Ս.Խաչ Դպրեվանքի ընտանիքը, 22 Մայիս 2025, Հինգշաբթի, ուխտագնացութիւն մը կազմակերպեց դէպի Աքմէշէ՝ երբեմնի Արմաշ, ուր անցեալին հաստատուած է Արմաշու Դպրեվանքը։ Ուխտագնացութեան գլխաւորեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, իր մօտն ունենալով Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Քարոզիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանն ու Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանը։ Ս. Խաչ Դպրեվանքի խնակալութեան ատենապետ Ազատ Տէմիրճի, Նուպար Տինչէօզի գլխաւորած վարժարանի սանուց միութեան վարչութենէն անդամներ, սանուց միութեան անդամներ, տիկնանց միութեան անդամներ եւ հիւրեր եւս իրենց մասնակցութիւնը բերին այս ճամբորդութեան։
Մեր Հոգեւոր Պետը կէսօրին հասաւ Աքմէշէ եւ դիմաւորուեցաւ վարիչներու եւ տեղական պաշտօնական անձանց կողմէ։ Այստեղ փոքր շրջապտոյտ մը կատարեց եւ տեղեկութիւն ստացաւ Արմաշու Դպրեվանքի համալիրին մասին։ Այց տրուեցաւ վանքի տպարանի շէնքին, աղբիւրին եւ ջրաղացին։ Ուխտաւորներ փութացին Աքմէշէ եւ Զաքարիա Միլտանօղլուէն տեղեկութիւններ ստացան։
Մինչ այդ, Պատրիարք Հայրը, Տ. Յարութիւն Վրդ.ի, Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայի, Ատենապետ Ազատ Տէմիրճիի եւ սանուց միութեան անդամներէն Ոլքան Արատի ընկերացութեամբ, ժամը 13.30-ին այցելեց Քոճաէլիի Կուսակալութիւն եւ ընդունուեցաւ Կուսակալ Իլհամի Աքթաշի կողմէ։
Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ ուխտաւորաբար եկած էր Իսթանպուլէն եւ այս առթիւ փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն տալ Կուսակալ Իլհամի Աքթաշին։ Զրոյցի ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցուեցան Պոլսահայ համայնքի, Ս. Խաչ Դպրեվանքի եւ Արմաշու Դպրեվանքի անցեալի նշանակութեան մասին։ Աքթաշ շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար։ Ապա մեր Հոգեւոր Պետը յիշատակի գիրքեր նուիրեց Կուսակալ Աքթաշին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալութեան համար։
1951ին Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան իր սարկաւագական ձեռնադրութեան տարեդարձին առթիւ ուխտաւորաբար այցելած է Արմաշ եւ այս առիթով հանդիպում ունեցած Էթէմ Եթքինէր։ Կուսակալութեան պաշտօնարանէն ուղղուած է գիւղ եւ այդտեղ գտնելով Արմաշու Վանքի վանահայրերէն Պօղոս Արքեպս. Ղարախօչի տապանը, զայն փոխադրել տուած՝ Սկիւտարի Ս. Խաչ Դպրեվանքը։ Բաց աստի Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք 1999ին Իզմիթի մեծ երկրաշարժէն յետոյ այցելած է Արմաշ եւ ականատեսը դարձած երկրաշարժի գործած վնասին։
Պատրիարք Հայրն ու ընկերակիցները, կուսակալութեան այցէ յետոյ վերադարձան Աքմէշէ եւ միացան ուխտաւորներու խումբին։ Ուխտաւորներ համախմբուած էին գիւղի մերձաւոր պուրակի մէջ, ուր անցեալին Արմաշու սաներ կը համախմբուէին կազդուրուելու համար։ Կազմուած էր սիրոյ սեղան։ Ներկաներ ջերմ տրամադրութեան տակ թէ՛ զրուցեցին եւ թէ շնորհակալութիւն յայտնեցին կազմակերպիչներուն։ Բաց աստի, վարժարանի նախկին հիմնադրի ներկայացուցիչներէն Վարուժան Պուլկան ստանձնեց մատաղի բարերարութիւնը։ Ներկաներ ստացան Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը եւ ուխտագնացութիւնը իր աւարտին հասաւ։
Ս. Խաչ Դպրեվանքի ընտանիքը յատկապէս շեշտեց, որ վարժարանի հիմնադիր Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան եղած էր Արմաշական վարդապետներէն եւ Արմաշու իր հոգեւոր շունչը առիթ դարձած էր որ հիմնադրուի Ս. Խաչ Դպրեվանքը։ Հետեւաբար, Արմաշու վարժարանի բարոյական յաջորդականութիւնը կը զգան Ս. Խաչի մէջ։ Այս այցելութեամբ անոնք իրենց երախտիքը յայտնեցին Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանին, ինչպէս նաեւ անոր ուսուցիչներուն։
Վարժարանի վարիչներ յիշեցուցին նաեւ թէ անցեալ շաբաթ Պրիւքսէլի մէջ համախմբուած էին Ս. Խաչ Դպրեվանքի շրջանաւարտներուն հետ, որուն մասնակցած էին նաեւ Ազատ Տէմիրճիի գլխաւորած վարչութեան անդամներ եւս։ Իսկ այս Կիրակի, ըստ աւանդութեան այցելութիւն պիտի տրուի Շիշլիի Հայոց Գերեզմանատուն եւ իրենց երախտիքը պիտի յայտնեն հոգելոյս վանահայրերուն։ Սկիւտարի մէջ կատարելի կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց պիտի նախագահէ Պատրիարք Հայրը։
Այցելութեան աւարտին Պատրիարք Հայրը այցելութիւն տուաւ նաեւ «Արմաշ» Հիմնարկին, որուն կեդրոնատեղին կը գտնուի նոյն շրջանին մէջ։ Այստեղ հիմնարկի մասին տեղեկութիւններ ստանալէ յետոյ, շրջապտոյտ մը կատարեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալութեան համար։