ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բագրատ Էսդուգեան

Ծանր քար մը կուրծքերնուս վրայ

«Վա՜յ, աւա՜ղ, ե՞րբ, ի՞նչ, ինչպէ՞ս»։ Հետզհե­տէ զար­մանքի եւ ընդվզու­մի շեշ­տադրու­մով բա­ցական­չութիւննե­րու շար­քը կ՚եր­կա­րի եւ այդ շար­քին մէջ կը յստա­կանայ «Մե­լիքը, Մե­լիք­ճա­նը, սրտի կա­թուած»ի նման բա­ռեր։

Յան­կարծա­մահ կո­չուա­ծը ինքնին բա­ւակա­նին ցնցիչ երե­ւոյթ է։ Բա­նաս­տեղծի հա­մաձայն բո­լոր մա­հերը կան­խա­հաս են։ Ըն­դունինք այդ իրո­ղու­թիւնը։ Բայց որ­քան մեծ տար­բե­րու­թիւն մը կայ անո­ղոք հի­ւան­դութիւ­նով տա­ռապող մէ­կուն իր ցա­ւերէն ազա­տուե­լու երե­ւոյ­թին եւ առոյգ, կեան­քով լե­ցուն երի­տասար­դի մը ան­ժա­մանակ կո­րուստին մի­ջեւ։

Այս է որ կ՚ապ­րինք մեր երգչա­խումբի խմբա­վար, բո­լորիս շատ սի­րելի Մե­լիք­ճան Զա­մանի ան­ժա­մանակ մա­հով։

Որ­քան տար­բեր էր մեր տրա­մադ­րութիւ­նը, երբ կը պատ­րաստո­ւէինք խումբի նախ­կին վա­րիչ­նե­րէն Մե­լիք Կավ­րի­լոֆի եւ իր ըն­տա­նիքին հետ հան­դի­պելու ըն­դա­մէնը շա­բաթ մը ետք Պո­յաճը­գիւ­ղի Եկե­ղեց­ւոյ հիւ­րընկալ շրջա­փակին մէջ։ Սոց­ցանցի վրայ բո­լոր ան­դամներ իրենց մաս­նակցու­թիւնը կ՚երաշ­խա­ւորէին այդ հան­դի­պու­մի առ­թիւ։ Յան­կարծ օրա­կար­գը տակ­նուվրայ եղաւ եւ իրա­րու յա­ջոր­դե­ցին ցա­ւակ­ցա­կան գրա­ռումնե­րը։

Տաս­նա­մեակ­նե­րու հո­լովոյ­թով սերնդա­փոխու­թիւն ալ ապ­րած ենք Սա­յաթ Նո­վա Երգչա­խումբի պատ­մութիւ­նը հիւ­սե­լու ժա­մանակ։ Մե­լիք­ճա­նը իր տաս­նեակ մը հա­սակա­կից­նե­րով կու գար երկրորդ սե­րունդը ներ­կա­յաց­նե­լու։ Տա­կաւին մեր յի­շողու­թեան մէջ թարմ է անոնց ման­կանց երգչա­խումբի շար­քե­րէն ներս ման­կա­կան անա­ռակու­թեան, չա­րաճ­ճիու­թեան բա­զում պատ­կերներ։ Սերնդա­փոխու­թիւնը շա­րու­նա­կուե­ցաւ եւ վրայ հա­սաւ եր­րորդ սե­րունդ մը, ուր այս ան­գամ եր­բեմնի մա­նուկնե­րը ծնողք դար­ձած, կը վե­րակեն­դա­նաց­նէին ման­կանց երգչա­խումբի աւան­դը։

Ու­նէր բա­զում երա­զանք, որոնց մէկ մա­սին բաժ­նե­կիցը պի­տի դառ­նա­յինք մենք բո­լորս։ Օրի­նակի հա­մար վե­րանո­րոգո­ւած եր­գե­հոնի հնչիւննե­րով Պո­յաճը­գիւ­ղի պար­տէ­զին մէջ սար­քե­լի դա­սական երաժշտու­թեան հա­մեր­գին ինք եւս մաս­նակցու­թիւն պի­տի բե­րէր ջու­թա­կի ըն­կե­րակ­ցութեամբ։

Ափ­սո՜ս կի­սաւարտ մնա­ցած բո­լոր երազ­նե­րուն։

Կոշտ ու կո­պիտ քա­րակոյ­տի մը ծան­րութիւ­նը թո­ղուց մեր կուրծքե­րուն եւ ինք թե­թեւ­ցաւ սթա­փելով սե­փական սրտին պատ­ճա­ռած ցա­ւէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ