Եկեղեցին եւ գեղարդ եւ վահան

Հայաս­տա­նեան, հետզհե­տէ հա­մահայ­կա­կան օրա­կար­գը վեր­ջերս ծան­րա­բեռ­նո­ւած է Գա­րեգին Բ. Կա­թողի­կոսի դէմ կա­ռավա­րու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն հնչող մե­ղադ­րանքնե­րով։ Մայր Աթո­ռը քննա­դատու­թիւննե­րուն դէմ հրա­պարա­կած է հա­ղոր­դագրու­թիւն մը, որ կը ներ­կա­յաց­նենք ստո­րեւ։ Ու­շագրաւ է որ Կա­թողի­կոսը փո­խանակ իրեն ուղղո­ւած մե­ղադ­րանքնե­րուն պա­տաս­խա­նելու, խնդի­րը կը դի­տէ եկե­ղեցին վսե­մաց­նե­լու փորձ։

«Հա­­յաս­­տա­­­նի վար­­չա­­­պետը պե­­տական այ­­րին ան­­հա­­­րիր բա­­ռապա­­շարով, վի­­րաւո­­րանքնե­­րով եւ մե­­ղադ­­րանքնե­­րով հեր­­թա­­­կան ար­­շա­­­ւի սկսած է ընդդէմ Հա­­յաս­­տա­­­նեայց Առա­­քելա­­կան Սուրբ Եկե­­ղեց­­ւոյ՝ օրեն­­քէն վեր դա­­սելով իր ան­­ձը։

Հայ­­հո­­­յախառն, ան­­վա­­­յել խօ­­սոյթնե­­րով հա­­խուռն հրա­­պարա­­կումնե­­րը զուրկ են բա­­րեկրթու­­թեան տար­­րա­­­կան նոր­­մե­­­րէն, կը ոտ­­նա­­­հարեն մար­­դու հիմ­­նա­­­րար իրա­­ւունքնե­­րը, կոպ­­տօ­­­րէն կը վի­­րաւո­­րէ հա­­ւատա­­ցեալ­­նե­­­րու կրօ­­նական զգաց­­մունքնե­­րը եւ կը սքո­­ղուէ կեղծ սրտա­­ցաւու­­թեան հիմ­­նա­­­ւորումնե­­րով։

Եկե­­ղեցա­­մարտ այս կե­­ցուած­­քը ակնյայ­­տօ­­­րէն թե­­լադ­­րո­­­ւած է քա­­ղաքա­­կան նպա­­տակ­­նե­­­րով եւ փորձ է նսե­­մաց­­նե­­­լու ազ­­գա­­­յին կեան­­քին եւ մի­­ջազ­­գա­­­յին շրջա­­նակ­­նե­­­րուն յար­­գանք վա­­յելող Հա­­յոց Եկե­­ղեց­­ւոյ եւ եկե­­ղեցա­­կանաց հե­­ղինա­­կու­­թիւնը, լռեց­­նե­­­լու Եկե­­ղեց­­ւոյ ձայ­­նը եւ նո­ւազեց­­նե­­­լու անոր հան­­րա­­­յին ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը։ Կա­­ռաւա­­րու­­թեան ղե­­կավա­­րի հա­­կաեկե­­ղեցա­­կան պա­­հուած­­քը, ազ­­գա­­­յին ար­­ժէքնե­­րու եւ եկե­­ղեց­­ւոյ դէմ նա­­խաձեռ­­նած գոր­­ծընթաց­­նե­­­րը յղի են կոր­­ծա­­­նարար հե­­տեւանքնե­­րով եւ սպառ­­նա­­­լիք՝ հա­­յոց պե­­տակա­­նու­­թեան, մեր ժո­­ղովուրդի միաբա­­նու­­թեան թէ՛ հայ­­րե­­­նիքին եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ։ Այսպի­­սի գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րը կը պա­­ռակ­­տեն հա­­սարա­­կու­­թիւնը, կը տկա­­րաց­­նեն ազ­­գի ոգին եւ հայ­­րե­­­նանո­­ւիրու­­մի բարձր գի­­տակ­­ցութիւ­­նը յատ­­կա­­­պէս առ­­կայ մար­­տահրա­­ւէր­­նե­­­րու պայ­­մաննե­­րուն։ Նման դա­­տապար­­տե­­­լի ձեռ­­նարկումնե­­րը կը սպա­­սար­­կեն ար­­տա­­­քին հա­­յատեաց ու­­ժե­­­րու նկրտումնե­­րը՝ որո­­շակիօրէն կա­­պակ­­ցե­­­լով ատրպէյ­­ճա­­­նական քա­­րոզ­­չա­­­մեքե­­նայի կող­­մէ հայ ժո­­ղովրդին եւ Հայ Եկե­­ղեց­­ւոյ ուղղո­­ւած զրպար­­տութիւննե­­րու եւ կեղծ մե­­ղադ­­րանքնե­­րու հետ։

Հա­­յոց Եկե­­ղեցին, գի­­տակից իր յանձնա­­ռու­­թիւննե­­րուն, ան­­շե­­­ղօրէն կը շա­­րու­­նա­­­կէ հո­­գեփրկչա­­կան եւ ազ­­գա­­­պահ­­պան առա­­քելու­­թիւնը՝ ընդդի­­մանա­­լով ազ­­գավնաս ու կոր­­ծա­­­նարար ըն­­թացքնե­­րուն եւ մշտա­­պէս հե­­տամուտ ըլ­­լա­­­լով պե­­տու­­թեան ու ազ­­գի գե­­րակայ շա­­հերուն, մեր սրբա­­զան ար­­ժեքնե­­րու պաշտպա­­նու­­թեան։

Եկե­­ղեց­­ւոյ հար­­ցե­­­րը կը լու­­ծո­­­ւին եկե­­ղեցա­­կան կար­­գե­­­րու ու կա­­նոն­­նե­­­րու հա­­մաձայն եւ դուրս են պե­­տական եւ քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչնե­­րու իրա­­ւասու­­թե­­­նէն։ Հա­­յաս­­տա­­­նեայց Առա­­քելա­­կան Սուրբ Եկե­­ղեցին մէկ ամ­­բողջու­­թիւն է իր հա­­ւատա­­ցեալ զա­­ւակ­­նե­­­րով եւ զի­­նուո­­րագ­­րեալ հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րով՝ ի գլուխ ու­­նե­­­նալով ազ­­գընտիր Ամե­­նայն Հա­­յոց Հայ­­րա­­­պետին։ Կոչ կ՚ուղղենք իրա­­ւասու պե­­տական մար­­միննե­­րուն՝ կա­­սեց­­նել վար­­չա­­­պետի այս անօ­­րինա­­կան եւ ան­­հե­­­ռատես քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը։ Հարկ չկայ Եկե­­ղեցին ներ­­քա­­­շելու ար­­հեստա­­կան օրա­­կար­­գե­­­րու մէջ եւ մղե­­լու հա­­կադարձման գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րու։

Այս նոր փոր­­ձութեան յան­­դի­­­ման կը յոր­­դո­­­րենք մեր Սուրբ Եկե­­ղեց­­ւոյ հա­­ւատա­­ւոր զա­­ւակ­­նե­­­րուն ըլ­­լալ միաբան ու միաս­­նա­­­կան, առ հայ­­րե­­­նին եւ Սուրբ Եկե­­ղեցին հա­­ւատար­­մութեամբ ու զօ­­րեղ հա­­ւատ­­քով յաղ­­թա­­­հարել մեր ժո­­ղովուրդի առ­­ջեւ ծա­­ռացած բո­­լոր մար­­տահրա­­ւէր­­նե­­­րը եւ եր­­բեք թոյլ չտալ մեր ազ­­գա­­­յին հիմ­­նա­­­սիւ­­նե­­­րու սա­­սանու­­մը: Թող այս մեր­­ժե­­­լի մե­­քենա­­յու­­թիւննե­­րը պատ­­ճառ չդառ­­նան հիաս­­թա­­­փու­­թեան եւ գայ­­թակղու­­թեան։

Կ՚աղօ­­թենք առ Փրկիչ մեր Տէր Յի­­սուս Քրիս­­տո­­­սին, որ վնա­­սաբեր երե­­ւոյթնե­­րով չխա­­թարո­­ւի հայ­­րե­­­նական կեան­­քը, եւ աշ­­խարհաս­­փիւռ մեր ժո­­ղովուրդը ապ­­րի խա­­ղաղու­­թեան, բա­­րօրու­­թեան եւ առա­­ջըն­­թա­­­ցի մէջ։ Թող Տէ­­րը ան­­սա­­­սան պա­­հէ հա­­յոց պե­­տակա­­նու­­թիւնը եւ պայ­­ծառ՝ Հա­­յաս­­տա­­­նեայց Առա­­քելա­­կան մեր Սուրբ Եկե­­ղեցին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­­միածի­­նը հա­­ւատա­­ւոր իր բո­­լոր զա­­ւակ­նե­րով»։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ