ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
Մարտինի ո՞ր թաղամասին մէջ ծնած էք:
Տիարպէքիրքափը թաղամասը, ուր ծնած ու մեծցած եմ քաղաքին մուտքին է։ Նոյն թաղամասին մէջ քեռիներս, տատիկս, մօրաքոյրս կ՚ապրէին: Մենք 11 զաւականեր ունեցող բազմանդամ ընտանիք մըն էինք: Մանկութիւնս հոս անցաւ: Երբեմն «Ձեր ծննդատեղին թողէք եւ հոս եկէք» ըսողներ կան: Անոնց «Այլեւս ասիկա մի՛ ըսէք, բաւ է, ես չեմ ուզեր» ըսելով կ՚առարկեմ:
Պատմեցէք ձեր մանկութեան միջավայրի մասին։
Մասամբ գեղեցկութիւններ ունէր: Այս քաղաքին մէջ ապրիլը դիւրիւն չէ: Եթէ հաւատքնիդ պահպանելով ապրիք, ապա կրնաք ապրիլ, այլապէս կը ճնշուիք: Մենք ալ բոլորին պէս փողոցներուն մէջ մեծցանք: Աղքատ էինք, ինչպէս մեր հարեւանները: Փողոցներուն մէջ վէճերով, կռիւներով մեծցանք: Զաւակներս ալ այնպէս մեծցուցի: Մեծ տղուս անունը Ճորճ է, միւսինը՝ Աբտիւլմասիհ: Երկուքին ալ անուններէն յայտնի է որ քրիստոնեայ եւ ասորի են: «Երբեք ձեր հաւատքին եւ անուանդ համար տուն լալով մի՛ եկէք» կ՚ըսեմ: Պէտք է պայքարիք: Առանց պայքարելու ոեւէ կերպով չենք կրնար կայուն մնալ:
Մարտինի եկեղեցիներէն եւ համայնքէն խօսինք, քանի՞ եկեղեցի կանգուն է։
Մարտին կեդրոնին մէջ 100-ի մօտ քրիստոնեայ ընտանիք կայ: Ներկայիս գործող վիճակին 12 եկեղեցիներ ունինք: Մարտինի մօտ գիւղերուն մէջ եկեղեցիներ ունինք՝ որոնց երբեմն կ՚այցելենք եւ պատարագ կը մատուցենք: Ամէն Կիրակի, ամէն եկեղեցւոյ մէջ պատարագ չենք կրնար մատուցել, քանի որ մեր ձեռքին ամէն եկեղեցւոյ մէջ միեւնոյն ժամանակ պատարագ մատուցանելու բաւարար թիւով հոգեւորական չունինք:
Մարտին կեդրոնին մօտ Հայ եւ Ասորիներու Ուղղափառ, Կաթողիկէ ու Բողոքական համայնքներուն պատկանող տարբեր եկեղեցիներ կան: Միասնական եկեղեցւոյ մէջ, միասնական հոգեւորականի ուղեկցութեամբ տարիներով միասին կ՚երկրպագենք: Այսպէս կ՚ըլլայ, որովհետեւ միայն մէկ եկեղեցի լեցնելու չափ համայնք ունինք: Տարբերութիւն, այս կամ այն չենք ըսեր՝ միասին կ՚երկրպագենք:
Այսպիսով բոլորս միմեանց միջեւ աւելի համերաշխ դառնալու առիթ կը գտնենք: Այսինքն՝ հերթով եկեղեցիներ կ՚երթանք երկրպագութեան: Հայ Ուղղափառ համայնքի յատուկ օրերուն բոլորս այդ եկեղեցին կը լեցնենք: Կաթողիկէ համայնքին յատուկ օր մը եղած ըլլալու դէպքին, օրինակ Մարիամ Աստուածածնի օրը բոլոր կիները, զաւակներնուս հետ այդ եկեղեցւոյ մէջ կ՚երկրպագենք: Բայց սովորական Կիրակի օր մը ըլլալու դէպքին ասորիները սովորաբար կեդրոնին մէջ գտնուող Քառասնոց եկեղեցին կ՚երթանք:
Հին Մարտինի սովորութիւններէն խօսէք մեզի։ Օրինակ աղջիկ առնելիս եւ տալիս ի՞նչ զարդեր կ՚երթային։ Նշանտրէքին կամ հարսանիքին ի՞նչ զարդ կը կ՚ապուէր։
Մարտինի մէջ հարսանիքները սովորաբար երեք օր կը տեւեն: Մեր աւանդութիւններուն մէջ հոգեւորականի ուղեկցութեամբ աղջիկ կը խնդրուի:
Մարգարիտը ազնւութիւն, նրբութիւն, մաքրութիւն կը խորհրդանշէ, ուստի սովորաբար մեր մօտ իբրեւ հարսանեկան զարդլ ոսկի եւ մարգարիտ կը նախընտրուի:
Այսինքն անցեալին ասորական սովորութիւններուն մէջ չափազանցութիւն գոյութիւն չունէր։ Խօսկապի եւ հարսանեկան զարդերը շատ համեստ կ՚ըլլային: Խօսկապին զոյգ մը մարգարիտ ականջօղ, կողքին մէկ խաչանիշ մանեակ անպայման կ՚ըլլար: Նշանտրէքին մատանի կը դրուի՝ կողքին երբեմն ապարանջան կամ մանեակ կ՚աւելացուի:
Անցեալին նշանտուքը տան մէջ կը կատարուէր: Ընտանեկան միջավայրին մէջ առաջին աստիճանի ազգականներ եւ կնոջ ու տղուն հարսնաւորները կ՚ըլլային: Մեզի մօտ նշանի մատանին մեր կրօնական առաջնորդը կը կարդայ: Եւ հաց կտրելու աւանդութիւնը կը կատարուի:
Ի՞նչ է ան։
Կլոր, մեծ կարագային հաց թոնիրին մէջ կամ տունը կը պատրաստուէր: Հացին վրայ խաչանիշ մոտիֆներով, նուշով զարդարանքներ կ՚ըլլան: Հոգեւորականը նշանած զոյգը օրհնելու պահուն հացն ալ կ՚օրհնէ:
Խաչեղբայրները եւ հոգեւորականը մէկական ձեռքը հացին տակ կը դնեն: Այս երեքը միասին մեծ հացը կը կտրեն: Հաց կտրելու սովորութեան իմաստը հետեւեալն է. հոգեւորականին կարդացած աղօթքներուն հետ այս երկու անձին նշանտուքը կատարուեցաւ: Տէր Յիսուս կ՚ըսէ «Բաժանում չկայ: Այլեւս ետ դարձ չկայ:Այդքան դժուար է այս կտրած հացը միացնել: Այս հացը ինչպէս որ ա՛լ ամբողջական կերպով չի կրնար միանալ, բաժանումն ալ այդքան դժուար է, այլեւս կտրեցինք, Աստուծոյ առջեւ խոստացանք՝ վերջ» կ՚ըսէ:
Արական կողմը կինը զարդերով գնահատելուն պէս, աղջկան կողմն ալ հարսանիքէն առաջ փեսային մատանի կը պատրաստէ: Ասիկա փեսան պատուելու համար շարունակուող սովորութիւն մըն է:
Փեսայի մատանին «Ես քեզի ոսկիի արժէքին աղջիկս տուի, բայց միշտ ձեռքս, աչքս, ականջս ձեր վրայ պիտի ըլլայ։ Դուն իմ աղջիկս գնահատած չափով ես ալ քեզ կը գնահատեմ» իմաստը ունի։
Փոքր տարիքէն աշխատանքի կը նետուիք, քանի՞ տարեկանին արհեստ սորվիլ սկսաք: Առաջին վարպետդ ո՞վ էր: Ի՞նչպիսի ճանապարհ մը անցաք:
Ես եօթը տարեկանէս կ՚աշխատեմ: Տարրական երկրորդ դասարանին մէջ Սամի Պալաճիի քով գործի սկսայ: Մարտին Ոսկերիչներու Շուկային մէջ, ներկայումս իմ աշխատած եւ գործած խանութի դիմացն էր այդ աշխատանոցը: Որոշ ժամանակ հոն աշխատելէ ետք քեռիս Սուփհի Չիլլիի քով անցայ:
Զինծառայութեան երթալէ առաջ հին ոսկերիչներու, վարպետներու Մարտինէն երթալու պահուն ետեւնին թողած ոսկերչութեան վերաբերող գործիքները հաւաքելու սկսայ: Այդ հին երկաթ կտորները շատ կը զարմացնէին զիս եւ ինչպէս կ՚օգտագործուէին կը հարցնէի ու կը սորվէի: Խանութներու անկիւններուն նետուած հին ոսկերչական կաղապարները, նմուշները, ձեւակերպերը բոլորը հաւաքեցի:
Զինծառայութենէ ետք ձեռքիս մէջ լուրջ կապիտալ չունէի: Եղբայրներուս հետ նստած՝ «Ձեռքիս մէջ շատ ուժեղ կապիտալ չունինք, մեր ամենագեղեցիկ կապիտալը մեր արուեստը ըլլայ» ըսինք եւ ձեռքիս մէջ եղած 22 պրոպ ոսկիները բոլորը 14 պրոպի փոխարկեցի: Տարիներ առաջ հաւաքած այդ հին կաղապարներուն, հին հայ, ասորի, քաղդէացի վարպետներէն մնացած կաղապարներուն մէջ թափեցի: Ամէն կաղապարէն շատ տարբեր նմուշներ դուրս ելան: Տեսայ որ ձեռքիս մէջ նմուշներու լուրջ հաւաքածոյ մը կայ:
Ներկայումս Մարտին շուկային մէջ քանի՞ Ասորի կամ Հայ ոսկերիչ կան։
Հին Մարտին շուկային մէջ ոսկերիչներուն 95 տոկոսը ասորի կամ հայեր էին: Ներկայիս շուրջ 20 խանութ մնացած ենք:
Միշտ կ՚ըսեմ, ափսոս որ մեր զաւակները արհեստի հակում չունեցան։ Մենք այս քաղաքին վերջին մոհիքաններն ենք: Մեզի հետ պիտի վերջանայ այս արհեստը: Քանի որ Անատոլիոյ մէջ արհեստագէտ կամ արուեստագէտ ըլլալը շատ դժուար է: Արուեստի աստիճանին մէջ մենք մեր սահմանները անցանք, բայց ներկայ հասարակութեան մեզմէ պահանջածը իրականին մէջ արուեստ չէ: Անոնք ներդրումի համար ոսկի կը գնեն, իսկ մենք արուեստ կ՚ընենք:
Կարծեմ բուսական ներկերու եւ հիւսուածքներու հանդէպ ալ հետաքրքրութիւն ունիք։
Այո, տատիկիս մահուան առաջին տարելիցին, 2017-ին Չանքայա Ժամանակակից Արուեստներու Պատկերասրահին մէջ ցուցահանդէսի մը հրաւիրուեցայ: Պատկերասրահը մեծ եկեղեցական վարագոյրներով զարդարեցի: Տպագրութիւն եւ բուսական ներկարարութեան արուեստը գործնականօրէն ցուցադրեցի: Այսպիսով մենք երկուքս, այսինքն ես եւ քեռուս տղան Մարտինի ասորիներու արուեստը Անգարայի մէջ ներկայացուցինք:
Ձեր ընտանեկան շիրմաքարերը գեղարուեստական յուշարձանի մը տպաւորութիւնը կը թողուն։ Ի՞նչ կը պատմէք անոնց մասին։
Առաջին անգամ մօրս շիրմին համար պատրաստեցի: Մայրս դերձակ էր: Գերեզմանին գլխուն նստած՝ դերձակ կին մը նկարեցի: Կազի լամպ մը, արեւ, լուսին եւ աստղեր նկարեցի: Գիշեր ցերեկ բանող կնոջ մը կերպարը խորհրդանշական եղաւ։
Տատիկս դեռ կենդանի էր, երբ մայրս մեռաւ: Գերեզման այցելելուն կ՚ըսէր. «Աղջիկս այս աշխարհին մէջ աշխատածդ բաւական չէ՞ր: Դարձեալ հոս կ՚աշխատիս»: Մի օր ինծի դառնալով «Աղջիկիս ինչ որ ըրիր, ինծի ալ պիտի ընես» ըսաւ իբրեւ վերջին կտակ:
Տատս Նասրան մահանալէն ետք իր փափաքին համաձայն թաղեցինք հօրը շիրմին: Հայրը իր ժամանակուայ նշանաւոր նկարիչներէն եւ քանդակագործներէն Իսհակ Շեմմասինտի Աքչամն էր: 1935-ին Իզմիրի Տօնավաճառին մետայլով պարգեւատրուած էր: Ան եւ իր եղբայրը տպագրող էին եւ բուսական ներկարարութեան արուեստով կը զբաղէին: Օր մը զաւակներուն «Ես որ մեռնիմ ձեռքերս երկրին վրայ թողէք» ըսած էր:
Տատիս վերջին կամքին հիման վրայ հօրը գերեզմանը թաղուելէն ետք զոյգ մը ձեռք պատրաստելով գերեզմանին վրայ դրի: Յուշարձանը, ձեռքերուն մէջտեղը մոմ դրուելու տեղ ունի: Ասիկա գիշերուայ խաւարին արուեստագէտի ձեռքին մէջ լուսաւորուիլը կը խորհրդանշէ:
Քեռիս Կաննա Չիլլիի յիշատակին ալ գերեզման պատրաստեցի: Ինք տարիներով Մարտինսփորին մէջ ֆուտպոլ կը խաղար: Մարտին թիմին առաջին կապիտանն էր:
Մարտինի մէջ «դուռ հաւաքող» ըլլալով ծանօթ էք։ Դռներու հանդէպ հետաքրքրութիւնդ ուրկէ՞ կու գայ։
Ձուլուելով բնօրրանէն հեռացող ժողովուրդ մը ունինք: Հին Մարտինի մեր աւանդութիւններուն յարատեւութեան համար իւրաքանչիւրին առանձին տուն մը ունենալու անհրաժեշտութեան կը հաւատամ։
Հին Մարտինի մէջ Տիարպէքիրքափը թաղին իբրեւ ընտանեկան ժառանգութիւն քեռիներուս մնացած պատմական տուն մը կայ: Այդ տան մէջ հին Մարտինի էթնոկրաֆիական իրերը կը հաւաքեմ:
Ժողովուրդին գործածելէ դադրած հին դռները, փայտեղէնները եւ բազմոցները կը հաւաքեմ:
Իր մը մանրամասնօրէն հասկնալու համար այդ իրին աւանդական պատմութիւնը իմանալ պէտք է: Վերջերս Մարտինի մէջ Քատիր Ինանըրի խաղացած «Դուռ» ֆիլմը նկարահանելու ժամանակ ռեժիսորներուն պատմեցի դռներու խորհուրդի մասին: Ըսի «Ժողովուրդը 1915-ին տարագրութեան երթալու ժամանակ երեք բան առին իրենց հետ: Ճաշելու համար դգալ մը, խմելու համար բաժակ մը եւ թերեւս կը դառնան խորհելով փակած դրան բանալիները: Անոնցմէ ոչ մէկը դարձաւ» ըսի:
Այսօր Մարտինի եւ մօտ գաւառներուն մէջ կատարուած պեղումներուն բանալիներ կը գտնուին: Օրինակ երկու, երեք տարի առաջ Զերզաւան Բերդէն գտնուած բանալիները Միթրայի վերագրուեցան: Ես բանասէր ընկերոջս զանգահարելով «Դուք Զերզաւան Բերդէն անցնող կարաւաններուն ճակատագիրը հնարաւոր չէ որ լսած չըլլաք: Այդ բանալիներուն տէրերը Մարտինցիներ են» ըսի:
Իմ ժողովուրդը չդարձաւ եւ բանալիները հոն մնացին: Ո՛վ գիտէ օր մը մի ոմն երիտասարդներ իրենց բանալիներուն հետ գալով դռները պիտի փնտռեն...
Ես դռները եւ դուռ թակիչները կը ճանչնամ: Անոնց հետ կը խօսիմ եւ «Պատմեցէք գլխերնիդ եկածը, ի՞նչերու վկայ եղաք» կը հարցնեմ: Երանի լեզու ունենային եւ խօսէին:
Մարտինի ամենամեծ դուռ հաւաքողն եմ: Անցեալի հետքը որոնելով երբեմն ընտանիքս անտեսեցի: Դռներուն նայելով տէրերուն չկրցած ըսածները հասկնալ փորձեցի: Քանի որ խաչը քաշելով եւ դուռը «Հայրորդհոգիսուրբ» ըսելով փակող մարդիկ գացին եւ չդարձան: