Երեւանի մէջ պիտի բացուի Շառլ Ազնաւուրի արձանը

Երեւա­նի Քա­­ղաքա­­պետա­­րանը 18 Յու­­լի­­­սին պի­­տի բա­­նայ ֆրան­­սա­­­հայ անուանի եր­­գիչ Շառլ Ազ­­նա­­­ւու­­րի ար­­ձա­­­նը։ 2024-ի Փետ­­րո­­­ւարին Շառլ Ազ­­նա­­­ւու­­րի 100-ամեակի յի­­շատակ­­ման հա­­մար նա­­խատե­­սուած ար­­ձա­­­նի նա­­խագի­­ծին 60 տար­­բեր քան­­դա­­­կագործներ 100-էն աւե­­լի ար­­ձա­­­նի նա­­խագիծ­­ներ ներ­­կա­­­յացու­­ցին Երե­­ւանի Քա­­ղաքա­­պետա­­րանին եւ Ազ­­նա­­­ւուր Միու­­թեանը։

Անոնց մէ­­ջէն քան­­դա­­­կագործ Դա­­ւիթ Մի­­նասեանի քան­­դա­­­կը առա­­ջին տե­­ղը գրա­­ւեց։ Երե­­ւանի քա­­ղաքա­­պետի տե­­ղակալ Լե­­ւոն Յով­­հաննի­­սեանը քա­­ղաքա­­պետա­­րանի նիս­­տի ժա­­մանակ յայտնեց, որ ար­­ձա­­­նը կը ձու­­լո­­­ւի Կիւմրիի մէջ եւ այս շա­­բաթո­­ւայ ըն­­թացքին պի­­տի աւար­­տի։

Լե­­ւոն Յով­­հաննի­­սեան ըսաւ. «16 Յու­­լի­­­սին ար­­ձա­­­նը պի­­տի տե­­ղադ­­րենք Երե­­ւանի Շառլ Ազ­­նա­­­ւուր հրա­­պարա­­կը եւ եր­­կու օր ետք պի­­տի կա­­յանայ պաշ­­տօ­­­նական բա­­ցու­­մը»։ Բաց­­ման արա­­րողու­­թեան կը սպա­­սուի նաեւ Ֆրան­­սա­­­յի պաշ­­տօ­­­նական պա­­տուի­­րակու­­թեան մաս­­նակցու­­թիւնը։

Մա­­յիս ամ­­սուն Շառլ Ազ­­նա­­­ւու­­րի 100-ամեակի առ­­թիւ Փա­­րիզի Քա­­ղաքա­­պետա­­րանը քա­­ղաքի ամե­­նաաշ­­խոյժ տա­­րած­­քին գտնո­­ւող այ­­գի մը կո­­չեց Շառլ Ազ­­նա­­­ւու­­րի անու­­նով։ Միւս կող­­մէ Հայ­­կա­­­կան Ֆիլ­­մե­­­րու Փա­­ռատօ­­նը 3 Սեպ­­տեմբե­­րին պի­­տի բա­­ցուի Լոս Ան­­ճե­­­լըսի մէջ «Monsieur Aznavour» ֆիլ­­մով։ Ֆրան­­սա­­­ցի ռե­­ժիսոր­­ներ Մեհ­­տի Իտիր եւ Կրանտ Գորփս Մա­­լատիի հա­­մատեղ բե­­մադ­­րութեամբ «Monsieur Aznavour» ֆիլ­­մին մէջ Շառլ Ազ­­նա­­­ւու­­րի կեր­­պա­­­րը կը մար­­մանւո­­րէ Թա­­հար Ռա­հիմ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ