Երեւան վայելեց Գինիի Օրեր Փառատօնը

6-8 Յու­­նիս թո­­ւական­­նե­­­րու մի­­ջեւ Հա­­յաս­­տա­­­նի մայ­­րա­­­քաղաք Երե­­ւանի մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ՝ Երե­­ւանի Գի­­նիի Օրեր ին­­նե­­­րորդ փա­­ռատօ­­նը։ Այս տա­­րի փա­­ռատօ­­նը հա­­սած էր նոր մա­­կար­­դա­­­կի. «Քու գի­­նիի օրո­­ւայ ճա­­նապար­­հը» ար­­շա­­­ւի ներ­­քեւ, որ մի­­տուած է հան­­րայնաց­­նել Հա­­յաս­­տա­­­նի գի­­նեգոր­­ծա­­­կան եր­­թուղի­­ները՝ առա­­ջար­­կե­­­լով գի­­նին վա­­յելե­­լու եւ գի­­նիի մշա­­կոյ­­թը բա­­ցայայ­­տե­­­լու յա­­տուկ օրա­­կարգ։ Հիւ­­րե­­­րը հնա­­րաւո­­րու­­թիւն ու­­նե­­­ցան ոչ միայն քա­­լել սթան­­տէն սթանտ, այ­­լեւ ծա­­նօթա­­նալ Հա­­յաս­­տա­­­նի գի­­նու զբօ­­սաշրջու­թեան լա­ւագոյն կեդ­րոննե­րուն։

Փա­ռատօ­նի նոր նա­խագի­ծը՝ Your Wine Day Route-ը, առա­ջար­կած էր 20 եզա­կի եր­թուղի­ներ, որոնք հա­մատե­ղեցին թան­գա­րան­նե­րը, գի­նեգոր­ծութեան վե­րաբե­րող պատ­մա­կան եւ մշա­կու­թա­յին նմուշնե­րը, գի­նեգոր­ծա­րան­նե­րը ու փոր­ձա­րարա­կան վայ­րե­րը։

Փա­ռատօ­նի բե­մերը հա­մախմբո­ւած էր սի­րուած դե­րասան­նե­րով եւ երի­տասարդ երա­ժիշտնե­րով, իսկ 2025 թո­ւակա­նի երաժշտա­կան ծրա­գիրը կը կրէր «Սէր, Երե­ւան» խո­րագիրը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ