Մարիօ Նալպանտեան մասնակցեցաւ Պոլսոյ ժողովին

Մայիս 23-25-ին, ըն­­կերվար մի­­ջազ­­գայնա­­կանի (Սոսյալիստ Էնթերնասյոնալ)փոխ­­նա­­­խագահ եւ Հ.Յ.Դ.-ի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Մա­­րիօ Նալ­­պանտեան մաս­­նակցե­­ցաւ նա­­խագա­­հու­­թեան, ֆի­­նան­­սա­­­կան եւ կազ­­մա­­­կեր­­պա­­­կան ժո­­ղով­­նե­­­րուն, ինչպէս նաեւ խոր­­հուրդի ժո­­ղով­­նե­­­րուն, որոնց ըն­­թացքին քննար­­կո­­­ւել­­ցան աւե­­լի քան հա­­րիւր եր­­կիրնե­­րէ 132 կու­­սակցու­­թիւն ընդգրկող կազ­­մա­­­կեր­­պութեան վե­­րաբե­­րող հար­­ցեր։ Ժո­­ղովա­­կան­­նե­­­րը հիւ­­րընկա­­լուե­­ցան Թուրքիոյ Ժո­­ղովրդա­­հան­­րա­­­պետա­­կան կու­­սակցու­­թեան (CHP) կող­­մէ։ Նիս­­տե­­­րուն նա­­խագա­­հեց կազ­­մա­­­կեր­­պութեան նա­­խագահ, Սպա­­նիոյ վար­­չա­­­պետ Փետ­­րօ Սան­­չէ­­­սը։

Նալ­­պանտեան խօսք առաւ «Բռնու­­թեան եւ բա­­խումնե­­րու յաղ­­թա­­­հարու­­մը, քա­­ղաքա­­ցիական ան­­ձե­­­րու պաշտպա­­նու­­թիւնը» թե­­մային քննարկման ժա­­մանակ։

Նալ­­պանտեան ըսաւ.-

«Այս ժո­­ղովի ըն­­թացքին ամե­­նաշատ հնչած բա­­ռերը, հա­­ւանա­­բար, եղած են «խա­­ղաղու­­թիւն», «ժո­­ղովրդա­­վարու­­թիւն», «իրա­­ւունք», «մար­­դու իրա­­ւունքներ», որոնք այլ բա­­ռերու կող­­քին կ’ամ­­փո­­­փեն հա­­մայն մարդկու­­թեան ապ­­րումնե­­րը այս օրե­­րուն։

Ապ­­րումներ ու հա­­մատա­­րած վա­­խեր՝ երբ կը տես­­նենք, որ աշ­­խարհի հզօր­­նե­­­րը այ­­սօր կը փոր­­ձեն օրէն­­քի փո­­խարէն հաս­­տա­­­տել ու­­ժի գե­­րակա­­յու­­թիւն։ Այս ժա­­մանա­­կաշրջա­­նը ես կը կո­­չեմ յետ-օրի­­նակա­­նու­­թեան շրջան, երբ երկրի ներ­­սը օրէնքնե­­րը կ’ան­­տե­­­սուին օրո­­ւան իշ­­խա­­­նու­­թեան կող­­մէ, իսկ մի­­ջազ­­գա­­­յին յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րուն մէջ ու­­ժը կ’ան­­տե­­­սէ մի­­ջազ­­գա­­­յին օրէն­­քը, մի­­ջազ­­գա­­­յին մար­­դա­­­սիրա­­կան իրա­­ւունքը, մի­­ջազ­­գա­­­յին կա­­ռավար­­ման հա­­մակար­­գի բազ­­մա­­­կող­­մա­­­նի կա­­ռու­­ցո­­­ւած­­քը՝ ձգտե­­լով վե­­րադառ­­նալ կայսրու­­թիւննե­­րու նոր դա­­րաշրջան։

2023-ի վեր­­ջին ամիս­­նե­­­րուն, ՄԱԿ-ի գլխա­­ւոր քար­­տուղա­­րին՝ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան կան­­խարգիլ­­ման յա­­տուկ խորհրդա­­կան Ալիս Ուայ­­րի­­­մու Նտե­­րիթուն, անդրա­­դառ­­նա­­­լով 1948-ի. ՄԱԿ-ի Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան կան­­խարգիլ­­ման եւ պա­­տիժի մա­­սին հա­­մաձայ­­նութեան, ահա­­զան­­գեց, որ հա­­մաձայ­­նութեան ստո­­րագ­­րումէն 75 տա­­րի անց՝ այ­­սօր ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան սպառ­­նա­­­լիքի տակ են Միան­­մա­­­յի ռո­­հին­­գիանե­­րը, Եթով­­պիոյ թիգ­­րա­­­յացի­­ները, Սու­­տա­­­նի մա­­սալիթ­­նե­­­րը, Իս­­րա­­­յէլի կող­­մէն բռնագ­­րա­­­ւուած Կա­­զայի պա­­ղես­­տինցի­­ները, հա­­յերը Ար­­ցա­­­խի մէջ, որոնց նկատ­­մամբ մի­­ջազ­­գա­­­յին հան­­րութիւ­­նը պատ­­շաճ ար­­ձա­­­գանգ չէ ցու­­ցա­­­բերած։

Ար­­ցա­­­խի դէպ­­քը շա­­րու­­նա­­­կուող յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւն է։ Հա­­յերը դուրս մղո­­ւեցան հա­­զարա­­մեայ իրենց հո­­ղերէն Ատրպէյ­­ճա­­­նի կող­­մէն, որ կ’ան­­տե­­­սէ Ար­­դա­­­րադա­­տու­­թեան մի­­ջազ­­գա­­­յին դա­­տարա­­նի որո­­շու­­մը՝ երաշ­­խա­­­ւորե­­լու բնիկ ժո­­ղովուրդին իրա­­ւունքնե­­րը եւ անոնց ար­­ժա­­­նապա­­տիւ, անվտանգ եւ հա­­ւաքա­­կան վե­­րադար­­ձը։ Աւե­­լին՝ խախ­­տե­­­լով մի­­ջազ­­գա­­­յին իրա­­ւունքը, Ատրպէյ­­ճա­­­նը կը շա­­րու­­նա­­­կէ գե­­րու­­թեան մէջ պա­­հել հայ գե­­րինե­­րը եւ կեղծ մե­­ղադ­­րանքնե­­րով կը դա­­տէ անոնց՝ Ար­­ցա­­­խի ղե­­կավար­­նե­­­րուն, որոնց շար­­քին է մեր, ձեր ըն­­կեր Դա­­ւիթ Իշ­­խա­­­նեանը, որուն ծա­­նօթա­­ցաք եւ լսե­­ցիք այս կազ­­մա­­­կեր­­պութեան 2022 թ. Քոնկրէ­­սի ըն­­թացքին։ Ատրպէյ­­ճան հե­­տեւո­­ղակա­­նօրէն կ’ոչնչաց­­նէ հայ ժո­­ղովրդի կրօ­­նական եւ մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութիւ­­նը եւ յու­­շա­­­կոթող­­նե­­­րը։

Այս ժո­­ղովին տար­­բեր ելոյթնե­­րու ըն­­թացքին հնչե­­ցին Նա­­թանեահո­­ւի, Լու­­քա­­­շեն­­քո­­­յի եւ Ալիեւի անուննե­­րը։ Եւ ատի­­կա պա­­տահա­­կան չէ, որով­­հե­­­տեւ անոնք կ’ամ­­բողջաց­­նեն իրա­­րու՝ իրենց կոր­­ծա­­­նարար գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րով, ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լով մեր ժա­­մանակ­­նե­­­րու մռայլ կող­­մը։

Խա­­ղաղու­­թեան մա­­սին խօս­­քեր եւ մաղ­­թանքներ հնչե­­ցին այս ժո­­ղովին տար­­բեր ելոյթնե­­րով։ Նոյ­­նիսկ եղաւ ակ­­նարկ Հա­­յաս­­տան-Թուրքիա յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու մա­­սին։ Հա­­յաս­­տան եւ Ատրպէյ­­ճան կը գտնո­­ւին խա­­ղաղու­­թեան գոր­­ծընթա­­ցի մէջ։ Գոր­­ծընթաց մը՝ որուն վե­­րաբե­­րեալ ու­­նինք ան­­հա­­­մաձայ­­նութիւններ եւ հար­­ցա­­­կան­­ներ, սա­­կայն խա­­ղաղու­­թեան գա­­ղափա­­րին լրջօ­­րէն կը հա­­ւատանք։ Թուրքիա կը հե­­տեւի այդ գոր­­ծընթա­­ցին եւ Հա­­յաս­­տա­­­նի հետ յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը կը պայ­­մա­­­նաւո­­րէ այդ պայ­­մա­­­նագի­­րի ստո­­րագ­­րումով՝ յա­­ւելեալ ճնշում բա­­նեց­­նե­­­լով Հա­­յաս­­տա­­­նի վրայ։ Սա­­կայն տե­­ղին է յի­­շեց­­նել, որ Հա­­յաս­­տան՝ վե­­րան­­կա­­­խացու­­մէն ի վեր, 1991 թո­­ւակա­­նէն սկսեալ, մշտա­­պէս ձգտած է առանց նա­­խապայ­­մաննե­­րու դի­­ւանա­­գիտա­­կան յա­­րաբե­­րու­­թիւններ հաս­­տա­­­տելու Թուրքիոյ հետ, սա­­կայն Թուրքիա մեր­­ժած է։ Եթէ Թուրքիա իս­­կա­­­պէս կը ցան­­կայ նպաս­­տել տա­­րածաշրջա­­նի մէջ ար­­դար, տե­­ւական եւ կա­­յուն խա­­ղաղու­­թեան հաս­­տատման, պէտք է վե­­րանա­­յի իր պատ­­մութեան եւ ըն­­դունի իր պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւնը 1915-1923-ին Հա­­յոց Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան իրա­­գործման մէջ։

Պար­­տադրո­­ւած խա­­ղաղու­­թիւնը ո՛չ ար­­դար է, ոչ ալ՝ կա­­յուն եւ տե­­ւական»։

Եռօ­­րեայ ժո­­ղովի փակ­­ման զե­­կոյ­­ցը ար­­տա­­­սանեց Ժո­­ղովրդա­­հան­­րա­­­պետա­­կան Կու­­սակցու­­թեան պետ Էօզ­­կիւր Էօզէլ։

Ան նախ ող­­ջունեց հա­­մագու­­մա­­­րի մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րը, ապա հա­­կիրճ կեր­­պով անդրա­­դար­­ձաւ երկրի ներ­­քին քա­­ղաքա­­կան դժո­­ւարու­­թիւննե­­րուն։ Դի­­տել տո­­ւաւ քա­­ղաքա­­կանա­­ցած դա­­տական հա­­մակար­­գի աւե­­րիչ դե­­րակա­­տարու­­թիւնը ժո­­ղովրդա­­վարա­­կան վար­­չա­­­կար­­գի դի­­մաց։ Յատ­­կա­­­պէս օրի­­նակ բե­­րաւ Իս­­րանպու­­լի քա­­ղաքա­­պետ Էք­­րեմ Իմա­­մօղ­­լո­­­ւի ան­­հիմն մե­­ղադ­­րանքնե­­րով բան­­տարկու­­թիւնը։ Սոյն բան­­տարկու­­թիւնը հա­­մարեց 16 մի­­լիոն բանակչու­­թիւն ու­­նե­­­ցող քա­­ղաքի մը ընտրե­­լու իրա­­ւունքին բռնա­­բարու­­մը ըլ­լալով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ