Հրանդ Տինք Հիմնարկի քառօրեայ ժողովը

Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի կազ­­մա­­­կեր­­պած Փոք­­րա­­­մաս­­նութեան Իրա­­ւունքնե­­րու Ակա­­դեմիան տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ 23–26 Մա­­յիս, թո­­ւական­­նե­­­րուն Հիմ­­նարկի «Հա­­ւաք» սրա­­հին մէջ: Ծրա­­գիրը հիմք ծա­­ռայեց փոք­­րա­­­մաս­­նութեան իրա­­ւունքնե­­րուն վե­­րաբե­­րող բազ­­մա­­­կող­­մա­­­նի քննար­­կումնե­­րու:

Ծրա­­գիրը այս տա­­րի ալ մեծ հե­­տաքրքրու­­թիւն արթնցուց եւ մօտ 170 դի­­մումնե­­րու մէ­­ջէն ընտրո­­ւած 20 մաս­­նա­­­կից­­ներ չորս օր տե­­ւող խիստ ու­­սումնա­­կան ծրագ­­րին մաս­­նակցե­­ցան: Ակա­­դեմիայի ծրագ­­րին քա­­ռօրեայ բաժ­­նին մէջ, տար­­բեր եր­­կիրնե­­րէ եւ մաս­­նա­­­գիտա­­կան բնա­­գաւառ­­նե­­­րէ 12 փոր­­ձա­­­գէտ զե­­կոյցներ ներ­­կա­­­յացու­­ցին: Ծրագ­­րին լե­­զուն թրքե­­րէն էր, անգլե­­րէնով կա­­յացող նիս­­տե­­­րուն հա­­մար ապա­­հովո­­ւեցաւ թարգմա­­նու­­թիւն:

Ծրագ­­րի շրջա­­նակին մէջ, փոք­­րա­­­մաս­­նութեան իրա­­ւունքնե­­րու բնա­­գաւա­­ռին գոր­­ծող փոր­­ձա­­­գէտ­­նե­­­րու ներդրու­­մով ու­­սումնա­­սիրու­­թիւններ, փա­­նել­­ներ եւ ֆիլ­­մի ցու­­ցադրու­­թիւններ կա­­տարո­­ւեցան:

Առա­­ջին շրջա­­նը 2024 թո­­ւակա­­նին աւար­­տած Ակա­­դեմիան, այս տա­­րի ալ նպա­­տակ ու­­նէր գի­­տակ­­ցութիւն ստեղ­­ծել աշ­­խարհի եւ Թուրքիոյ մէջ փոք­­րա­­­մաս­­նութեան իրա­­ւունքնե­­րու մա­­սին, գի­­տու­­թեան ար­­տադրու­­թիւնը բարձրաց­­նել եւ լու­­ծումնե­­րու առա­­ջար­­կութիւննե­­րու զար­­գա­­­ցու­­մին նպաս­­տել:

Ծրագ­­րի բա­­ցու­­մը կա­­տարո­­ւեցաւ Մա­­յիս 23-ին փրոֆ. Թուրկուդ Թար­­հանլըի «Մարդկա­­յին իրա­­ւունքնե­­րու օրէնք եւ անոր ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը Թուրքիոյ փոք­­րա­­­մաս­­նութեան իրա­­ւունքնե­­րուն վրայ» վեր­­նագրով ու­­սումնա­­սիրու­­թեամբ: Նոյն օրը պատ­­մա­­­բան եւ քա­­ղաքա­­գիտու­­թեան գիտ­­նա­­­կան փրոֆ. Սա­­միմ Աք­­կէօնիւլ ներ­­կա­­­յացուց «Մի­­ջազ­­գա­­­յին օրէնք եւ փոք­­րա­­­մաս­­նութեան իրա­­ւունքներ» վեր­­նագրով զե­­կոյ­­ցը։

Այս նիս­­տին մէջ փոք­­րա­­­մաս­­նութեան հաս­­կա­­­ցու­­թեան ժա­­մանա­­կակից իմաս­­տին եւ գոր­­ծա­­­ծու­­թեան մա­­սին մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րուն ալ ներգրա­­ւող ին­­տե­­­րակ­­տիւ երկխօ­­սու­­թեան մթնո­­լորտ ստեղ­­ծո­­­ւեցաւ:

Երկրորդ օրո­­ւան ծրա­­գիրը սկսաւ Էլ­­չին Աք­­թոփրա­­քի Լո­­զան Դաշ­­նագրի եւ Թուրքիոյ մէջ փոք­­րա­­­մաս­­նութեան իրա­­ւունքնե­­րու ներ­­կա­­­յացու­­մով: Օրո­­ւան ըն­­թացքին Սո­­ւավի Այ­­տըն եւ Էլ­­չին Աք­­թոփրաք, Թուրքիոյ մէջ փոք­­րա­­­մաս­­նութեան իրա­­ւունքնե­­րու կի­­րարկման օրի­­նակ­­նե­­­րուն եւ հան­­դի­­­պած խնդիր­­նե­­­րուն վե­­րաբե­­րող եր­­կու նիստ իրա­­կանա­­ցու­­ցին: Օրո­­ւան վեր­­ջին ցու­­ցադրո­­ւեցան ռե­­ժիսոր Նեժ­­լա Օս­­սէյրա­­նի «Փրիափո­­սի ապա­­գան», «Ձի­­թէնին մի՛ սպան­­նէք» եւ «Սու­­լուքու­­լէ՝ որո՞ւ հա­­մար վե­­րափո­­խում» վեր­­նագրով կարճ վա­­ւերագ­­րա­­­կան ֆիլ­­մե­­­րը եւ Օս­­սէյրա­­նի հետ Zoom-ով խօ­­սակ­­ցութիւն կա­­տարո­­ւեցաւ:

Եր­­րորդ օրը, Իփէք Իլքքա­­րաճան եւ Կիւլրու Կէօքէր խտրա­­կանու­­թեան եւ հա­­սարա­­կական սե­­ռի յա­­րաբե­­րու­­թեան քննար­­կող աշ­­խա­­­տանոց կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­ցին: Ապա Ալի Տա­­յըօղ­­լու Պալ­­քաննե­­րու, իսկ Սե­­տա Ալ­­թուղ Մեր­­ձա­­­ւոր Արե­­ւել­­քի փոք­­րա­­­մաս­­նութեան հա­­մայնքնե­­րու վի­­ճակին վե­­րաբե­­րող ներ­­կա­­­յացումներ կա­­տարե­­ցին: Օրո­­ւան վեր­­ջին տեղ գտաւ Սա­­նէմ Կիւ­­նէ­­­րի ղե­­կավա­­րած նա­­խագ­­ծի զար­­գացման աշ­­խա­­­տանո­­ցը եւ ՀՏՀ Փոք­­րա­­­մաս­­նութեան Իրա­­ւունքնե­­րու Ակա­­դեմիա Խումբի կող­­մէ կա­­տարո­­ւած աջակ­­ցութեան ծրագ­­րի ներ­­կա­­­յացու­­մը: Ակա­­դեմիայի վեր­­ջին օրը նո­­ւիրո­­ւեցաւ մի­­ջազ­­գա­­­յին հար­­թա­­­կին մէջ պաշտպա­­նու­­թեան հար­­ցե­­­րուն: Միացեալ Ազ­­գե­­­րու Կազ­­մա­­­կեր­­պութեան Մարդկա­­յին Իրա­­ւունքնե­­րու Բարձրա­­գոյն Յանձնա­­կատա­­րի Գրա­­սենեակին մէջ Մարդկա­­յին Իրա­­ւունքնե­­րու Պա­­տաս­­խա­­­նատու Քլոտ Քահն, փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու հա­­մատեքստին մէջ պաշտպա­­նու­­թիւնը եւ խտրա­­կանու­­թեան ար­­գելքը քննար­­կեց: Ապա Միացեալ Ազ­­գե­­­րու Կազ­­մա­­­կեր­­պութեան Փոք­­րա­­­մաս­­նութեան Հար­­ցե­­­րու Յա­­տուկ Զե­­կու­­ցո­­­ղին փրոֆ. Նի­­քոլա Լեւ­­րա­­­տի հետ խօ­­սակ­­ցութիւն կա­­տարուեցաւ: Ծրա­­գիրը աւար­­տո­­­ւեցաւ Minority Rights Group International-էն Նիլ Քլար­­քի պաշտպա­­նու­­թեան հնա­­րաւո­­րու­­թիւննե­­րու վե­­րաբե­­րող ներ­­կա­­­յացու­­մով: Ակա­­դեմիա ծրա­­գիրը կը շա­­րու­­նա­­­կուի առ­­ցանց գի­­տաժո­­ղով­ներով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ