա­­մայնքի մը յի­­շողու­­թեան մա­­սին։ Փոր­­ձա­­­ռու լրագ­­րո­­­ղի մը յստա­­կատե­­սու­­թեամբ եւ հո­­գածու­­թեամբ, Արեան մէկ­­տե­­­ղած է քսան խոր­­քա­­­յին հար­­ցազրոյցներ կիպ­­րա­­­հայե­­րու հետ, որոնք 1974-ի Կիպ­­րո­­­սի թրքա­­կան ներ­­խուժման ցա­­ւը (կամ հե­­տեւանքնե­­րը) ապ­­րած են եւ մին­­չեւ այ­­սօր կը կրեն անոր հե­­տեւանքնե­­րը։ Գիր­­քը ձայ­­նե­­­րու, պատ­­մութիւննե­­րու եւ մտո­­րումնե­­րու կեն­­դա­­­նի, շնչող ար­­խիւ մըն է, որ հա­­ւաքուած է հա­­մայնքին ներ­­սէն։

Սկսե­­լով հե­­ղինա­­կին ազ­­նիւ նա­­խաբա­­նով, Կիպ­­րո­­­սի հա­­յոց թե­­մի կա­­թողի­­կոսա­­կան փո­­խանորդ Կո­­միտաս արք. Օհա­­նեանի օրհնու­­թեամբ եւ Արեանի՝ պատ­­մա­­­կանօ­­րէն հա­­րուստ յօ­­դուա­­ծով մը՝ («Կիպ­­րո­­­սի վէր­­քը». Պատ­­մութիւն եւ վկա­­յու­­թիւն - Կիպ­­րո­­­սի տագ­­նա­­­պը՝ Մեր­­ձա­­­ւոր Արե­­ւել­­քի բո­­վերուն մէջ», որ հիմք կը պատ­­րաստէ յա­­ջոր­­դող զրոյցնե­­րուն),- գիր­­քը կը հիմ­­նա­­­ւորէ նիւ­­թին հրա­­տապու­­թիւնն ու բար­­դութիւ­­նը։ Այ­­նուհե­­տեւ, Արեան կը թոյ­­լատրէ, որ պատ­­մութիւ­­նը բա­­ցայայ­­տո­­­ւի ու­­րիշնե­­րու բա­­ռերով՝ պահ­­պա­­­նելով յար­­գա­­­լից հե­­ռաւո­­րու­­թիւն, միաժա­­մանակ տեղ տա­­լով վիշ­­տին, դի­­մադ­­րո­­­ղակա­­նու­­թեան եւ յոյ­­սին։

Գիր­­քը կը յի­­շեց­­նէ (եւ հա­­ւանա­­բար տե­­ղին շա­­րու­­նա­­­կու­­թիւն մըն է) հե­­ղինա­­կին նա­­խորդ աշ­­խա­­­տու­­թիւնը՝ «33 ձայն Իս­­թանպու­­լէն. ինչպէս ճանչցայ պոլ­­սա­­­հայե­­րը» (Երե­­ւան, 2022), ուր նոյն լրագ­­րո­­­ղական մօ­­տեցու­­մով կը ներ­­կա­­­յացո­­ւին Պոլ­­սոյ հայ­­կա­­­կան հա­­մայնքի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րու ձայ­­նե­­­րը։ «Բաժ­­նո­­­ւած կղզին» նոյն այս լրագ­­րո­­­ղական ազ­­նո­­­ւու­­թիւնը որ­­դեգրած է. հար­­ցազրոյցնե­­րը ներ­­կա­­­յացո­­ւած են մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րուն խօս­­քե­­­րուն հա­­ւատար­­մութեամբ, ան­­կեղծու­­թեամբ ու իրենց բո­­լոր նրբե­­րանգնե­­րով։ Պարզ է, որ ասի­­կա այնպի­­սի մէ­­կու մը գործն է, որ լրագ­­րութիւ­­նը կը տես­­նէ ոչ թէ իբ­­րեւ մաս­­նա­­­գիտու­­թիւն, այլ իբ­­րեւ կո­­չում. յի­­շողու­­թիւնը պահ­­պա­­­նելու մի­­ջոց՝ առանց ճշմար­­տութիւ­­նը զի­­ջելու։

Ըն­­թերցող­­նե­­­րը կը ծա­­նօթա­­նան տե­­սակէտ­­նե­­­րու լայն շրջա­­նակի մը՝ հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րէն մին­­չեւ հա­­մայնքա­­յին ղե­­կավար­­ներ, քա­­ղաքա­­կան ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րէն մին­­չեւ հա­­սարակ կիպ­­րա­­­հայեր։ Բո­­լորն ալ բա­­ցայայ­­տօ­­­րէն կը խօ­­սին տե­­ղահա­­նու­­թեան, սրբա­­վայ­­րե­­­րու պղծման, գոյ­­քի կո­­րուստի եւ բա­­ժանու­­մի ծանր հե­­տեւանքնե­­րուն մա­­սին։ Հար­­ցազրոյցնե­­րը կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած են այբբե­­նական կար­­գով, հա­­ւասար կշիռ տա­­լով իւ­­րա­­­քան­­չիւր ձայ­­նի։ Իբ­­րեւ գե­­ղեցիկ զու­­գա­­­դիպու­­թիւն, վեր­­ջին խօս­­քը կը պատ­­կա­­­նի Վարդգէս Մահ­­տե­­­սեանին, որ կը խօ­­սի հա­­մայնքի ներ­­կայ վի­­ճակին եւ ապա­­գային մա­­սին։ Անոր մտո­­րումնե­­րը յատ­­կա­­­պէս տպա­­ւորիչ էին ին­­ծի հա­­մար, մա­­նաւանդ երբ ան կը յի­­շէ «Մել­­գո­­­նեան» կրթա­­կան հաս­­տա­­­տու­­թիւնը. ժա­­մանա­­կին կեն­­սունակ հա­­մահայ­­կա­­­կան հաս­­տա­­­տու­­թիւն մը, որուն լուռ ու լքո­­ւած շրջա­­փակին մէջ քա­­լեցի ան­­ցեալ տա­­րի Կիպ­­րոս այ­­ցե­­­լու­­թեանս ըն­­թացքին։ Այդ պա­­հը բիւ­­րե­­­ղացուց ին­­ծի հա­­մար մեր սփիւռքեան հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու փխրու­­նութիւ­­նը եւ անոնց պատ­­մութիւննե­­րը ար­­ձա­­­նագ­­րե­­­լու կա­­րիքը՝ նախ­­քան անոնց մո­­ռացու­­մը:

Արեանի գիր­­քը ճիշտ այդ կ՚ընէ։ Եւ թէեւ «Բաժ­­նո­­­ւած կղզին» կը կեդ­­րո­­­նանայ կիպ­­րա­­­հայ փոր­­ձա­­­ռու­­թեան վրայ, անոր ար­­ձա­­­գան­­գը պի­­տի զգա­­ցուի շատ աւե­­լի լայն լսա­­րանի կող­­մէ։ Պատ­­մա­­­բան­­ներ, պատ­­մութեան ու­­սա­­­նող­­ներ, Կիպ­­րո­­­սով եւ առ հա­­սարակ հայ­­կա­­­կան հա­­մայնքնե­­րու մա­­սին հե­­տաքրքրո­­ւող­­ներ եւ բո­­լոր անոնք, որոնք կը հե­­տաքրքրո­­ւին բռնի գաղ­­թի, վի­­ճելի սահ­­մաննե­­րու եւ մշա­­կու­­թա­­­յին գո­­յատեւ­­ման բարդ ժա­­ռան­­գութիւննե­­րով, շատ բան պի­­տի գտնեն կլա­­նելու այստեղ։ Կիպ­­րո­­­սի հար­­ցին եւ այլ չլու­­ծո­­­ւած հա­­կամար­­տութիւննե­­րու (նե­­րառեալ Ար­­ցա­­­խը) մի­­ջեւ զու­­գա­­­հեռ­­նե­­­րը դժո­­ւար է բաց թո­­ղուլ։

Մահ­­տե­­­սեանի վկա­­յու­­թե­­­նէն ետք, գիր­­քը կ'աւար­­տի յա­­տուկ յար­­գանքի ար­­տա­­­յայ­­տութեամբ Բար­­սեղ Պի­­պէրեանին՝ միակ հայ նա­­հատա­­կին, որ զո­­հուած է 1974-ի թրքա­­կան ներ­­խուժման ըն­­թացքին։ Յու­­նա­­­կան բա­­նակի զի­­նուո­­րագ­­րո­­­ւած Պի­­պէրեան, Աթէն­­քի ՀՄԸՄ-ի մար­­զիկ եւ Յու­­նաստա­­նի կա­­թողի­­կէ հա­­մայնքի ան­­դամ, նա­­հատա­­կուած է Նի­­կոսիոյ հիւ­­սի­­­սային ճա­­կատին վրայ, ներ­­խուժող թրքա­­կան ու­­ժե­­­րուն դէմ կռո­­ւելով։ Այս յար­­գանքի տուրքը շատ տե­­ղին ու ազ­­դե­­­ցիկ է, որ­­պէս եզ­­րա­­­փակիչ մաս:

Եթէ մէկ առա­­ջարկ պի­­տի ընէի, այն է որ գիր­­քը պի­­տի շա­­հէր իւ­­րա­­­քան­­չիւր հար­­ցազրոյ­­ցի մաս­­նա­­­կիցին մա­­սին կարճ կեն­­սագրա­­կան նո­­թեր նե­­րառե­­լով։ Թէեւ անոնց կեան­­քի պատ­­մութիւննե­­րէն շա­­տերը բնա­­կանօ­­րէն կը յայտնո­­ւին հար­­ցազրոյցնե­­րուն ընդմէ­­ջէն, հա­­մառօտ նե­­րածու­­թիւն մը պի­­տի օգ­­նէր շրջա­­նակա­­ւորե­­լու անոնց տե­­սակէտ­­նե­­­րը այն ըն­­թերցող­­նե­­­րուն հա­­մար, որոնք նո­­ւազ ծա­­նօթ են կիպ­­րա­­­հայ հա­­մայնքին եւ անոր պատ­­մութեան։

Յա­­մենայն դէպս, «Բաժ­­նո­­­ւած կղզին» յաղ­­թա­­­նակ մըն է ու սա­­կաւա­­դէպ եւ կա­­րեւոր ներդրում մը հայ­­կա­­­կան պատ­­մութեան, շա­­տերուն նո­­ւազ ծա­­նօթ ան­­կիւննե­­րէն մէ­­կուն մա­­սին։ Ան կը պահ­­պա­­­նէ ձայ­­ներ, որոնք պէտք չէ մոռ­­ցո­­­ւին եւ կը յի­­շեց­­նէ մե­­զի, որ նոյ­­նիսկ բաժ­­նո­­­ւած կղզի­­ները, ինչպէս բաժ­­նո­­­ւած ժո­­ղովուրդնե­­րը, իրենց մէջ կը կրեն ամ­­բողջա­­կանու­­թեան հնա­­րաւո­­րու­­թիւնը։ 

***

Այս գիր­­քի ակ­­նարկը լոյս տե­­սած է «Թո­­րոն­­թո­­­հայ»-ի մա­­յիս 2025 (#213) թի­ւին մէջ:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ