Յիշատակում Ազնաւուրի 100-րդ տարեդարձին

Հայկա­կան Ֆիլ­մե­րու Միու­թիւնը Ֆրան­սա­հայ եր­գիչ Շարլ Ազ­նա­ւու­րի ծննդեան առի­թով յայ­տա­րարեց, 2025 Հայ­կա­կան Ֆիլ­մե­րու Փա­ռատօ­նի բաց­ման ֆիլ­մը եւ ցու­ցադրման վայ­րե­րը։

Փա­ռատօ­նը պի­տի սկսի Սեպ­տեմբեր 3 Չո­րեք­շաբթի երե­կոյան Լոս Ան­ճե­լըսի Կլեն­տէյլ թա­ղամա­սի մէջ գտնո­ւող պատ­մա­կան Ալեքս Թատ­րո­նի մէջ “Monsieur Aznavour” ֆիլ­մի ցու­ցադրու­թեամբ։

Նշենք որ սոյն ֆիլ­մը երեք շա­բաթ­նե­րէ ի վեր կը ցու­ցադրո­ւի Պոլ­սոյ սրահ­նե­րուն մէջ։

Փա­րիզի մէջ Շարլ Ազ­նա­ւուր Պար­տէզ

Շարլ Ազ­նա­ւու­րի 100-րդ ծննդեան առ­թիւ, Փա­րիզի Քա­ղաքա­պետա­րանի կող­մէ քա­ղաքի ամե­նէն բա­նուկ շրջա­նին մէջ գտնո­ւող պար­տէ­զի մը Շարլ Ազ­նա­ւու­րի անու­նը տրո­ւեցաւ։

Փա­րիզի մէջ Շան­զե­լիզէ փո­ղոցին եւ Քոն­քորտ հրա­պարա­կին մօտ գտնուող պար­տէ­զի մը, 100-րդ ծննդեան տա­րեդար­ձի առի­թով աշ­խարհահռչակ Հայ արո­ւես­տա­գէտ Շարլ Ազ­նա­ւու­րի անու­նը տրո­ւեցաւ։

Բաց­ման արա­րողու­թեան մաս­նակցե­ցան Փա­րիզի Քա­ղաքա­պետ Անն Հի­տալ­քօ, Ֆրան­սա­յի մէջ Հա­յաս­տա­նի Դես­պան Յաս­միկ Տոլ­մա­ճեան, Փա­րիզի 8-րդ շրջա­նի Քա­ղաքա­պետ Ժան տ'Օթ­սէր եւ Շարլ Ազ­նա­ւու­րի ըն­տա­նիքը ներ­կա­յաց­նող՝ «Ազ­նա­ւուր» Կեդ­րո­նի Վար­չա­կան Խոր­հուրդի Նա­խագահ որ­դին Նի­քոլաս Ազ­նա­ւուր։

Դես­պան Յաս­միկ Տոլ­մա­ճեան աշ­խարհահռչակ Հայ արո­ւես­տա­գէտի մը անու­նին Փա­րիզի սրտին մէջ գտնո­ւող պար­տէ­զի մը տրո­ւելուն առաջ­նորդու­թիւն ըրած Քա­ղաքա­պետ Անն Հի­տալ­քո­յին շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց ընդգծե­լով թէ այս իմաս­տա­լից անո­ւանա­կոչու­մը պի­տի պան­ծացնէ Շարլ Ազ­նա­ւու­րի ան­մահ յի­շատակը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ