Լեման երգիծական պարբերականի վրայ տեղադրուած գծագրութիւնը բորբոքեց ճիհատականները։ Նկարի վրայ Մուհամմէտ ու Մովսէս միասնաբար կը ցաւին Կազզայի մէջ պատահածներուն։ Այսքանը բաւարար եղաւ, որպէսզի հալածանքի ալիք մը գոյանայ պարբերականի դէմ։ Նախ սոցցանցերու գրառումները թիրախաւորեցին պարբերականի աշխատակազմը։ Անոնք կը պնդէին թէ այս նկարի միջոցաւ ծաղրանքի ենթարկուած է իսլամներու Մոհամմէտ մարգարէն։
Իսթանպուլի դատախազութիւնը հարցաքննութիւն սկսաւ, որու հետեւանքով բերման ենթարկուեցան գծագրութեան հեղինակը, խմբագիրը, հրատարակութեան տնօրէնը եւ հաշուապահը։
Նոյն օր երեկոյեան ժամերուն Ներքին Գործոց Նախարար Ալի Եէրլիքայա յայտարարեց աշխատակազմի բերման ենթարկուելու լուրը, հաղորդելով նաեւ այս գործողութեան վերաբերեալ տեսանիւթեր։
«Երգիծաթերթի մը կողմէ Մարգարէ Եֆենտիին ծաղրանկարը հրապարակելու կապակցութեամբ Պոլսոյ Դատախազութեան կողմէ Թուրք Պատժական Օրէնքի 216-րդ յօդուածի համաձայն «կրօնական արժէքները հրապարակային կերպով նսեմացնել» մեղադրանքով իրաւական քննութիւն սկսուած է։
Գծագրութեան թիրախ դառնալէն ետք խումբ մը արմատական կրօնամոլներ իսկոյն մէկտեղուած են պարբերականի խմբագրատան առջեւ։ Երբ խուժանը շէնքը հրկիզելու կոչեր կ՚արձակէր, ոստիկանութիւնը կը գոհանար քաղաքավար կերպով ամբոխը զսպելու ջանալով։
Լեման պարբերականի խմբագրութիւնը սոցցանցերու միջոցաւ հրապարակեց հետեւեալ լուսաբանութիւնը.
«Այս նիւթի մասին հրապարակումներ ընողներուն զգուշացում. Այս նկարը Մուհամմէտ մարգարէի ծաղրանկար մը չէ։ Իսլամական աշխարհին մէջ 200 միլիոնէ աւելի մարդու անունը Մուհամմէտ է։ Այստեղ ակնարկուածը ոչ մէկ կապ ունի Մուհամմէտ մարգարէի հետ։
Գծագրութեան հեղինակը Իսրայէլի կողմէ սպաննուած մուսլումանի մը կերպարով փորձած է պատերազմի վայրագութիւնը նկարագրել։ Մեզի վերագրուած յանցանքը բոլորովին կը մերժենք, որովհետեւ Մարգարէ Եֆենտիին նկարագրութիւն չկայ։ Գծագրութիւնը այդպէս մեկնաբանելու համար շատ չար մտադրութիւն ունենալ պէտք է։
Լեման Ամսագրի տպագրումէն ետք բերման ենթարկուած կալանաւորները Վաթանի Անվտանգութեան Կեդրոն փոխադրուած են։ Մէկ օրով երկարացուած է նաեւ անոնց կալանքի ժամկէտը, որմէ ետք դատարանը վճռեց ձերբակալման։
Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութեան նախագահի թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլու եւս մասնակցած է «Լեման» պարբերականի դէմ մեկնարկած հալածանքի արշաւի եւ ինք ալ բուռն կերպով դատապարտած այս հրատարակութիւնը։
Բացառութիւն կազմած է միայն ու միայն Ժամանակակից Իրաւաբաններու Միութիւնը։ Անոնք հալածանքի արշաւը կը գնահատեն իբրեւ խօսքի ազատութեան դէմ բռնի միջամտութիւն։ Զօրակցութիւն կը յայտնեն պարբերականի աշխատակազմին, ըսելով որ ընդմիշտ իրենց կողքը պիտի մնան։
Արմատական իսլամիստներու շրջանակին գերզգայուն խնդիր մը դարձած է Մոհամմէտ մարգարէի վերաբերեալ իւրաքանչիւր մեկնաբանութիւն։ Անցեալին հնդիկ գրող Սալման Ռիւշտիի դէմ մահավճիռ արձակած էր Իրանի Իսլամ Հանրապետութեան կրօնապետ Իմամ Այաթուլլահ Խոմէյնին։ Յիշողութիւններու մէջ տակաւին թարմ է Փարիզ, «Շարլի Հեպտօ» պարբերականի անձնակազմին դէմ գործուած ոճրագործութիւնը։ Եւ տակաւին կարելի է յիշել Սեբաստիա, «Մատըմաք» հիւրանոցի հրկիզման դէպքը, որ խլած էր 34 անմեղ կեանքէր։