«Մնացէ՛ք այն, ինչ կաք»

Զրոյց Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէներու Ամենայն Հայոց Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Ծայրագոյն Պատրիարքի հետ՝ ինքնութեան պահպանման, Արեւելեան Եկեղեցիներու դերի եւ ժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրներու մասին։ Զրոյցը վարեց Արմէն Արտվիխը՝ Նորին Սրբութեան Լեհաստանեան այցի ընթացքին։

2025 թ. Մա­յիս 12-14-ին Հռո­մը դար­ձաւ Արե­ւելեան Եկե­ղեցի­ներու յո­բելեանի տօ­նակա­տարու­թեան վկան՝ հո­գեւոր խոր նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցող իրա­դար­ձութիւն։ Ի՞նչ կա­րեւոր ու­ղերձ բե­րաւ այս հան­դի­պու­մը Հայ Կա­թողի­կէ Եկե­ղեց­ւոյ հա­մար։

Յո­բելեանը մեզ՝ հայ կա­թողի­կէնե­րուս, բա­ցառիկ հնա­րաւո­րու­թիւն տո­ւաւ վե­րահաս­տա­տելու մեր խոր կա­պը հա­մընդհա­նուր եկե­ղեց­ւոյ հետ։ Որ­պէս Արե­ւելեան կա­թողի­կէ եկե­ղեցի­ներէն մէ­կը՝ մենք այս մեծ ըն­տա­նիքի ան­բա­ժանե­լի մասն ենք՝ միաժա­մանակ պահ­պա­նելով մեր առանձնա­յատուկ ծի­սական, աս­տո­ւածա­բանա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ինքնու­թիւնը։ Մեր լիակա­տար մաս­նակցու­թիւնը՝ թէ՛ ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու, եւ թէ՛ հա­մայնքի մի­ջոցով, աղօթքնե­րուն, ծի­սական տօ­ներուն եւ երկխօ­սու­թեան գոր­ծընթա­ցին, եղաւ միաս­նութեան վկա­յու­թիւն՝ բազ­մա­զանու­թեան մէջ։ Յո­բելեանը մեզ յի­շեցուց, որ Արե­ւելեան քրիս­տո­նէական աւան­դոյթնե­րը միայն ժա­ռան­գութիւն չեն, այլ՝ կեն­դա­նի պար­գեւներ են ժա­մանա­կակից եկե­ղեց­ւոյ հա­մար, որոնք կ՚օգ­նեն փո­խադար­ձա­բար հարստա­նալու։

Յո­բելեանի շրջա­նակին՝ Մա­յիսի 14-ին, Արե­ւելեան եկե­ղեցի­ներու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը ըն­դունե­լու­թեան ար­ժա­նացան Սրբա­զան Պապ Լե­ւոն ԺԴ-ի մօտ։ Ո՞ր պա­հերն էին, որ առա­ւել յու­զե­ցին Ձերդ Սրբու­թիւնը։

Սրբա­զան Պապ Լե­ւոն ԺԴ-ի խօս­քե­րը լի էին սի­րով, բաց ոգիով եւ խոր յար­գանքով՝ Արե­ւելեան եկե­ղեցի­ներու հան­դէպ։ Իմ սրտին յատ­կա­պէս ար­ձա­գանգ գտան անոր յոր­դո­րը՝ դէ­պի երկխօ­սու­թիւն եւ հա­մագոր­ծակցու­թիւն, ինչպէս նաեւ ընդգծու­մը այն կա­րեւոր դե­րի, որ մենք ու­նինք հա­մաշ­խարհա­յին եկե­ղեցիի մէջ։ Ան վստա­հու­թեամբ ըսաւ, որ Արե­ւելեան եկե­ղեցի­ները ոչ միայն կը լսեն, այ­լեւ կը գնա­հատեն իրենց հո­գեւոր խո­րու­թեան եւ պատ­մա­կան փոր­ձա­ռու­թեան հա­մար։ Անոր խօս­քե­րը՝ «Եկե­ղեցին ձեր կա­րիքը ու­նի։ Ի՜նչ մեծ ներդրում կա­րող է այ­սօր ու­նե­նալ քրիս­տո­նէական Արե­ւել­քը», դար­ձան ինձ հա­մար յոյ­սի ու ոգեշնչման աղ­բիւր՝ աւե­լի խոր ներգրա­ւուա­ծու­թիւն ու­նե­նալու հա­մար։ Սա ակ­տիվ մաս­նակցու­թեան յստակ կոչ էր՝ խոր հա­ւատ­քով, որ մեր աւան­դոյթն ու վկա­յու­թիւնը ան­փո­խարի­նելի գան­ձեր են։ Պապ Լե­ւոն ԺԴ-ը ընդգծեց քրիս­տո­նէական Արե­ւել­քի հսկա­յական նե­րու­ժը։

Ձեր կար­ծի­քով՝ ինչպէ՞ս կա­րող են Լե­հաս­տան գոր­ծող փոք­րա­թիւ հայ կա­թողի­կէ հա­մայնքնե­րը ազ­դել եկե­ղեց­ւոյ կեան­քի վրայ՝ Լե­հաս­տա­նէ ներս եւ ամ­բողջ աշ­խարհին։

Թէ­պէտ Լե­հաս­տա­նի հայ կա­թողի­կէ հա­մայնքնե­րը թի­ւով փոքր են, ձեր ու­ժը ձեր հա­ւատ­քի ու ինքնու­թեան ան­կեղծ վկա­յու­թեան մէջ է։ Ամե­նամեծ պար­գե­ւը, որ կա­րող ենք տալ աշ­խարհին, մեր հա­ւատ­քի վկա­յու­թիւնն է՝ հա­ւատար­մութիւ­նը Աւե­տարա­նին, կեան­քը՝ Քրիս­տո­սի պա­տուի­րան­նե­րով, եւ մեր հա­րուստ հայ­կա­կան աւան­դոյթի պահ­պա­նու­մը։ Լե­հաս­տա­նը, որ խո­րապէս կա­թոլիկ եր­կիր է, մենք կրնանք ներ­կա­յաց­նել քրիս­տո­նէական Արե­ւել­քի առանձնա­յատուկ տես­լա­կանը, որ­տեղ կը միաւո­րուին միս­տի­ցիզ­մը, հո­գեւոր խո­րու­թիւնը եւ աւան­դոյթի նկատ­մամբ յար­գանքը՝ բաց երկխօ­սու­թեան ոգիով։ Մեր ծի­սակար­գի, մշա­կոյ­թի եւ պատ­մութեան մի­ջոցով կրնանք ոգեշնչել միւսնե­րը՝ բա­ցայայ­տե­լու, թէ որ­քան գե­ղեցիկ է միաս­նութեան մէջ բազ­մա­զանու­թիւնը՝ հա­մաշ­խարհա­յին եկե­ղեց­ւոյ շրջա­նակին։ Իր ելոյ­թի ըն­թացքին Սրբա­զան Պապ Լե­ւոն ԺԴ-ը դի­մեց Արե­ւելեան եկե­ղեցի­ներու հար­ցե­րով Դի­կաս­տե­րիային՝ խնդրե­լով աջակ­ցիլ այնպի­սի սկզբունքնե­րու, կա­նոն­նե­րու եւ ու­ղե­ցոյցնե­րու մշակ­ման, որոնք կ՚օգ­նեն լա­տին ծէ­սի հո­վիւ­նե­րուն ար­դիւնա­ւէտօ­րէն աջակ­ցե­լու սփիւռքը ապ­րող արե­ւելեան կա­թոլիկ­նե­րուն։ Նպա­տակը այն է, որ անոնք կա­րողա­նան պահ­պա­նել իրենց կեն­դա­նի աւան­դոյթնե­րը եւ իրենց իւ­րա­յատ­կութեամբ հարստաց­նեն այն հա­սարա­կական եւ հո­գեւոր մի­ջավայ­րը, որ­տեղ ուր կ՚ապ­րին։

Ըստ Ձերդ Սրբու­թեան՝ ինչպէ՞ս կրնան լա­տին ծէ­սի եպիս­կո­պոս­նե­րը եւ քա­հանա­ները գործնա­կանօ­րէն իրա­կանաց­նել այս աջակ­ցութիւ­նը։

Ամե­նակա­րեւոր քայ­լը փո­խըմբռնման եւ ըն­դունման վրայ հիմ­նո­ւած յա­րաբե­րու­թիւններ ստեղ­ծելն է։ Յա­ճախ մար­դիկ քիչ տե­ղեկու­թիւն ու­նին Արե­ւելեան եկե­ղեցի­ներու մա­սին։ Բայց ես կը հա­ւատամ, որ այս խո­չըն­դոտնե­րը հնա­րաւոր է յաղ­թա­հարել։ Գործնա­կան աջակ­ցութիւ­նը կրնայ ըլ­լալ, օրի­նակ՝ հա­մատեղ ծի­սական արա­րողու­թիւննե­րու անցկա­ցում, սե­մինա­րիանե­րու եւ ծու­խե­րու արե­ւելեան աւան­դոյթնե­րու մա­սին կրթու­թիւն, կամ տա­րածքնե­րու տրա­մադ­րում, ուր արե­ւելեան կա­թոլիկ­նե­րը կրնան ազա­տօրէն իրենց ծէ­սով ապ­րիլ սե­փական հա­ւատ­քը։ Այսպի­սի հա­մագոր­ծակցու­թիւնը ոչ միայն կ՚ու­ժե­ղաց­նէ եկե­ղեց­ւոյ միաս­նութիւ­նը, այ­լեւ կը հարստաց­նէ անոր հո­գեւոր կեան­քը։

Սրբա­զան Պապ Ֆրան­ցիսկո­սը, այ­նուհե­տեւ Լե­ւոն ԺԴ-ը, Արե­ւելեան եկե­ղեցի­ները անո­ւանե­ցին «մար­տի­րոսա­կան»։ Ինչպի­սի՞ն է այ­սօր հայ կա­թողի­կէնե­րու վի­ճակը Լի­բանան եւ Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի այլ տա­րածաշրջան­նե­րուն, ուր Դուք կ՚այ­ցե­լէք։

Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի իրա­վիճա­կը կը շա­րու­նա­կէ մնալ ծայ­րա­յեղ ծանր։ Լի­բանա­նի, Սու­րիոյ եւ տա­րածաշրջա­նի այլ երկրնե­րու հայ կա­թողի­կէ հա­մայնքնե­րը կ՚ապ­րին մշտա­կան անո­րոշու­թեան եւ անվտան­գութեան բա­ցակա­յու­թեան պայ­մաննե­րուն։ Այս դժո­ւարու­թիւննե­րու առ­կա­յու­թեան կա­րեւոր է նիւ­թա­կան եւ մար­դա­սիրա­կան աջակ­ցութիւ­նը՝ բա­րերար մարդկանց կող­մէ։ Սա­կայն ոչ պա­կաս կա­րեւոր է հո­գեւոր աջակ­ցութիւ­նը՝ աղօթ­քը, որ ուժ կու տայ դի­մանա­լու եւ յոյս՝ դէ­պի լաւ ապա­գայ։

Ձերդ Սրբու­թիւնը մաս­նակցած է Վրոց­լա­ւի մէջ կա­յացած Մշտա­կան Սրբա­զան Հա­ղոր­դութեան երկրպա­գու­թեան եր­րորդ հա­մագու­մա­րին։ Ինչպի­սի՞ ու­ղերձ կը ցան­կա­նայիք փո­խան­ցել մի­ջոցառ­ման մաս­նա­կից­նե­րուն։

Իմ փա­փաքն էր ընդգծել, որ Մշտա­կան Սուրբ Հա­ղոր­դութեան երկրպա­գու­թիւնը մար­դու եւ Աս­տուծոյ խոր միաւոր­ման պահ է։ Ես յի­շեցի Սուրբ Կոյս Մա­րիամը, Ով Իր սրբա­զան որո­վայ­նին կրեց Յի­սուս Քրիս­տո­սին՝ որ­պէս մար­դիկ եւ աս­տո­ւածա­յինի ան­մի­ջական կա­պի խորհրդա­նիշ։ Նմա­նապէս, Սուրբ Հա­ղոր­դութեան պա­հուն Քրիս­տոս իրա­կան ներ­կա­յու­թիւն կը դառ­նայ մեր մէջ, եւ մենք՝ Զայն ըն­դունե­լով, կը միանանք Անոր հո­գեւոր միու­թեամբ։ Եկե­ղեցա­կան երկրպա­գու­թիւնը միայն խորհրդա­ծու­թեան պահ չէ, այլ հրա­ւէր՝ ապ­րե­լու Քրիս­տո­սով եւ Քրիս­տո­սի հետ, Անոր մշտա­կան ներ­կա­յու­թեամբ, որ կը վե­րափո­խէ թէ՛ մեր հո­գին, եւ թէ՛ հա­մայնքա­յին մեր կեան­քը։

Ձերդ Սրբու­թիւնը բազ­միցս այ­ցե­լած է Լե­հաս­տան, այդ առ­թիւ նաեւ՝ տե­ղական հայ հա­մայնքներ։ Ինչպի­սի՞ ու­ղերձ կը ցան­կա­նայիք փո­խան­ցել Լե­հաս­տան ապ­րող հա­յերուն։

Իմ պատ­գա­մը պարզ է, բայց կը բխի սրտէս. «Մնա­ցէ՛ք այն, ինչ կաք»։ Ես կոչ կ՚ընեմ լե­հահայ հա­մայնքին՝ մնալ ամուր հա­ւատ­քի մէջ, պահ­պա­նել միաս­նութիւ­նը ու իրենց ինքնու­թիւնը։ Ձեր պատ­մութիւ­նը, մշա­կոյ­թը եւ ծի­սական ժա­ռան­գութիւ­նը գան­ձեր են, որոնք ոչ միայն կը զօ­րաց­նեն ձեզ, այ­լեւ կը հարստաց­նեն Լե­հաս­տան գոր­ծող եկե­ղեցին։ Այս փո­փոխո­ւող աշ­խարհի վրայ ձեր հա­ւատար­մութիւ­նը աւան­դութեան հան­դէպ եւ ներգրա­ւուա­ծու­թիւնը հա­մայնքի կեան­քին, քրիս­տո­նէական հոգ­ւոյ զօ­րու­թեան կեն­դա­նի վկա­յու­թիւնն են։

(ԱՒԵՏԻՍ)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ