Պատրիարք Հայրը, 8 Յուլիս 2025, Երեքշաբթի, ընդունեց ճարտարապետ Վազգէն Պարընի այցելութիւնը։ Յարգելի հիւրը յայտնեց, որ երջանկայիշատակ Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի շիրիմի ծրագիրը պատրաստած եւ այցելութեան եկած է Նորին Ամենապատուութեան ուշադրութեան յանձնել այդ յատակագիծը եւ իր ցուցմունքները ստանալ։ Պատրիարք Հայրը անգամ մը եւս իր ուրախութիւնը յայտնեց Աթոռոյս բարձրաստիճան հոգեւորականին՝ երջանկայիշատակ Գարեգին Արքեպիսկոպոսի հանդէպ ցուցաբերուած յարգանքի արտայայտութեան համար եւ տեսաւ որ արդէն վերջնական փուլին հասած է ծրագրաւորման աշխատանքը։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ու գնահատեց ճարտարապետ Պարընը եւ յաջողութիւն մաղթեց իր աշխատանքներուն մէջ։
Շիրիմի շինութիւնը կը ծրագրուի աւարտել մինչեւ հոգելոյս Սրբազան Հօր տարելիցը՝ 21 Նոյեմբերին։