Պոլսահայոց իր պատրիարքարանէն ակնկալածը, եկեղեցաւայել նուազագոյն պատշաճութեան ցուցաբերուիլն էր։ Այդքանը իսկ զլանալը ցաւ պատճառեց եւ հիասթափութեան տեղի տուաւ։ Ապա թէ ոչ, ոչ ոք ըսած էր «Փաշինեան անպայման պէտք է այցելէ Պատրիարքարան»։
Պարտինք նշել նաեւ «Արդէն յարգելի Փաշինեան Պոլսահայերէն աւելի ուշիմ է եւ կը հասկնայ եղելութիւնը» արտայայտութիւնը։ Չենք գիտեր, թերեւս ալ այս նիւթը մեծ նշանակութիւն չունի վարչապետ Փաշինեանի համար։ Բայց մենք (ինքզինք ձեւով մը տանուտէր համարող) Պոլսահայոց մեծամասնութիւնը որպէս, չենք իւրացուցած Պատրիարքարանի այս վարքը։
Նշում մը եւս, Սահակ Սրբազան,ձեզ ընտրողներն ալ պոլսահայերն էին։ Ինը հազար ձայներով։ Միթէ այդ ժամանակ ուշիմ էին, իսկ հիմա՞յ մոլորեցան։