11Յուլիսը թէ՛ Թուրքիոյ հանրապետութեան եւ թէ քիւրտ ժողովուրդի պատմութեան մէջ պիտի նշուի իբրեւ ամենաերկարատեւ զինեալ ապստամբութեան աւարտը ըլլալով։
Այդ օր Քուրտիստանի Սուլէյմանիյէ քաղաքին մէջ ՓՔՔ-ի հայդուկներ իրենց զէնքերը վար դրին եւ խորհրդանշական կերպով այրեցին հսկայ կաթսայի մը մէջ։ Ամենաերկարատեւ զինեալ ապստամբութիւն կոչումը տասնամեակներ շարունակ Թուրքիոյ պետութեան կողմէ ընկալուեցաւ իբրեւ անջատողական բնոյթով ահաբեկչութիւն։ Ճիշդ է որ այդ երկարատեւ պայքարի ընթացքին մերթընդմերթ կատարուեցան կարգ մը գործողութիւններ, որոնք ահաբեկչական բնոյթ ունէին։ Անցնող ժամանակի ընթացքին բազմաթիւ քաղաքացիներ զոհուեցան այդ ահաբեկչական բնոյթով արարքներու հետեւանքով։ Անոնց մէջ կան անմեղ ուսուցիչներ, ճարտարագէտներ, բանուորներ, նոյնիսկ զինուորական վարժարաններու ուսանողներ։ Բայց երբ դիտենք ապստամբութեան ընդհանուր դիմագիծը, ան զինեալ ապստամբութիւն մըն էր Թուրքիոյ հանրապետութեան նախ եւ առաջ բանակին, ապա ոստիկանութեան դէմ։ Պատերազմական իրավիճակի ծագման եւ հետզհետէ ծաւալման մէջ գլխաւոր գործօնը քիւրտ ինքնութեան ուրացումն էր։ Պետական միտքը կը մերժէր քիւրտերը որպէս ազգ, որպէս ժողովուրդ ճանչնալ։ Նոյնիսկ պաշտօնական դասագիրքերու մէջ քիւրտերը կը նկարագրուէին լեռնաբնակ թուրքեր ըլլալով։ Կը մերժուէր անոնց լեզուն, երբ դատական նիստերու ընթացքին կամ Խորհրդարանի ամպիոնէն ամբաստանեալ մը կամ ընտրուած պատգամաւոր մը յանդգնէր քրտերէն խօսիլ, այդ ելոյթը տեղեկագիրներուն մէջ կը նշուէր «անծանօթ լեզու մը» ըլլալով։
Ներկայ պահուն այդ ընթացքը շատ ալ չէ փոխուած, քանի որ զինաթափին յաջորդող օրն իսկ Պոլսոյ Պայրամփաշա թաղին մէջ ոստիկանները ծեծի ենթարկեցին քիւրտ ընտանիք մը, իրենց ինքնաշարժին մէջ քրտերէն երաժշտութիւն նուագելուն համար։ Անհաւատալի գրգռութիւն մըն է այս, որուն օրինակներուն յաճախ հանդիպած ենք անցնող տասնամեակներու ընթացքին։ Քանի քանի անգամներ ոստիկաններ կամ զինուորներ միջամտած են հարսանիքի կամ ուրախութեան այլ եւ այլ միջոցառումներուն պարզապէս քրտերէն երաժշտութիւն նուագելուն համար։
Սակայն այդ միջամտութիւնները երբեք ահաբեկչութիւն չէ համարուած, քանի որ գործադրուած է պաշտօնական համազգեստ հագուած պետական ուժերու կողմէ։ Այս պահուն կարելի է ըսել թէ ժողովուրդի մը ինքնութեան եւ մշակոյթին սպառնացող պետական քաղաքականութիւնը շատ ծանր կերպով պատասխան գտաւ քիւրտ ապստամբեալներու դիմադրութեամբ։
Պարտինք նշել նաեւ թէ ՓՔՔ վերջին տարիներուն իր բոլոր ուժը ուղղած էր Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս, Սուրիոյ հիւսիսային հատուածի անվտանգութիւնը ապահովելու։ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին Թուրքիա իր սահմանները բացաւ աշխարհի տարբեր երկիրներէն փութացող վարձկան ճիհատիստներու դիմաց։
Անոնց յարձակումը ուղղուած էր քրտաբնակ քաղաքներ, յատկապէս Ռոժավայի շրջանը եւ Քոպանէ քաղաքը։ Քիւրտ՝ հայդուկներ ի գին բազմահազար զոհերու եւ քաղաքներու աւերման, յաջողեցան ետ մղել ճիհատիստներու ցեղասպան բնոյթով յարձակումները։ Դարձեալ գաղտնիք չէ որ այդ վարձկանները կը զինուէին ու կը վարձատրուէին Էրտողանի իշխանութեան կողմէ։
Տնտեսագէտներ Թուրքիոյ հասարակութեան սնանկացումի եւ շարունակուող տնտեսական ճգնաժամի կարեւորագոյն պատճառը ըլլալով կը նկարագրեն այդ հսկայ ռազմական ծախսերը։ Թուրքիա ո՛չ միայն վարձկաններու ձեռքով, այլ սեփական բանակով ալ միջամուխ եղաւ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին։ Գլխաւորութեամբ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպական պետութիւններու կողմէ այդ միջամտութիւնը, Սուրիոյ անկախ պետականութեան տարածքներու գրաւումը դիտուեցաւ իբրեւ Թուրքիոյ իր սահմաններուն անվտանգութիւնը ապահովելու իրաւունք։
Այս ընդհանուր համայնապատկերին մէջ ՓՔՔ-ի զինաթափ ըլլալը եւս ունի միջազգային նշանակութիւն։ Ուրեմն այս համայնապատկերին մէջ թուրք կամ քիւրտ հասարակութիւնը կը դժուարանան ընկալել զինաթափի որոշումը։ Մէկ բան միայն յստակ է, քրտական զինեալ ապստամբութիւնը ոչ թէ պարտութիւնով, այլ իր պայքարը քաղաքական դաշտ փոխադրելով աւարտին հասաւ։
Այսօր քիւրտերը իրենց բնակած վայրի մէջ լուրջ ուժ մը կը ներկայացնեն եւ կարելի չէ այդ գոյութիւնը ուրանալ կամ մերժել։