Նախագահ Էրտողանի գլխաւորած կառավարութիւնը, շահագործելով դատական համակարգը, կը շարունակէ հալածել ընդդիմադիր կուսակցութեան նուաճած քաղաքապետութիւնները։ Աւելի քան երեք ամիսներ է, որ անհիմն մեղադրանքներով, արհեստական զրպարտութիւններով կալանաւորուած է Իսթանպուլի քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլու։ Իր հետ նաեւ կալանաւորուած են շրջանային քաղաքապետներ եւ քաղաքապետարանի բարձրաստիճան պաշտօնէութեան բազմահարիւր անդամներ։
Հարցաքննութիւններու վերջին օղակը կազմեց Իզմիր քաղաքը։ Այստեղ ալ նախկին քաղաքապետ Թունչ Սոյէրի հետ միասին բերման ենթարկուեցան 130 պաշտօնեաներ։ Անոնց մէջ է նաեւ Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութեան Իզմիրի նահանգապետը։ Դատախազութիւնը բերման ենթարկելու որոշում կայացուցած էր ընդամէնը 157 անձերու համար։ Անոնց մէկ մասը արտերկիր գտնուելով չեն կալանաւորուած։
Այս բոլորին դէմ Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութիւնը 1 Յուլիս երեքշաբթի երեկոյ, մեծ հանրահաւաք մը կազմակերպեց Սարաչհանէ, քաղաքապետարանի շէնքի առջեւ։ Կուսակցութեան պետ Էօզկիւր Էօզէլ ընդգծեց օրինազանցութեան հարիւրերորդ օրը եւ յիշեցուց որ կանգ պիտի չառնէ արդարութիւնը պաշտպանելու իր պայքարին մէջ։
Ինչպէս նախորդ հանրահաւաքներուն, այս անգամ ալ զանգուածի ցրուած պահուն ոստիկանութիւնը մեծ բռնութեամբ բերման ենթարկեց բազմաթիւ ցուցարարներ, որոնք ազատ արձակուեցան յաջորդ օր։
Կառավարութեան ընդդիմադիրներու դէմ պայքարը բազմաշերտ է։ Արդարեւ 30 Յունիսին ալ կայացած էր ժողովրդահանրապետականներու վերջին համագումարը չեղեալ համարելու հիման վրայ շարունակուող դատավարութիւնը։ Այդ համագումարին տեղի ունեցած էր նաեւ կուսակցութեան պետի փոխարինում։ Նախկին կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչթարօղլու իր պաշտօնը զիջած էր ներկայ կուսակցապետ Էօզկիւր Էօզէլին։
Այս պաշտօնափոխութիւնը իր հետ բերած էր նաեւ նոր ռազմավարութիւն։ Արդարեւ Քըլըչթարօղլուի որդեգրած մեղմ ընդդիմութեան փոխարէն Էօզէլ չէր խուսափած ժողովուրդի դժգոհութիւնը հանրահաւաքներու միջոցաւ տեսանելի դարձնելէ։ Երկար տարիներ ետք ընդդիմադիրները փոխանակ իշխանութեան առաջադրութիւններու դիմաց պաշտպանութեան դիրք բռնելու, ինք սկսած էր օրակարգ ձեւաւորել։
Այժմ դատախազը կը պահանջէ համագումարը իր արդիւնքներով միասին չեղեալ համարել։ Նման որոշում մը շատ աւելի լուրջ ալեկոծում պիտի ստեղծէ Թուրքիոյ քաղաքական դաշտի վրայ։
Դատական նիստը աւարտեցաւ, խնդիրը 8 Սեպտեմբերին կրկին քննարկելու որոշումով։