Յունիսի 26-ին ՌՈԱՔՈ-յի 98-րդ լիագումար նստաշրջանը աւարտեցաւ Ն.Ս. Լեւոն ԺԴ Քահանայապետի հետ ժողովականներու հանդիպմամբ, որուն կը մասնակցէր նաեւ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւլեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու Առաջնորդ Արհ. Տ. Գէորգ Արքեպս. Նորատունկեանը:
Նորին Սրբութիւնը ջերմօրէն ողջունելով ժողովականները՝ ընդգծեց, որ ՌՈԱՔՈ-յի անդամներու նպաստը Արեւելքի քրիստոնեաներու կեանքին «աւետարանական ուրախութիւն է եւ յոյսի առաքելութիւն»: Ան ըսաւ.
«Շնորհակալութիւն ձեզ, որովհետեւ ձեր նուիրատուներու հետ միասին դուք յոյս կը սերմանէք քրիստոնեայ արեւելքը… որ աւերուած է պատերազմներէն, պարուրուած է ատելութեան վերմակով, որ օդը կը դարձնէ անշունչ եւ թունաւոր… Դուք թթուածին էք Արեւելեան Եկեղեցիի համար եւ փայլող յոյս՝ ատելութեան խաւարի մէջ»:
Պապը խնդրեց, որպէսզի շարունակեն ամէն ջանք գործադրել՝ Արեւելքի թանկարժէք եւ վիրաւոր եկեղեցիներուն օգնելու համար: Ան իր խօսքը կեդրոնացուց երեք նիւթերու շուրջ՝ հակամարտութիւններ, աւետարանական վկայութիւն եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու վերարժէւորումը Տիեզերական Եկեղեցիի կողմէ:
«Հետեւինք Քրիստոսին, ով մեզ կոչ կ՚ուղղէ դարմանելու պատմութեան վէրքերը միայն Իր փառաւոր Խաչի զօրութեամբ, որտեղէն կը ցայտէ ներման ուժը, նորէն սկսելու յոյսը, կաշառակերութեան ծովուն ազնիւ եւ թափանցիկ մնալու պարտականութիւնը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը՝ հրաւիրելով հետեւիլ Քրիստոսին, եւ ուզեց շնորհակալութիւն յայտնել եւ ողջագուրել բոլոր քրիստոնեաներուն, ովքեր գիտեն չարիքին պատասխանել բարութեամբ,- շնորհակալութիւ՛ն եղբայրներ եւ քոյրեր, ձեր տուած վկայութեան համար, յատկապէս, երբ կը մնաք ձեր երկրներուն՝ որպէս Քրիստոսի աշակերտներ եւ վկաներ»:
Պապը խօսեցաւ նաեւ Արեւելքի քրիստոնեաներու ապրած բռնութիւններու եւ խոշտանգումներու մասին, արեւելեան ծիսակատարութիւններու գեղեցկութեան մասին, որոնք «հարուստ են խորհրդաւորութեամբ եւ անդադար ներման խնդրանք կ՚աղերսեն մարդկութեան համար»:
Լեւոն ԺԴ Պապը համոզուած է, որ Արեւմտեան աշխարհը պէտք է աւելի լաւ ճանչնայ իրենց արեւելեան եղբայրներուն եւ քոյրերուն, անոնց հոգեւոր ժառանգութիւնը, որպէսզի կարողանայ աւելի շատ սիրել, որովհետեւ «քրիստոնեայ Արեւելքը կրնայ պաշտպանուած ըլլալ միայն այն ժամանակ, երբ սիրուած է, երբ ճանչցուած է»:
Քահանայապետը իր ուղերձը աւարտեց հաւատքի միասնական աճը վստահելով Սուրբ Կոյս Մարիամին եւ Սուրբ Պետրոս ու Պօղոս առաքյալներու բարեխօսութեան՝ իր օրհնութիւնը բերելով ներկաներուն եւ անոնք քաջալերելով շարունակել բարեգործական աշխատանքները՝ ի բարօրութիւն Արեւելքի ժողովուրդներու: