Ընթերցման թատրոնը կը միտի թատրերգութիւնները առանց բեմադրութեան ներկայացնել հասարակութեան։ Այս տեսակի մէջ դերասանները կը մարմնաւորեն թատրերգութեան կերպարները, իրենց ասմունքի կարողութիւններով։ Անցեալին այս եղանակով սփռուած են բազմաթիւ գրական գործեր, ռատիօհաղորդումներու միջոցաւ։ Արդարեւ «Յանկարծ» թատերախումբն ալ անուանի թատրերգակ Արման Վարդանեանի գործերէն մէկը ներկայացուց 25 Մայիս կիրակի երեկոյ ՉԱՔ սթիւտիոյի մէջ։ Ինչպէս այլ գործերը, «Կանկրուկը» եւս հանդիսատեսը կը մղէ խոր մտածումներու։
