Հայաստան չի զիջիր տարածքային ամբողջականութենէն

«Հայաս­տան չի հրա­­ժարիր ճա­­նապարհնե­­րու ապաշրջա­­փակ­­ման սկզբունքէն։ Սա մեր օրա­­կարգն է, եւ մենք առա­­ջար­­կած ենք աշ­­խարհին» ըսաւ վար­­չա­­­պետ Նի­­կոլ Փա­­շինեան Յու­­լի­­­սի 16-ի ասու­­լի­­­սին՝ խօ­­սելով ճա­­նապարհնե­­րու ապաշրջա­­փակ­­ման ամե­­րիկեան առա­­ջար­­կի մա­­սին։

Ան հաս­­տա­­­տեց, որ Հա­­յաս­­տա­­­նը տար­­բեր առա­­ջարկներ ստա­­ցած է եւ կը ստա­­նայ։ Իրենք կը քննար­­կեն այդ առա­­ջարկնե­­րը Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան տա­­րած­­քա­­­յին ամ­­բողջա­­կանու­­թեան, ինքնիշ­­խա­­­նու­­թեան, իրա­­ւազօ­­րու­­թեան հիմ­­քի վրայ։

Օրեր առաջ Թուրքիոյ ԱՄՆ դես­­պան Թով­­մաս Պար­­րաք խօ­­սելով տա­­րածաշրջա­­նային փո­­խադ­­րութեան են­­թա­­­կառու­­ցո­­­ւածքնե­­րու ապաշրջա­­փակ­­ման մա­­սին, ըսած էր թէ ԱՄՆ կրնայ վար­­ձա­­­կալել Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան ինքնիշ­­խան տա­­րած­­քի որոշ մէկ հա­­տուա­­ծը, ուրկէ պէտք է անցնի «Զան­­գե­­­զու­­րի մի­­ջանցքը»։

Այդ ան­­հե­­­թեթ առա­­ջար­­կի պա­­տաս­­խա­­­նը եկած էր վար­­չա­­­պետի մա­­մու­­լի խօս­­նակ Նա­­զելի Պաղ­­տա­­­սարեանի կող­­մէ։ Պաղ­­տա­­­սարեան նշած էր որ Հա­­յաս­­տան տա­­րածաշրջա­­նային են­­թա­­­կառու­­ցո­­­ւածքնե­­րու ապաշրջա­­փակ­­ման հար­­ցը կը քննար­­կէ բա­­ցառա­­պէս ՀՀ ինքնիշ­­խա­­­նու­­թեան, տա­­րած­­քա­­­յին ամ­­բողջա­­կանու­­թեան եւ իրա­­ւազօ­­րու­­թեան սահ­­մա­­­նու­­մին մէջ։ «Հա­­յաս­­տան չէ քննար­­կած եւ չի քննար­­կեր որե­­ւէ եր­­րորդ կող­­մի սե­­փական ինքնիշ­­խան տա­­րած­­քի նկատ­­մամբ վե­­րահսկո­­ղու­­թիւնը ար­­տա­­­պատո­­ւիրա­­կելը»։

Յայտնի է որ ատրպէյ­­ճա­­­նաթրքա­­կան յա­­մառ պա­­հան­­ջի կրկնօ­­րինա­­կը այդ ան­­գամ ալ կու գայ Ամե­­րիկա-Իս­­րա­­­յէլեան դա­­շին­­քի կող­­մէ։

Հա­­յաս­­տան պար­­տա­­­ւոր է դի­­մադ­­րե­­­լու իր տա­­րած­­քա­­­յին ամ­­բողջա­­կանու­­թեան ուղղո­­ւած բո­­լոր սպառ­­նա­­­լիք­­ներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ