Մելիքէ Չափանի կողմէ պատրաստուած վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը, 31 Մայիս 2025, Շաբաթ, Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթողոմէոս Ծ. Պատրիարքի հովանաւորութեամբ Ֆէնէրի Մարաշլի Յունաց Վարժարանի մէջ տեղի ունեցաւ։
Ցուցադրութեան ներկայ էր Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթողոմէոս Ծ՜ Պատրիարքը, նաեւ քոյր եկեղեցիներէ առաջնորդներ եւ ներկայացուցիչներ։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս հանդիսութեան ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։
Ցուցադրութեան ընթացքին խօսք առին հոգեւոր առաջնորդներ, Լաքի Վինկաս եւ Մելիքէ Չափան, որոնք անդրադարձան թէ՛ Նիկիոյ Ժողովի պատմական եւ կրօնական կարեւորութեան եւ թէ այս ֆիլմի պատրաստութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթողոմէոս Ծ. Պատրիարքի եւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքի, քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներուն եւ բոլոր աշխատակիցներուն ներդրումներուն։ Այս առթիւ իրենց երախտիքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեցին անոնց եւ ծրագրին իրականացման ներդրում ունեցողներուն։
Ֆիլմը պիտի տեսասփռուի նաեւ համացանցի վրայ։