Յանկարծամահ ըլլալու բօթը հասաւ 11 Յունիսի առաւօտուայ ժամերուն։ Շուտով պարզուցաւ թէ Մելիքճան Զաման մահացած է Թուզլայի ամառանոցը, երբ իր կինն ու դուստրը արդէն վերադարձած էին քաղաք։
Մելիքճան Զաման 1982 թուականին ծնած էր Պոլիս։ Նախնական ուսումը Ֆերիգիւղ Մերամեթճեան տարրական դպրոցը աւարտելէ ետք Պոլսոյ համալսարանի պետական կոնսերուատորիայի ջութակի բաժինը աւարտեց, ապա Փրոֆ. Չիղտէմ Յունաթ Իյիճիլի աշակերտ դառնալով Միմար Սինան համալսարանի պետական կոնսերուատորիայի ջութակի ծրագիրին ընդունուեցաւ։
Օրթագիւղի Թարգմանչասց, Փանկալթը Մխիթարեան, Եշիւլգիւղի հայկական վարժարաններու մէջ իբրեւ երաժշտութեան ուսուցիչ պաշտօնավարելէ ետք, 2015 թուականին ստանձնեց Եշիլգիւղի Վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը։
Մինչ այդ իբրեւ սեփական նախաձեռնութիւն հիմնեց «Ակադեմիա Զ» երաժշտական ու գեղարուեստի դպրոցը։ 2004 թուականէն մինչեւ այսօր Պոլսոյ Պետական Թատերախումբներու շրջանակին մէջ 30-էն աւելի թատրերգութիւններու համար ստանձնեց «երաժշտութեան տեսուչ» պաշտօնը։
Մելիքճան Զաման երկար տարիներէ ի վեր ստանձնած է նաեւ Սայաթ Նովա երգչախումբի խմբավարի պաշտօնը։
Զաման նաեւ կրտսեր որդին էր գրող Թագուհի Թովմասեան Զամանի։
Մելիքճան Զամանի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ 13 Յունիս ուրբաթ օր ժամը 12.00-ին, Եշիլգիւղի Սուրբ Ստեփանոս Եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ թաղման ծէսը կայացաւ Պալըքլըի Գերեզմանատան իր ընտանեկան դամբարանին վրայ։
«Ակօս»ի անձնակազմը Զաման եւ Թովմասեան ընտանիքներուն ցաւը կը կիսէ եւ համբերութիւն կը մաղթէ։