Ինչպէս երկրի զանազան գաւառներ, Հաթայ նահանգի Սուվէյտիէ գաւառն ալ ունի իր աւանդութիւնը, որ հեռաւոր դարերէ հասած է մինչեւ մեր օրերը։ Իրականութեան մէջ երկրի իւրաքանչիւր գաւառ իրաւաբանութեան յատուկ աշխատանոցի մը բնոյթ ունի։ Այս ծիրէն ներս Սուվէյտիէ ալ ունի իր յատկանշական առանձնայատկութիւնները։ Այդ յատկութիւններէն մէկն է նաեւ մայրենի լեզուն։ Նախ նշենք որ Սուվէյտիէ այս աւանի պատմական անունն է։ Ան այժմ պաշտօնապէս կը կոչուի Սամանտաղ։
Հանրապետութեան շրջանին տեղանունները թրքերէնի վերածելու արշաւի տարիներուն պատահաբար ան ալ վերածուած է Սամանտաղի։ Շատ հաւանական է, որ այս անուանումը պարզ խեղաթիւրում է Սուրբ Սիմոնի անունով յիշուող լերան։ Արդարեւ երբեմնի «Սիմոն Տաղըն» այժմ վերածուած է իմաստազուրկ կերպով Սաման Տաղի։
Միջերկրականի մշակոյթի եւ զօրակցութեան միութեան ջանքերով վերջին 25 տարիներուն վերակենդանացուած է տեղւոյն ալեւի ժողովուրդի համար աւանդական նշանակութիւն մը ունեցող նախայուլիսեան փառատօնը։
Եթէ գաւառը յայտնի է իր ընդդիմադիր բնութիւնով, բնականաբար փառատօնի միջոցառումներն ալ պիտի ունենան նման բնոյթ։
Արդարեւ փառատօնի օրերուն նախատեսուած է մշակութային զանազան միջոցառումներ, ասուլիսներու, բանախօսութիւններու, աշխատանոցներու՝ ներկայացումներու եւ համերգներու ձեւաչափով։
Վերջին տարիներուն գաւառի հայաբնակ Վաքըֆ գիւղն ալ ներառուած է այդ միջոցառումներուն։ Արդարեւ այս տարի ալ 8 Յուլիսին կայացաւ հետաքրքրական համերգ մը, որուն առանցքը կը կազմէր Կոմիտաս վարդապետի ստեղծագործութիւնները։ Իսկ 11 Յուլիսին գիւղի մէջ պիտի կայանայ մայրենի լեզուի դիմագրաւած դժուարութիւնները նիւթ առնող ասուլիս մը։
Պարտինք նշել որ հայաբնակ Վաքըֆ գիւղը կը փորձէ յարատեւ պահել հայերէնի յատուկ բարբառ մը, որ թէեւ կը շարունակուի գործածուիլ աշխարհի տարբեր անկիւններուն, բայց հետզհետէ մոռացութեան ենթակայ է իր բնօրրանին մէջ։
Քաղաքի մէջ կայանալիք ասուլիսներու մէկ մասը ուղղուած են երկրաշարժի աղէտէն ետք տարածաշրջանի դիմագիծը փոխել միտող զանազան նախաձեռնութիւններու։ Մասնագէտներ կարծիքներ պիտի փոխանակեն աղէտը շահագործելով տարածաշրջանի դիմագիծը փոխելու փորձերուն դիմադրելու համար։
Քաղաքի համերգներու շարքէն ալ կը հանդիպինք հանրածանօթ ընդդիմադիր անուններու, ինչպիսիք են ռաք երաժշտութեան Մողոլլար խումբը, Տերսիմի ժողովրդական երաժշտութիւնով ծանօթ Մեթին, Քեմալ Քահրաման եղբայրները եւ շատ ուրիշներ։
Ցեղասպանութեան խնդիրը յատուկ ուշադրութեան արժանացած նիւթ մըն է, որ պիտի քննարկուի 12 Յուլիսին շուրջօրեայ գիտաժողովի մը ձեւաչափով։ Այստեղ եւս մասնակիցներու մէջ կը նկատենք բազմաթիւ հանրածանօթ դէմքեր։
Յաջորդող շաբաթներուն պիտի շարունակենք արձագանգել Սուվէյտիէի նախայուլիսեան փառատօնի միջոցառումներուն։