ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Ատոմի 23 Ապրիլը
Երկու շաբաթ շարունակ, յարգելի ընթերցող, քալեցինք Պոլսոյ փողոցներու վրայ, մտածկոտ, լուռ։ Ներկայ եղանք Զոհրապի, Վարուժանի եւ Սեւակի տուներուն։ Առտնին տեսարաններ մեզ յուզեցին։ Տիկին Արաքսին, Քլարան եւ Եաննին մայրութեան կը պատրաստուէին, կամ կը դիեցնէին իրենց նորածիները։ Անոնք անահտական բնազդով մը ազգատուր՝ կը պաշտպանէին իրենց հայկական բոյնը, նոյնիսկ եթէ, - Սեւակի պարագային - , ինքը ըլլար օտարուհի մը։ Այդ օր, հայրերն ալ երկունքի մէջ էին։ 23 Ապրիլ Ուրբաթ օր մոլեգնօրէն կը ստեղծէին իրենց գլուխ գործոցները…։ Իսկ մենք, յարգելի ընթերցող, այս գիշեր, երբ հանգիստ է չորս դին, վերադառնանք քաղաքի հայահոծ թաղամասերը, մեր ոտքը երկիւղածութեամբ դնենք գետին եւ որոնենք Սիամանթոյի հետքերը։ Կոմիտա՞սը…։ Ան Էլմատաղի բնակարանի մէջ է։ Իր մեծ սեւ դաշնակի վրայ երկու մոմակալ վառած կը մշակէ մէկ այլ գեղջուկ երգ։ Աւարտին, վարդապետին ալ պիտի այցելենք եւ հրաժեշտի բարեւ մը պիտի տանք անոր։
Ո՞ւր գտնեմ Ատոմը…
Եփրատի ափին, Ակն գեղատեսիլ գիւղաքաղաքի մէջ սկսաւ Ատոմ Եարճանեանի կեանքի ոդիսականը։ Դուք, յարգելի ընթերցող, մի՚ զարմանաք, որ ան ունի քնարական բացառիկ տաղանդ։ Նոյն հողէն ծնունդ չե՞ն առած Քուչակները, Արփիարեանները, Մեծարենցները, Չօպանեանները… Այս գիշեր որոշեցի Պոլսոյ Գումգաբու հայաշատ եւ յունաշատ թաղամասը երթալ՝ պոլսաբնակ դարձած պատանի Ատոմի հետքերը որոնել։
Ատոմի Գումգաբուն
1892 թուականն է։ Գումգաբուի փողոցները բազմամարդ են։ Թաղի մէջ կը բարձրանան քարաշէն, գեղաքանդակ փարթամ բնակարաններ, Հայոց պատրիարքարանը, աթոռանիստ մայր եկեղեցին, դասական ոճով շինուած յունական վարժարաններ, ակումբներ, ներկայանալի վաճառատուներ, հայատառ, յունատառ եւ ֆրանսատառ բարձրաճաշակ ցուցափեղկեր, մայրեր կամ «եայաեն»ր պատշգամէ պատշգամ կը զրուցեն, ու եւրոպական նորաձեւութիւններուն բծախնդրօրէն հետեւող վայելուջ պարոններ եւ տիկիններ հրապարակի վրայ կը ճեմեն՝ նոյն հաճոյքը վայելող ծանօթներն ու բարեկամները բարեւելով։ Ամառնային գաղջ իրիկուն է։ Ուրախ երգեր կը յորդին գինետուներէ, որոնք օղիի հետ կը մատուցեն Մարմարա ծովու հանապազօրեայ շնորհները։ Այն օրերուն ջութակահար եւ երգահան Թադէոս Էֆէնտին 34 տարեկան է։ Պոսֆորէն մինչեւ Մարմարա կը հնչեն անոր երգերը։ Քառասուննոց Քէմէնչէճի Վասիլաքի էֆէնտիիի նուագը, - Վասիլաքին Սիլիվրիցի է, Ռուբէն Սեւակի համագիւղացին, - Կալաթայի գռիհներէն կ’իջնէ ոլոր մոլոր՝ քիչ մը խմած, քիչ մը ծխած, կ’անցնի Ոսկեղջիւը, կը մտնէ Աղորա, յոյն նաւապետ Աստերի Դուլիդիսի կողմէ Պալաթի մէջ երկու տարի մը առաջ բացուած այն գինետունը, ուր ձուկերն ու մէզէները կը սպասարկուին ո՚չ թէ սեղաններու, այլ՝ գինիի մեծ տակառներու վրայ, ապա Վասիլաքիի այդ հեշտալուր եղանակը կը հասնի Գումգաբու, ուր «մէրամէթճի» տիկիններ մակոյկներու քով նստած կը նորոգեն ուռկաններ, եւ այդ նաւահանգիստի մէջ է, որ Կոյր Յակոբը 1938 թուականին պիտի բանայ քաղաքի ամենայայտնի ձկնեղէնի գինետուներէն մէկը։
Ողբերգակ մը քսանամեայ
Ահա այս կենսունակ եւ կենսուրախ միջավայրի մէջ հասակ կը նետէ պատանի Ատոմը։ Տասնչորս տարեկանին կը սկսի «Միրիճանեան» վարժարան, հայերէնի քով յունարէնի, ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի ոյժ տուած այն մասնաւոր դպրոցը, որ կը պատրաստուի իր հինգամեակը տօնելու։ Բայց, յարգելի ընթերցող, ո՞վ կրնայ մեզի բացատրել, թէ, այդ ցնծալից միջավայրի մէջ Ատոմը ինչո՚ւ չեղաւ սիրոյ երգիչը։ Այդ պատանին ինչո՞ւ դարձաւ սարսափի երգիչը, իր ազգի վիշտը երգող ողբերգակ մը քսանամեայ… Անոր քերթուածներու մէջ մենք ինչո՞ւ արիւն տեսանք վարդի փոխարէն, զնգիւն լսեցինք շրշիւնի տեղ, կոյսի մը պարանոցի վրայ խեղդող ձեռք մը զգացինք, բայց ո՚չ՝ համբուրող շրթունք. «Այս գիշեր երազիս մէջ ձեռքս առի զքեզ, ո՛վ քաղցրախօս Սրինգ…, / Եւ երգիս տեղ՝ շիթ առ շիթ, շիթ առ շիթ արցունքներս էին, որ ինկան վար…»։ Դժուար է բացատրել։ Պէտք է կարդալ իր հայրենի տան՝ Ակնայ մոխրացած պատմութիւնը եւ իր բարեկամի պատմած կարմիր լուրերը, որոնք կու գային Կիլիկիայէն։
Խմբանկար Պէշիկթաշէն
Մարմարայի ծիրը քալեցի մինչեւ Պէշիկթաշ, Մաքրուհեան վարժարանով յայտնի այն պատկառելի թաղը, ուր ծնած, ուսում առած եւ ամուսնացած էր Գրիգոր Զօհրապը։ 1913 թուականն է։ Քաղաքի մէջ համազգային շարժումով մը կը տօնեն հայ գրերու գիւտի 1500ամեակի եւ հայկական տպագրութեան 400ամեակի կրկնակ յօբելեանները։ Այդ աշխատանքներու մէջ անմասն չի մնար նաեւ Սիամանթօն։ Պէշիկթաշի Ահարոնեան ակումբի մէջ կը կատարեն փառաւոր հանդիսութիւն։ Ահա՚ շէնքը։ Ան զարդարուած է դրօշակներով եւ զոյգ հանդիսութիւնները յայտարարող վերտառութեամբ մը։ Սիամանթօն այդ առիթով արդէն գրի առած է «Սուրբ Մեսրոպ» քերթուածը, իր միակ երկը, ուր չկայ մահ եւ ահազանգ։ Որոշած են այդ օրը յաւերժացնել։ Լուսանկարիչը կը խնդրէ, որ մէկ վայրկեան իր քով կենամ եւ գլխարկը բռնեմ։ Խմբանկարի մէջ են ակումբի նախագահ, Մաքրուհեանի շրջանաւարտ, Ռոտոսթօ քաղաքի երեսփոխան տիար Հայկազն Միհրդատը, Սիամանթօն եւ այլք։ Լուսանկարիչը շռնդալից կը յիշէ, թէ ինչպէ՚ս այդ ամառ Գատըգիւղի մէջ տեղի ունեցած էին հայկական երրորդ ողիմպիական խաղերը, եւ ի՚նչ հաճոյքով դիտած եւ լուսանկարած էր Գումգաբուի «Տորք» եւ Պէշիկթաշի «Ահարոնեան» խումբերու խաղերը։
Պէրպէրեանի սան
Ժամանակն է որ հրաժեշտ տամ Պէշիկթաշին։ Մակոյկ մը կու գայ զիս տանի քաղաքի ասիական ափը։ Եարճանեան ընտանիքը փոխադրուած է Սկիւտար։ Հին լուսանկարները ինծի գաղափար մը կու տան, թէ ի՚նչ երեւոյթ ունէր Պէրպէրեան ուսումնարանը։ Ատոմը դարձած է այդ անուանի կրթարանի սան, ինչպէս եղան եւ պիտի ըլլային Ինտրան, Լեւոն Բաշալեանը, Սուրէն Պարթեւեանը, Վահան Թէքէեանը, Տիգրան Չէօկիւրեանը, Ռուբէն Սեւակը, ինչպէս նաեւ՝ Կեդրոնական վարժարանի ապագայ տնօրէն եւ Գատըգիւղի հռչակաւոր Սիւրէյա թատրոնի ճարտարապետը Գեղամ Գաւաֆեանը։ Հին փողոցներու մէջ կը քալեմ երկիւղածութեամբ, ապա կը վերադարձամ եւրոպական ափ։ Քայլերս այժմ զիս կը տանին Էսայեան վարժարան, գտնելու համար Սիամանթոյի մէկ այլ հետքը։
Էսայեանի սրահին մէջ
2 Յունիս 1913։ Թաքսիմի հրապարակէն կը մտնեմ «Ռում Քապրիստանը» փողոց (Այսօր՝ Մէշէլիք), ուր կան յոյներու փառահեղ Այա Թրիատա եկեղեցին, Զափփէոն աւագ դպրոցը եւ ահա Էսայեան վարժարանը, որ կառուցուած է Ս. Յարութիւն եկեղեցեցւոյ բակին մէջ։ Վարժարանի հանդիսասրահի մէջ ներկայ կ’ըլլամ գրական ասուլիսի մը։ Բեմի վրայ հանդիսութեան կը նախագահէ Ազատամարտ թերթի հրատարակիչ, գրագէտ Ռուբէն Զարդարեանը։ Զարդարեանը չի գիտեր, թէ յաջորդ յօդուածի մէջ պիտի որոնեմ ի՚ր հետքերը։ Այդ օր քաղաքի հայկական ընտրանին կը տօնէ 35ամեայ բանաստեղծ Սիամանթոյի քերթողութիւնը։ Նախ խօսք կ’առնեն Գարեգին Խաժակը եւ Սարգիս Մինասեանը։ Բոլորը կը հասկնան, թէ ի՚նչ զօրաւոր ներշնչում, հոգեկան լարուածութիւն, տեսիլներ կը պարունակեն Ատոմի տողերը։ Ապա բեմ կ’ելլէ Դանիէլ Վարուժանը։ Սիամանթոյի գրչեղբայրն ու ճակատագրակիցը կ’անդրադառնայ «Կարմիր լուրեր բարեկամէս» գիրքին. «Վայրկեան մը կարծեցինք, թէ հոգեվարքի ջահերը մարեցան այլեւս.- սահմանադրական օրեր էին։ Սխա՚լ։ Եարճանեան եկաւ մեզի գուժելու, թէ ընդհակառակն, այժմ հոգեվարքի խարոյկնե՜րը կը վառեն. ստացեր էր, աւա՜ղ, կարմիր լուրեր բարեկամէն։ Այդ լուրերը հոյակապ եւ եղերական կերպով կ՚երգէր մեզի… Վիպողի շունչ մը կար իր մէջ»։
Թալէաթ փաշան Մեսրոպ Մաշտոցի մասին
1913, Հոկտեմբեր։ Մայրաքաղաքի հիմնական հանդիսութիւնը տեղի կ’ունեցայ Թարգմանչաց տօնին զուգահեռ։ Կը կատարուին եկեղեցական ու աշխարհիկ վեհաշուք եւ բազմամարդ հանդէսներ։ Անոնց իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ կառավարութիւնը։ Օրուան ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշան հայ մշակոյթը դրուատող ուղերձ մը կ’արտասանէ Գումգաբուի աթոռանիստ մայր տաճարին մէջ։ Հայկական թերթերը կը գրեն, թէ Սիամանթոյի «Սուրբ Մեսրոպ» պոէմը լոյս տեսած է նաեւ Թիֆլիսի մէջ։ Թալէաթ փաշան կ’աւարտէ իր խօսքը։ Բեմ կ’ելլէ Կոստան Զարեանը, պոէմէն հատուածներ կ’արտասանէ։ Այդ խորհրդաւոր պահուն, ճառախօսի դեղին թուղթէն դուրս կ’ելլեն Սիամանթոյի բառերը, տեսիլները եւ նարեկանման բազմակուտակ մակը դիրները, որոնք օդի մէջ կը սկսին պարուրաձեւ պտըտուիլ եւ զուարթօրէն պարել։ Բանաստեղծը սակայն բացակայ է։ Կովկասի մէջ է ան։ Էջմիածնի, Թիֆլիսի եւ Պաքուի մէջ ջերմ ընդունելութիւն գտած է հայկական վերնատան կողմէ։
Բարեւներ ձեր բոլորին։ Այաշ
Շրջագայութիւնս սկսաւ Գումգաբուի մէջ ու ահա կ’աւարտի հոն։ Յաջորդ մէկ երկու տարուայ մէջ ինչե՞ր պիտի պատահին… Պատմեմ։ Այն գեղատեսիլ կեանքը, զոր շարժանկարի մը պէս դիտեցինք, յանկարծ պիտի խզուի Համաշխարհային պատերազմի մկրատով։ Մահացած է Թադէոս էֆէնտին։ Մահացած է նաեւ Քէմէնչէճի Վասիլաքին։ Էսայեան վարժարանը պիտի յատկացուի բոյժքոյրերու եւ զինուորներու։ 1918-ին շէնքի մէկ մասը պիտի դառնայ որբանոց։ Իսկ Ատոմի կեանքի պտոյտը վերջ պիտի գտնէ Անգարա կոչուած խուլ գիւղի մը Այաշ կոչուած բանտի մէջ։ Այդ բանտէն տղան հինգ բացիկ պիտի կարենայ ուղարկել. երկու հատը իր եղբօր Վահանին, երեք հատը իր քրոջ եւ մօր։ Տիկին Նազելին, Ատոմի մայրը, արտասուալից պիտի ընթերցէ բանտէն ուղարկուած նամակ, որ վերջինը պիտի ըլլար. «ՍԻՐԵԼԻ ՄԱՅՐԻԿՍ, Այսօրուայ թղթատարով դիմում մը ուղարկեցի երեսփոխան Պետրոս էֆէնտի Հալաճեանին։ Անմիջապէս տես եղբայրս եւ ղրկէ այդ յարգելի անձնաւորութեան քով, թող կատարէ հարկ եղած դիմումը եւ զիս ժամ առաջ այստեղէն աղատելու միջոցը գտնէ, որովհետեւ աշխարհը գիտէ, որ ես ոչ մէկ առընչութիւն ունեցած եմ քաղաքականութեան հետ եւ յանցանք առաջացնող ուրիշ արարքէ ալ բացարձակապէս տեղեկութիւն չունիմ։ Քիչ մը անհանգստացայ. շփոթութեան մի մատնուիր… Բարեւներ ձեր բոլորին ։ Ճենազեան քեռիիս բարեւներ։ ԱՏՈՄ ԵԱՐՃԱՆԵԱՆ 1915, Մայիս, Այաշ»։
Բացակայ է Ատոմը
Մարմարայի ափին մայրամուտ է։ Գումգաբուի գինետուներէն կը յորդին արեւելեան մեղեդիներ, վայելուչ անցորդներէն կը լսեմ «Քալիսբերա»ներ եւ «Ողջոյն ձեզ»ներ, մայր տաճարի զանգակները կը հնչեն հինգ անգամ.. Բացակայ է Ատոմը։