Փաշինեան դարձեալ կը պնդէ Կաթողիկոսի հրաժարականին մասին

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, շարունակելով իր վիրաւորական մեղադ-րանքները՝ 9 Յունիսին, գրարումի մը միջոցով յայտնեց հետեւեալը. «Գա­րեգին Բ.-ն խախ­տել է իր իսկ կող­մից կա­մաւո­րու­թեամբ ստանձնած կու­սակրօ­նու­թեան ուխտը եւ զա­ւակ ու­նի։ Սա փաստ է եւ եթէ Գա­րեգին Բ.-ն փոր­ձի հեր­քել, անհրա­ժեշտ ձե­ւաչա­փով դա կ՛ապա­ցու­ցեմ: Ըստ այսմ, հա­մաձայն Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեցու Կա­նոնագրքի, Գա­րեգին Բ.-ն չէր կա­րող լի­նել եպիս­կո­պոս, ար­քե­պիս­կո­պոս, չէր կա­րող ընտրո­ւել եւ չի կա­րող լի­նել կա­թողի­կոս. Կտրիճ Ներ­սի­սեանը պէտք է ազա­տի վե­հարա­նը: Որ­պէս Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեցու հա­ւատա­ւոր հե­տեւորդ, որ­պէս մարդ, ով խան­դա­ղատան­քով է վե­րաբեր­ւում մեր հո­գեւոր ժա­ռան­գութեան ամէն ար­ժէ­քի, ամէն մա­սունքի, ամէն պատ­կե­րի ու քա­րի, ար­ձա­նագ­րում եմ՝ Հա­յաս­տա­նեայց առա­քելա­կան սուրբ եկե­ղեցին պէտք է ու­նե­նայ նո­րըն­տիր կա­թողի­կոս, ում բա­րեվար­քութիւ­նը կա­թողի­կոսա­կան ընտրու­թիւննե­րից առաջ ստու­գո­ւած եւ հաս­տա­տուած կը լի­նի: Հա­յաս­տա­նեայց Առա­քելա­կան Սուրբ եկե­ղեցու հա­ւատա­ւոր հե­տեւորդնե­րին կոչ եմ անում հա­մախմբո­ւել Վե­հարա­նը սի­րով եւ քրիս­տո­նէաբար ազա­տելու եւ որե­ւէ իրա­պէս սրբա­զան հո­գեւո­րակա­նի Ամե­նայն Հա­յոց կա­թողի­կոս ընտրե­լու օրա­կար­գի շուրջ»։ Նշենք, որ Փա-շի­նեանի եւ իշ­խող «Քա­ղաքա­ցիական Պայ­մա­նագիր» կու­սակցու­թեան կող­մէ ամէ­նօրեայ դրու­թեամբ առա­ւել քան մէկ շա­բաթէ ի վեր կա­թողի­կոսին եւ եկե­ղեց­ւոյ միւս բարձրաս-տի­ճան հո­գեւո­րական­նե­րուն դէմ շա­րու­նա­կուող ար­շա­ւին եւ վի­րաւո­րական բա­ռապա­շա-րով կա­տարո­ւող քննա­դատու­թեան լոյ­սին տակ, Հա­յաս­տա­նի նախ­կին նա­խագահ Լե­ւոն -Տէր Պետ­րո­սեան 7 Յու­նի­սին այ­ցե­լած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­միածին եւ առանձնազ-րոյց մը ու­նե­ցած Գա­րեգին Բ. Ամե­նայն Հա­յոց կա­թողի­կոսին հետ: Տէր Պետ­րո­սեան, ըստ Մայր Աթո­ռին, կա­թողի­կոսին հետ զրոյ­ցին ըն­թացքին իր ամ­բողջա­կան աջակ­ցութիւ-նը յայտնեց կա­թողի­կոսին եւ, նոյն ատեն, խստօ­րէն դա­տապար­տեց Հա­յոց 1700-ամեայ եկե­ղեց­ւոյ նկատ­մամբ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րուն հա­կասահ­մա­նադ­րա­կան ոտնձգութիւ­նը: «Քա­ղաքա­ցիական Պայ­մա­նագիր» կու­սակցու­թեան ղե­կավար ան­դամներ վի­րաւո-րա­կան գրա­ռումնե­րու շար­քի մը սկսան նաեւ Տէր Պետ­րո­սեանի հաս­ցէին: «Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեանը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնում ընտրու­թիւննե­րի կեղծման պրակ­տի­կայի (կի­րարկման) հիմ­նա­դիրն է եւ նա ի հար­կէ պի­տի կանգնի իր նման ժո­ղովրդա­տեաց կեղ­ծա­րարի ու կեղ­ծի­քի կող­քին», դի­մատետ­րի վրայ գրած է Փա­շինեան: Ազ­գա­յին ժո­ղո-վի նա­խագահ Ալէն Սի­մոնեան «Թե­լեկ­րամ»-ի իր էջին վրայ գրած է, թէ Հա­յաս­տա­նի հիմ­նա­դիր նա­խագա­հը «ան­կա­խու­թեան ձա­խող­ման եւ բո­լոր պար­տութիւննե­րի խորհրդա­նիշն է»:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ