Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը հարուածած են տասնեակ թիրախներ, որոնք իբրեւ թէ կապուած են միջուկային ծրագրի եւ ռազմական կառոյցներու հետ։ Այսպէս օրինակ, թիրախներ խոցուած են Թեհրանի, Թաւրիզի, Սպահանի, Իլամի մէջ։ Յարձակման ենթարկուած է նաեւ Նեթենզի միջուկային կառոյցը։
Իսրայէլ յարձակած է իրանեան Պանտար Ապպաս քաղաքին մէջ գտնուող ռազմածովային կայանի վրայ, յայտնած են իրանեան լրատուամիջոցները։
Համացանցի մէջ յայտնուած են Իսրայէլի հարուածի հետեւանքով տեղի ունեցած պայթումի տեսանիւթեր։
Իրանի քաղաքացիներուն ուղղուած իր ուղերձին մէջ գերագոյն առաջնորդ Այաթոլլա Ալի Խամենէին Իսրայէլի կողմէ Իրանին հասցուած հարուածները յանցագործութիւն որակած է եւ յայտարարած, որ Իսրայէլին «դառն եւ սարսափելի ճակատագիր» կը սպասէ։
Իսրայէլեան բանակի մամուլի քարտուղարի յայտարարութեան համաձայն՝ Իրանին հասցուած առաջին հարուածներուն մէջ աւելի քան 200 իսրայէլեան ՌՕՈւ ինքնաթիռ ներգրաւուած է, կործանիչներն աւելի քան 330 զինամթերք նետած են։
Այաթոլլա Խամենէի նոր հրամանատարներ նշանակեց
Իրանի պետական հեռուստատեսութիւնը յայտնեց, որ Իսրայէլի հարուածներու հետեւանքով զոհուած է Իրանի Զինուած ուժերու ընդհանուր սպայակոյտի պետ Մոհամմատ Պաղերին։ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդն ալ հաստատած է իր հրամանատար Հոսէյն Սալամիի մահը։
Գերագոյն առաջնորդի հրամանագրով Հապիպոլլահ Սայարին նշանակուած է Իրանի զինուած ուժերու ընդհանուր սպայակոյտի ժամանակաւոր պետ, սակայն այս երկրորդ զօրավարն ալ Իսրայէլեան յարձակումներուն զոհ դարձաւ։
Փեզեշքեանը հեռախօսազրոյց
ունեցաւ Փութինի հետ
Հանրապետութեան նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան 13 Յունիսի երեկոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Հեռախօսազրոյցի ընթացքին ՌԴ նախագահը դատապարտելով սիոնիստական ռեժիմի յանցաւոր յարձակումները Իրանի վրայ` Իրանի ժողովուրդին եւ կառավարութեան ցաւակցած է զոհերու կապակցութեամբ։
ՌԴ նախագահ Փութին «Այս յարձակումները միջազգային կանոններու եւ օրէնքներու ակնյայտ խախտում են։ Ռուսաստանը պատրաստ է միջնորդել լարուածութիւնը թօթափելու համար» ըսած է։
Իրանէն Հայաստան
սահմանային հատուածին Հայ վարորդները մուտք գործելու խնդիրներ ունին
«Ագարակի անցակէտին հայ վարորդները անտեսուած վիճակի են այն աստիճանի, որ այստեղէն դուրս չեն թողուլ, բայց իրանցիները առանց որեւէ խնդրի ե՛ւ դուրս կու գան, ե՛ւ կը մտնեն, իսկ մենք արդէն 10 օր կանգնած ենք ու յոյս չունինք, որ մօտակայ օրերուն կրնանք դուրս գալ այստեղի անցակէտով։ Մեր մաքսատան դիմած ենք զանգով, բայց դարձեալ անտեսուեծ է մեր բողոքը։ Մեծ թիւով բեռնատարներ մնացած են Իրանի տարածքին ու դուրս գալու յոյս չունին», նշած են հայ բեռնատարներու վարորդները։
Թրամբ Թեհրանի բնակիչներուն անյապաղ տարահանելու
կոչ ըրած է
ԱՄՆ նախագահ Թրամբ շաբաթներ առաջ Կազզայի բնակիչներուն ուղղած կոչը կրկնեց այս անգամ Թեհրանի բնակիչներուն համար։ Ան յորդորեց որ թեհրանցիներ անյապաղ լքեն քաղաքը։
Այս ըսելու պահուն ԱՄՆ նախագահը բոլորովին կ՚անտեսէ «Իրանի պետութեան հեղինակութիւնը, այդ երկրին պարտադրելով հրաժարիլ միջուկային ուժանիւթի ձգտումներէն։
Պատերազմի վեցերորդ օրերն է, որ կողմերը ԱԹՍ-ներով, կործանիչներով եւ հրթիռներով կը հարուածեն ոչ միայն ճշտուած ռազմական թիրախները, այլեւ խաղաղ բնակիչներու թաղամասերը։ Իրանեան հրթիռները յաջողած են անցնիլ Իսրայէլի հետզհետէ առասպելի վերածուած օդային պաշտպանութիւն՝ երկաթէ գմբէթը։
Թելաւիւի, Յաֆայի եւ Երուսաղէմի բնակչութիւնները ազդանշանները լսելով կը փութան նկուղային ապստամբարաններ։
Այս պահու դրութեամբ վերլուծաբաններ լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնեն պատերազմի ԱՄՆ-ի ալ մասնակցութեամբ ալ աւելի ծաւալուելուն մասին։ Արդարեւ ԱՄ