13 Յուլիսին, Երեւանի Կինոյի տան մէջ բացումը կատարուած է «Ոսկէ ծիրան» 22-րդ միջազգային փառատօնին։ Փառատօնի բացումը կայացած է իրանական շարժանկարի խորհրդանշական դէմքերէն՝ Գաննի 78-րդ փառատօնի «Ոսկէ Արմաւենի»-ի դափնեկիր Ճաֆար Փանահիի «Պարզ պատահար մը» ֆիլմին ցուցադրութեամբ։
Բացման արարողութեան ներկայ եղած են Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան, փառատօնի համահիմնադիր եւ նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան, փառատօնի պատուոյ հիւր Ճաֆար Փանահի, մրցոյթի դատակազմի նախագահ Ամիր Նատերի, հիւրեր, շարժարուեստի գործիչներ։ Նշենք, թէ փառատօնին փակումը կը կատարուի Յարութիւն Խաչատրեանի «Վերջին կայարանը» ֆիլմին ցուցադրութեամբ։
«Ոսկէ ծիրան»-ը կը շարունակուի մինչեւ 20 Յուլիս։