Խաղաղութեան երաշխիքը արդարութիւնն է

Պատերազմին ոչ երեսը տեսնել կ՚ուզեմ, ոչ ալ ձայնը լսել։ Երբ երախաները կը սպանուին, խղճի տէր մարդկանց կեանքի հանդէպ յոյսն ալ բոլորովին կը սպառի։ Իրենց երախաները «Չարիքին չարիքով մի՛ փոխադարձէք, կարելի եղածին չափ համերաշխութիւն գոյացուցէք» ըսելով դաստիարակող ընտանիքները կ՚ընդվզին ներկայ անարդարութիւններու դիմաց։

Բոլորին հետ համերաշխութիւն պահելը եթէ կարելի չէ, այն ատեն պիտի զօրակցինք տուժածներու հետ։

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

lusyenkopar81@hotmail.com

Իրանի Իս­­լա­­­մական Հան­­րա­­­պետ­­հութեան Ռա­­տիոյի եւ Հե­­ռատե­­սիլի Հաս­­տա­­­տու­­թեան Ար­­տա­­­քին հա­­ղոր­­դումնե­­րու բաժ­­նի թղթա­­կից եւ վա­­ւերագ­­րա­­­կան ֆիլ­­մե­­­րու հե­­ղինակ լրագ­­րող Նով­­րուզ Փուրման­­տի հետ զրու­­ցե­­­ցինք վեր­­ջին զար­­գա­­­ցումնե­­րու շուրջ։

Իրա­­նի հա­­սարա­­կու­­թիւնը կը կան­­խա­­­տեսէ՞ր այս յար­­ձա­­­կումնե­­րը։

Ժո­­ղովուրդը նոյ­­նիսկ 13 Յու­­նի­­­սէն առաջ ալ կը կռա­­հէր թէ այս աղէ­­տը ան­­խուսա­­փելի է։ «Հա­­շուե­­յար­­դա­­­րի օրը պի­­տի գայ» կը հա­­ւատա­­յին։

Իմ ժո­­ղովուրդը սի­­յոնիստ իշ­­խա­­­նու­­թիւնը միայն պե­­տու­­թիւն մը ըլ­­լա­­­լով չէ, այլ ար­­շա­­­ւիչ հա­­կամարդկա­­յին գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թիւն մը ըլ­­լա­­­լով կ՚ըն­­կա­­­լէ։ Սա միայն պե­­տական քա­­ղաքա­­կանու­­թիւն մը չէ, այլ Պարսկաս­­տա­­­նի ժո­­ղովուրդի հա­­մոզու­­մը։ Մար­­դիկ եր­­կար տա­­րինե­­րու ծա­­ւալող ճնշումնե­­րը եւ Պա­­ղէս­­տի­­­նի մէջ պա­­տահած­­նե­­­րը տես­­նե­­­լով հա­­մոզո­­ւած էին թէ այս հանգրու­­նաը ան­­խուսա­­փելի է։

Երբ յար­­ձա­­­կումնե­­րը սկսան դուք եւ ձեր ըն­­տա­­­նիքը ո՞ւր էիք։

Աւե­­լի քան 30 տա­­րինե­­րէ ի վեր պա­­տերազ­­մի մի­­ջավայրնե­­րուն գտնո­­ւած լրագ­­րող մըն եմ։ Իրաք, Սու­­րիա, Եմէն, Աֆ­­ղանստան, Սու­­տան… Տե­­սախ­­ցի­­­կովս բո­­լոր այդ ճա­­կատ­­նե­­­րուն գտնո­­ւած եմ։ Երբ յար­­ձա­­­կումնե­­րը սկսան բնազ­­դա­­­յին կեր­­պով իս­­կոյն փո­­ղոց ելայ։ Ըն­­տա­­­նիքս սո­­վոր է, գի­­տէ նման պա­­հերուն խու­­ճա­­­պի չմատ­­նո­­­ւելու կա­­րեւո­­րու­­թիւնը։ Իրա­­նի մէջ վտան­­գէն չէն խու­­սա­­­փիր՝ այլ կը դի­­մադ­­րեն։

Հա­­րազատ­­նե­­­րու կո­­րուստներ ու­­նե­­­ցա՞ք։

Ըն­­տա­­­նիքի ան­­դամներս վնաս չտե­­սան։ Բայց մե­­զի հա­­մար նա­­հատա­­կուող իւ­­րա­­­քան­­չիւր իրան­­ցի հա­­րազատ կը հա­­մարո­­ւի։ Յար­­ձա­­­կումնե­­րու ըն­­թացքին քա­­նի մը հա­­րազատ­­ներ կորսնցու­­ցի։ Անոնց վիշ­­տը իմ սրտին է։ Բայց ոչ միայն կսկի­­ծով, այլ իրենց պա­­տիւով։

Իրան­­ցի ժո­­ղովուրդը մարդկա­­յին օգ­­նութեան հա­­սանե­­լիու­­թիւն ու­­նի՞:

Իրան տա­­րիներ շա­­րու­­նակ դի­­մագ­­րա­­­ւած է ծանր շրջա­­փակումներ։ Նոյ­­նիսկ դե­­ղորայ­­քը այս պատ­­ժա­­­միջոց­­նե­­­րու ցան­­կին մէջ էր։ Բայց մենք այս ճնշումնե­­րէն դի­­մադ­­րե­­­լու մշա­­կոյթ մը ստեղ­­ծե­­­ցինք: Այ­­սօր Իրա­­նը դե­­ղամի­­ջոց­­նե­­­րէն մին­­չեւ բժշկա­­կան սար­­քա­­­ւորումներ, նոյ­­նիսկ պաշտպա­­նու­­թեան ար­­դիւնա­­բերու­­թիւն, շատ ոլորտնե­­րու մէջ ինքնա­­բաւ եր­­կիր մըն է: Օգ­­նութեան հա­­մար դու­­րէն աւե­­լի իրա­­րու կը նա­­յինք: Այս ժո­­ղովուրդին ամե­­նամեծ ուժն ալ զօ­­րակ­­ցութիւնն է:

Թավ­­րի­­­զի եւ շրջա­­կայ­­քի են­­թա­­­կառու­­ցո­­­ւածքնե­­րու վի­­ճակը ի՞նչպէս է:

Ի դէմ յար­­ձա­­­կումնե­­րուն՝ էլեկտրա­­կանու­­թեան եւ ջու­­րի մա­­տակա­­րար­­ման նման են­­թա­­­կառու­­ցո­­­ւած­­քա­­­յին ծա­­ռայու­­թիւննե­­րը կը գոր­­ծեն: Մեր մօտ ապաս­­տա­­­րանա­­յին մշա­­կոյթ չկայ: Թէլ Ավի­­ւի երբ մար­­դիկ ազ­­դանշա­­նը լսե­­լով գետ­­նա­­­փոր ապաս­­տա­­­րան­­ներ կը վա­­զեն, Իրա­­նի ժո­­ղովուրդը դրօ­­շակը ձե­­ռին փո­­ղոց կ՚ել­­լէ։ Յար­­ձակման օրը Գա­­տիր Տօնն էր: Մար­­դիկ փո­­ղոց­­նե­­­րը լե­­ցու­­ցին: Փո­­խանակ փախ­­չե­­­լու, մար­­տահրա­­ւէր տո­­ւին:

Դեռ կը շա­­րու­­նա­­­կէ՞ք աշ­­խա­­­տիլ:

Այո, աւե­­լի շատ կ՚աշ­­խա­­­տիմ: Լրագ­­րութիւ­­նը ին­­ծի հա­­մար միայն մաս­­նա­­­գիտու­­թիւն չէ, այլ ժո­­ղովուրդին ձայ­­նը լսե­­լու պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւն: Հի­­մա գի­­շեր-ցե­­րեկ կ՚աշ­­խա­­­տինք: Տե­­ղեկու­­թեան պէտք կայ, ճշմար­­տութեան պէտք կայ: Իմ գործս այդ պա­­հան­­ջը մա­­տակա­­րարելն է:

Ձեր կար­­ծի­­­քով՝ Իս­­րա­­­յէլի ժո­­ղովուրդը նման պա­­տաս­­խան մը կ՚ակնկա­­լէր Իրա­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թե­­­նէն։

Բա­­ցար­­ձա­­­կապէս ոչ: Իս­­րա­­­յէլի ժո­­ղովուրդը եր­­կար տա­­րիներ սո­­վորած էր առանց հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թեան յար­­ձա­­­կումնե­­րուն: Բայց այս ան­­գամ իր դի­­մաց տար­­բեր Իրան մը կայ: Թի­­րախ­­նե­­­րը յստակ էին, եւ պա­­տաս­­խա­­­նը վճռա­­կամ: Իս­­րա­­­յէլի հա­­մար անակնկալ մըն էր այս: Իրան միայն պաշտպա­­նու­­թեան դիր­­քի չէ, այլ կան­­խարգի­­լելու:

Այս պա­­տերազ­­մը ինչպէ՞ս կ՚ազ­­դէ տա­­րածաշրջա­­նի հա­­ւասա­­րակշռու­­թիւննե­­րուն:

Տա­­րածաշրջա­­նը ցնցո­­ւած է: Իրան այ­­լեւս չի խու­­սա­­­փիր սպառ­­նա­­­լիք­­նե­­­րէն. ուղղա­­կիօրէն կը պա­­տաս­­խա­­­նէ: Սա կը նշա­­նակէ որ «խփէ-փախ­­չէ» շրջա­­նը վեր­­ջա­­­ցած է: Ա՛լ դի­­մադ­­րութիւ­­նը միայն ըն­­կա­­­լում մը չէ. տա­­րածաշրջա­­նին հա­­ւասա­­րակշռու­­թեան մէջ խօսք ու­­նե­­­ցող ուժ մըն է: Բա­­րեկամ­­նե­­­րէս մէ­­կը խփուած F-35 կոր­­ծա­­­նիչ­­նե­­­րուն եւ անոնց գե­­րավա­­րուած օդա­­չու­­նե­­­րուն ակ­­նարկե­­լով կա­­տակեց ու ըսաւ. «Իրա­­նի մէջ F-35 ինքնա­­թիռ չկայ, բայց F-35 օդա­­չու կայ»:

Ինչպէս կը մեկ­­նա­­­բանէք Թրամ­­փի «Շու­­տով խա­­ղաղու­­թիւն պի­­տի գայ» խոս­­տումը:

Թրամփ Իրա­­նի հրա­­մանա­­տար­­նե­­­րը թի­­րախա­­ւորող գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րուն գլխա­­ւոր ճար­­տա­­­րապետն է: Հի­­մա խա­­ղաղու­­թե­­­նէ խօ­­սիլը ան­­կեղծ չի թո­­ւիր: Մե­­զի հա­­մար խա­­ղաղու­­թիւնը միայն զէն­­քե­­­րու լռու­­թիւնը չէ. ար­­դա­­­րու­­թեան ձեռքբե­­րումն է: Մին­­չեւ որ մե­­ղաւոր­­նե­­­րը չեն դա­­տուիր՝ ժո­­ղովուրդին բար­­կութիւ­­նը չի հան­­դարտիր:

Իրա­­նի հան­­րութիւ­­նը այս յար­­ձա­­­կու­­մին վե­­րաբե­­րեալ ի՞նչ կը զգայ:

Ժո­­ղովուրդը ամիս­­նե­­­րով համ­­բե­­­րեց: Լռու­­թիւն պա­­հեց եւ յօ­­ժարե­­ցաւ սպա­­սելու: Բայց համ­­բե­­­րու­­թեան քա­­րը ճա­­քեց: «Խոս­­տա­­­ցեալ Վրէժխնդրու­­թիւնը» ա՛լ կար­­գա­­­խօս չէ, ժո­­ղովուրդին պա­­հանջն էր: Այս յար­­ձա­­­կու­­մին տրո­­ւած պա­­տաս­­խա­­­նը ժո­­ղովուրդին ձայ­­նին պա­­տաս­­խանն էր: Դի­­մադ­­րութիւ­­նը ճա­­րահա­­տու­­թեան չէ, այլ գի­­տակ­­ցութեան հե­­տեւանք։

Դի­­ւանա­­գիտա­­կան լու­­ծում մը հնա­­րաւո՞ր է:

Ի հար­­կէ, եթէ ազ­­նո­­­ւու­­թիւն եւ փո­­խադարձ յար­­գանք կայ՝ միշտ հնա­­րաւոր է: Բայց այ­­սօր «դի­­ւանա­­գիտու­­թիւն» ըսող­­նե­­­րուն մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը Իս­­րա­­­յէլին զէնք կը մա­­տակա­­րարեն, կո­­տորած­­նե­­­րուն լուռ կը մնան: Այսպի­­սի մի­­ջավայ­­րի մէջ իրա­­կան լու­­ծումը միայն Պա­­ղէս­­տի­­­նի ձայնն ալ լսե­­լով հնա­­րաւոր կը դառ­­նայ:

Էր­­տո­­­ղան ըսաւ «Տա­­րածաշրջա­­նը ա՛լ նոր պա­­տերազմ մը չի կրնար տա­­նիլ»: Այս մա­­սին ի՞նչ կը մտա­­ծէք:

Ճիշդ է: Այս հո­­ղերը յոգ­­նած են: Բայց այս յոգ­­նութեան պատ­­ճա­­­ռը ո՞վ է: Առանց տա­­րածքներ գրա­­ւելու՝ քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը լքե­­լու, մա­­հափոր­­ձե­­­րը շա­­րու­­նա­­­կելու միայն, տու­­ժո­­­ղին «լուռ կե­­ցիր» ըսե­­լը լու­­ծում չէ: Խա­­ղաղու­­թիւնը միայն ար­­դա­­­րու­­թեամբ հնա­­րաւոր է:

Ին­­չո՞ւ Իս­­լա­­­մական աշ­­խարհին մէջ միու­­թիւն չի գո­­յանար:

Որով­­հե­­­տեւ բազ­­մա­­­թիւ Իս­­լա­­­մական եր­­կիրներ իրենց կամ­­քով որո­­շում կա­­յաց­­նե­­­լու կա­­րող չեն։ Որ­­դեգրած են ԱՄՆ-ի, Անգլիոյ կամ Իս­­րա­­­յէլի հետ կա­­պուած անվտան­­գութեան եւ տնտե­­սական քա­­ղաքա­­կանու­­թիւններ: Իս­­լա­­­մական աշ­­խարհի միաւո­­րու­­մը երա­­զանք մը չէ։ Այդ միաւո­­րու­­մը հա­­զիւ ժո­­ղովուրդնե­­րու ճնշու­­մով, յա­­տակէն եկող կամ­­քով հնա­­րաւոր է: Այդ օրը պի­­տի գայ: Բայց վե­­րէն չէ, ներ­­քե­­­ւէն:

Իբ­­րեւ վեր­­ջին խօսք ի՞նչ կը յա­­ւելէք:

Այս պա­­տերազ­­մը միայն ռազ­­մա­­­կան բա­­խում չէր. ինքնու­­թեան պա­­տերազմ էր: Իրա­­նի ժո­­ղովուրդը գի­­տէ թէ ո՛վ է, ին­­չի՛ կը հա­­ւատայ եւ ին­­չո՛ւ հա­­մար վեր կը կե­­նայ: Մենք խա­­ղաղու­­թիւնը ալ ինքներս պի­­տի կա­­ռու­­ցենք. ար­­դա­­­րու­­թեամբ, դի­­մակա­­յու­­թեամբ, պա­տիւով:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ